ՀՅԴ աշխարհասփիւռ կառոյցները կը շարունակեն աշխարհի տարբեր ծայրերուն բողոքի նախաձեռնութիւններ իրականացնել՝ աշխարհին հասցնելով արցախահայերու ձայնը։

ՀՅԴ Հոլանտայի «Գարեգին Նժդեհ» Երիտասարդական Միութիւնը Լահէյի մէջ ցոյց իրականացուցած է՝ որպէս աջակցութիւն Արցախի։

«Մեր ձայնի ցուցադրութիւն եւ բարձրացում, ոչ միայն Հայաստանի իշխանութիւններուն, այլեւ ամբողջ աշխարհին համար, որոնք պէտք է հասկնան, որ հայերը ունին ինքնորոշման իրաւունք եւ այս երկրագունդին վրայ ոչ մէկ արարած կրնայ խախտել ատիկա», ըսած է դաշնակցական կառոյցը: