Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Միաւորի Վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ 2022-2023 տարեշրջանի շրջանաւարտներու վկայականաց բաշխման հանդէսը, որ ձօնուած էր Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակին, Կիրակի, 25 Յունիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս։

Սրբազան Հօր կողքին հանդէսին ներկայ գտնուեցան Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Առաքել Աբղ. Գատեհճեան, Ազգ. Վարչութեան անդամներ՝ Արմէն Գասպարեան եւ Գուրգէն Գալուստեան, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչ Յարութ Հայրապետեան, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Սիւլահեան, միաւորին մօտ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Մարինա Պօղիկեան, միութիւններու եւ հալէպահայ երաժշտանոցներու ներկայացուցիչներ եւ ելոյթին բաժին բերողներու ծնողներ։

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Միաւորի Վարչութեան անունով բացման խօսք արտասանեց ատենապետ մեթր Շողեր Մուշեղեան-Հայրապետեան։ Ան լուսարձակի տակ առաւ «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Դպրոցին առաքելութիւնը՝ հայ նոր սերունդներուն երաժշտական ճաշակը զարգացնելու եւ անոնց միջազգային դասական երաժշտութեան, մանաւանդ հայ մեծանուն երաժիշտներու ստեղծագործութիւններուն, հայերէն երգերուն եւ երաժշտութեան ծանօթացնելու առումով: Իր խօսքի աւարտին, ան վարչութեան անունով շնորհակալական խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, Ազգ. Միացեալ Վարժարանի Հոգաբարձութեան, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան Խնամակալութեան, երաժշտանոցի տնօրէնուհի Անժելա Սեմէրճեան-Յակոբեանի եւ ուսուցչական կազմին:

Օրուան հանդիսավարն էր Սարին Գրիգորեան։
Երկու մասէ բաղկացած յայտագիրին ընդմէջէն մենանուագներով հանդէս եկան շրջանաւարտներ՝ Մարիա Բրդոյեան (երգեհոն, շրջանաւարտ, ուսուցչուհի՝ Հելենա Տարաքճեան), Բալիկ Հայրապետեան (ջութակ, շրջանաւարտ, ուսուցչուհի՝ Լուսիա Պանտաք, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Եագուպ Պանտաքի), Անի Պօղիկեան (դաշնամուր յետ-աւարտական, մասնագիտական կարգ, ուսուցչուհի՝ Մարգարիտ Խաչատրեան-Պանտաք):

Մեներգներով հանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ձայնամարզութեան բաժինի նախորդ տարիներու շրջանաւարտներ՝ Սիւզի Պետրոսեան, Գարլա Ալ-Նահի եւ Բիւզանդ Պէպէճեան:
Վկայականաց բաշխման հանդէսին առաջին անգամ ըլլալով բեմ բարձրացաւ երաժշտական դպրոցի աշակերտական, նորաստեղծ, լարային նուագախումբը, որ կը բաղկանար խումբ մը ջութակի աշակերտներէ, ղեկավարութեամբ Լուսիա Պանտաքի:

Նուագախումբին մաս կը կազմէին եւ նուագողներուն դաշնամուրով կ՛ընկերակցէին հետեւեալները.

Ա. ջութակ՝ Սերենա Պէրպէրեան, Մարիա Պաղտոյեան, Նայիրի Չափրազեան:
Բ. ջութակ՝ Բալիկ Հայրապետեան, Արփի Արապանեան, Սագօ Պալապան եւ Սիրուն Աւետիքեան:

Դաշնամուրի ընկերակցութիւն՝ Անի Պօղիկեան, Փաթիլ Չաքարեան, Ալիք Պաղտոյեան, Երուանդ Գասպարեան եւ Մինաս Քէօշկէրեան:

Նուագախումբը փունջ մը միջազգային ու հայկական ժողովրդային երաժշտական ստեղծագործութիւններ ներկայացուց:

Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ վկայականաց բաշխումը կատարուեցաւ: Վկայականներ ստացան.
Մարիա Բրդոյեան (երգեհոն-աւարտական), Բալիկ Հայրապետեան (ջութակ, աւարտական), Անի Պօղիկեան (դաշնամուրի յետ-աւարտական):

Հուսկ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը իր սրտի խօսքը արտասանելով շնորհաւորեց վկայեալներն ու բոլոր հանդէս եկողները, բարձր գնահատեց անոնց կատարողական որակը եւ յատկապէս շնորհաւորեց լարային նուագախումբին կազմութիւնը, շնորհաւորելով գեղ. ղիկավարն ու բոլոր ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ երաժշտանոգի տնօրէնութիւնը, միաւորի վարչութիւնն ու ծնողները, դիտել տալով որ երաժշտութիւնը կը հարստացնէ մարդուն ներաշխարհն ու ազնիւ ու բանիմաց կը դարձնէ երաժիշտը:

Սարին Գրիգորեան