Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, Կիրակի, 3 Յուլիս 2023-ին «Պաաս» կուսակցութեան Հալէպի մասնաճիւղի քարտուղարին, Հալէպի նահանգապետի ներկայացուցիչին, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական-հիւպատոսին, խորհրդականին, ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան գնդապետին, քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքապետներուն, հալէպահայ երեք կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Հայ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Հայ Աւետարանական Համայնքի նորակառոյց համայնքապետարանին բացումը։

Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ եւ վարժարանին հետ ամբողջական համալիր մը կազմած նորակառոյց, շքեղ համայնքապետարանը օժտուած էր համայնքապետի գրասենեակով, դահլիճով, մշակութային եւ եկեղեցական ձեռնարկներու յատուկ «Թեհլիրեան» սրահով, ժողովասենեակով եւ վարչական աշխատանքներու յատուկ բաժիններով։
Կառուցուած էր հունգարական «Hungary Helps» բարեսիրական կազմակերպութեան նիւթական յատկացումով, իսկ ճարտարապետներն էին տեղացի մասնագէտներ՝ Ֆայսալ Տուպա եւ Ռաղատ Տանիէլ։

Համայնքապետարանի կառուցումը իրականացած էր համանքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի ծրագրաւորումով եւ անխոնջ հետապնդումով։ Համայնքապետարանի իւրաքանչիւր բաժին հայկական խորհրդանշական դրոշմ մը կը կրէր։

Բացման հայերէն եւ արաբերէն խօսքերէն ետք, ներկաները դիտեցին Հայ Աւետարանական Համայնքի յետպատերազմեան տարիներուն եւ աղէտաբեր երկրաշարժին յաջորդող ամիսներուն Հալէպի մէջ, Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած բարեսիրական, առողջապահական, դաստիարակչական եւ շինարարական իրագործումներուն եւ նորակառոյց համայնքապետարանի կառուցման փուլերը ցուցադրող հաղորդում մը։

Վեր.Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան ներկաներուն ուղղուած բարի գալուստի իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ այս ձեռնարկը հայ աւետարանական համայնքին կողմէ եկեղեցւոյ հոգեւոր, կրօնական, կրթական եւ մշակութային դերակատարութեան ծառայող իրագործում մըն է։ Ապա աւելցնելով ըսաւ, որ Սուրիան ոստում մը կ՚արձանագրէ վերակառուցման իր ճանապարհին վրայ, վերականգնելով ժողովուրդի ծառայութեան կոչուած կառոյցներն ու հաստատութիւնները։

«Հայ Աւետարանական համայնքը կը ձգտի վերակազմակերպել իր շարքերն ու նուիրուիլ վերականգնումի աշխատանքին՝ Հալէպի ընկերութեան բոլոր բաղադրիչներուն հետ ձեռք-ձեռքի տալով, սատարելով Հալէպի վերածաղկումին։ Այս տարածքը ունի հարիւր տարիներու վրայ երկարող պատմութիւն, որուն ընթացքին համայնքի զաւակները իրենց դժուարութիւնները վերածեցին ծրագիրի ու գործի եւ հալէպի ժողովուրդին հետ ապրեցան խաղաղ գոյակցութեամբ, բաժնեկցելով իրենց աղն ու ճակատագիրը։ Այս կեդրոնը միայն քարեղէն կառոյց մը չէ։ Ան ականատեսը եղած է հարիւր տարիներու տքնանքի պատմութեան։ Ան պտուղն է Սուրիոյ արգասաբեր հողին։ Վկայութիւնն է մեր տքնաջան աշխատանքին ու սուրիական ընկերութեան անբաժան մէկ մասնիկը ըլլալու, անոր ապաքինման մեր ներդրումը բերելու բարձր գիտակցութեան։ Ուստի մեր դռները բաց պիտի ըլլան դիմացը բոլոր անոնց, որոնց եղբայր ու զօրավիգ համարեցինք տարիներ շարունակ», ըսաւ Վերապատուելին:

Ապա վեր առնելով Սուրիոյ մէջ, նախագահ Պաշշար ալ-Ասատի գլխաւորութեամբ, քրիստոնեայ-իսլամ խաղաղ գոյակցութիւնն ու հայրենիքի գերագոյն շահերուն շուրջ համախմբումն ու դրական գործակցութիւնը, Վերապատուելին դատապարտեց յառաջադէմ երկիրներու տատամսոտ կեցուածքը եւ ձեռնածալ մնալը Եւրոպայի մէջ Ղուրանի հրկիզման ի տես, ինչպէս նաեւ այս քայլին արդարացումը օրէնքով։ Ան միեւնոյն ատեն նոյն երկիրներուն կողմէ քահանայի մը սպառնալու երեւոյթը եպերելի համարեց։

Իր խօսքէն ետք, Վերապատուելին ներկաները հրաւիրեց ծանօթանալու նորակառոյց, եռայարկ համայնքապետարանին։

Ընթացքին, Բեթէլ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գեղարուեստական հաճելի յայտագիր մը սկսաւ, երբ «Սապա» նուագախումբը, երաժշտագէտ Շատի Նաճճարի գեղ. ղեկավարութեամբ հրամցուց դասական եւ հայկական ու արաբական ժողովրդային երաժշտութենէ գոհարներ, իսկ «Գառնի» պարախումբը հայկական եւ արաբական ժողովրդային պարերով ջերմացուց երեկոն։

Այս առիթով Վերապատուելին խորհրդանշական յուշանուէրով պարգեւատրեց նոր կառոյցին ճարտարապետները։

Աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատումը, իսկ ներկաները հիւրասիրութիւնը վայելեցին ու շնորհաւորական մաղթանքներ փոխանակեցին։

Թղթակից