Չորեքշաբթի 28 եւ Հինգշաբթի 29 Յունիս 2023-ին գումարուեցաւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի 41-րդ Շրջ. Պագտամաւորական ժողովը, որուն բացումը կատարեց Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեան։

Ժողովին ներկայ էին նաեւ ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան Միջին Արևելքի ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչ Անի Մուրատեան, «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիրը, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, շրջաններու եւ նստավայրի մասնաճիւղերու վարչութիւններու պատգամաւորներ եւ ունկնդիրներ։

Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Սիրան Ամպարճեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու ՍՕ Խաչի հին և նոր ննջեցեալներուն յիշատակը, յատկապէս յիշատակելով հանգուցեալ Միրնա Մինասեանը։
Ապա ան արտասանեց Շրջ. Վարչութեան խօսքը, որմէ ետք հերթաբար խօսք առին ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան և Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչները։

Հուսկ, խօսքը փոխանցուեցաւ սրբազան հօր, որ դրուատեց անցնող երկամեակին Շրջ. Վարչութեան ծաւալած բեղուն ու պատուաբեր գործունէութիւնը, յատկապէս երկրաշարժի ամենադժուար օրերուն եւ յաջողութիւն մաղթեց ժողովին։

Դիւանի ընտրութենէն ետք, ժողովը անցաւ օրակարգերու լուծման։ Ընթացքին քննարկուեցաւ Շրջ. վարչութեան երկամեայ գործունէութիւնը, ներկայացուեցան առաջարկներ առ ի գործադրութիւն նորընտիր Շրջ. Վարչութեան, ինչպէս նաև յղուած ՀՕՄ-ի 73-րդ Համահայկական Պատգամաւորական ժողովին։

Աւարտին ժողովը ընտրեց ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան կազմը, որ բաղկացաւ հետեւեալ ընկերուհիներէն.

Սիրան Ամպարճեան
Զեփիւռ Գէորգեան
Մարալ Տէր Մանուէլեան
Մարինա Գէւոյեան
Լենա Միսաքեան
Նարդիկ Նագգաշեան
Անժելա Մահսերէճեան
Մարալ Մելքոնեան (Դամասկոս)
Սօսի Աթիկեան (Քեսապ)
Թամար Շահինեան (Գամիշլի)
Մարինա Արզումանեան (Լաթաքիա)

Ժողովը ընտրեց նաև ՀՕՄ-ի 73-րդ Համահայկական Պատգամաւորական ժողովի շրջանի պատգամաւորները։