Կեանք մը ամբողջ երկաթին հետ աշխատած, երկաթի տարբեր կիրարկումները սերտած ու անոնց նոր ոճ ու ձեւ տուած Կիրակոս Գույումճեան այս մասին հաւաքագրած ամբողջ գիտելիքները, չորս տարիներու երկար ու տքնաջան աշխատանքէ ետք, զետեղած է 350 էջերու հասնող հատորի մը մէջ:

Հատորը, որ կը կրէ «Իմ Երթը Երկաթին Հետ» խորագիրը, հրատարակուած է Քուէյթ։ Իսկապէս ալ Գույումճեանի երթը երկաթին հետ նշանակալից պատմութիւն ունեցած է։ Սկսած իր մանկութենէն, Հալէպի մէջ, ուր որպէս հայ վարպետ երկաթագործներու աշկերտ առաջին փորձառութիւնը ունեցած է երկաթի հետ աշխատելու, լաւապէս ուսումնասիրած անոր տարբեր կիրարկումները, իսկ հետագային զարգացնելով աշխատանքը՝ իր ասպարէզը դարձուցած է մետաղագործութիւնը Հալէպէն Քուէյթ հասնելով, «Մեթլ Սենթր Քամփնի» ընկերութիւնը հիմնելով ու մետաղարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ նկատելի յաջողութեան հասնելով։

Գույումճեան արհեստին կողքին հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է հրապարակագրութեան նկատմամբ ու ինչպէս ճարտարագիտական, այնպէս ալ ազգային հարցերու արծարծմամբ հանդէս եկած է արաբական եւ հայկական մամուլին մէջ։

Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Հայաստանի Գրողներու Միութեան, Երեւանի «Քոնկրէս» պանդոկի «Փիքասօ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գույումճեանի «Իմ Երթը Երկաթին Հետ» գիրքին շնորահանդէսը՝ Երկուշաբթի, 10 Յունիս 2023-ին:

Գիրքը արաբերէնով ներկայացուց գրող Տիգրան Գաբոյեան, որուն կողքին օրուան հանդիսավար Մարի Գազանճեան կատարեց հայերէն թարգմանութիւնը:

Ան 13 բաժիններէ բաղկացած գիրքին գրախօսականը ընելէ ետք շեշտեց ճարտարագիտական յեղափոխութեան մէջ երկաթի դերին կարեւորութիւնը, որ ցայտուն ձեւով կը ցոլայ գիրքի էջերուն վրայ:
Գաբոյեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Գիրքը իր ընդհանրութեան մէջ կարելի է համարել փոքր հանրագիտարան մը մեծ արժէք ներկայացնող նիւթի մը մասին, որ հարստացուց նաեւ արաբական գրադարանը»:
Հեղինակին գործունէութեան եւ հրապարակագրական վաստակին անդրադարձաւ հրապարակագիր Սագօ Արեան, որ լուսարձակի տակ առաւ արաբական թերթերուն մէջ Կիրակոսի հրապարակած յօդուածներու բարենպաստ ազդեցութիւնը արաբական աշխարհին մէջ՝ յատկապէս հայկական տեսակէտները արաբական աշխարհին ծանօթացնելու իմաստով:
Շնորհանդէսին տեսակապով միացան ու խօսք առին.
Պէյրութէն՝ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր, հրապարակագիր Շահան Գանտահարեան, որ դրուատելով Կիրակոսի երկաթին հանդէպ ունեցած հետաքրքրութիւնը եւ անոր ազդեցիկ ներկայութիւնը Ծոցի երկիրներու արաբական թերթերուն մէջ, իւրայատուկ ներկայութիւն նկատեց զայն:
Պոլիսէն՝ «ժամանակ» թերթի խմբագիր, հրապարակագիր Արա Քոչունեան, որ եւս շեշտեց սփիւռքեան միջավայրին մէջ մատչելի լեզուով գրելու Կիրակոսի ունակութիւնը , դիտել տալով որ անոր յօդուածներուն մէջ կ’արծարծուին նաեւ ազգային հարցեր։

Կրկին Պէյրութէն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայագիտական կեդրոնի տեսուչ եւ Yerepouni-news.com առցանց լրատուական կայքէջի սեփականատէր, հրապարակագիր Ահարոն Շ խըրտմեան, որ անդրադարձաւ գիրքի 13 գլուխներուն մէջ մանրամասնօրէն ներկայացուած երկաթի գիտական արժէքին ու անոր ուսումնասիրութեան համար Կիրակոսի տրամադրած երկար ժամանակին:

Հեռակայ դրութեամբ վերջին պատգամաբերն էր հալէպահայ ճարտարագէտ Կարպիս Մինասեան, որ նաեւ պատրաստած էր այդ օր բաշխուած գրքոյկը։Ան հանգամանալից կերպով գիրքը ուսումնասիրելէ ետք, կ’եզրակացնէր.«Խորքին մէջ պատմական, գիտական նաեւ գեղարուեստական պատառիկներով համեմուած, միջին հաստուտթեամբ, պատկերազարդ, մատչելի արաբերէնով գրուած, բոլորին հասանելի գիրք մըն է, որ հիւսելով երկաթին գովքը կը ներկայացնէ գիտական իրականութիւններ, բարոյախօսական միտքեր, պատմական ընդհանուր զարգացումներ եւ վերջապէս բոլորը հետաքրքրող անձնական պիտանի փորձառութիւններ»:

Գիրքի ներածականին մասին խօսեցաւ բանաստեղծ, հրապարակագիր Յակոբ Նալպանտը:
Ան որպէս դեղագործ շեշտեց երկաթ նիւթին կարեւորութիւնը եւ անոր ներգործուն դերը արեան մէջ: Ապա անդրադարձաւ խիզախութեամբ յատկանշուող Աշոտ Երկաթ թագաւորին, որուն, որպէս ուժեղ անձնաւորութիւն, յարմարագոյն տիտղոսն էր՝ Երկաթը:

Ան յիշեցուց նաեւ անիւի գիւտին կարեւորութիւնը, որ ճարտարագիտական աշխարհին մէջ յեղաշրջում ստեղծեց, ապա նոյնքան կարեւորեց երկաթի ներդրումը մարդկային մշակոյթի զարգացման մէջ:

Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ Եդուարտ Միլիտոնեան խօսեցաւ Կիրակոսի յատկութիւններուն մասին՝ անդրադառնալով երկաթի հետ գործ ունեցող տոկուն, բայց բարերարի բուխ սիրտով մարդու նկարագրին, կարեւորութեամբ շեշտելով գիրքի հրատարակութեան անհրաժեշտութիւնը գիտական եւ գրական շրջանակներու համար:

Ան անհրաժեշտ համարեց գիրքին հայերէնի թարգմանութիւնը։
Խօսք առաւ նաեւ Սփիւռքի գործերու յանձնակատարի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Ալեքսանեան, որ որպէս պատմաբան անդրադարձաւ պատմութեան տարբեր շրջաններուն մէջ երկաթի գործածութեան եղանակներուն ու կարեւորութեան։ Ան հասաւ մինչեւ Խրիմեան Հայրիկին ճառը, ուր կը շեշտուէր երկաթէ շերեփին թելադրողականութիւնը։

Վերջապէս խօսք տրուեցաւ հեղինակին, որ երկաթին հետ իր մանկութենէն սկսած բարեկամութիւնը պարզեց, յատկապէս յիշելով քամին նուիրուած իր մէկ երկարաշունչ գրութիւնը, նշելով որ քամը իրեն համար նոր դարաշրջան մը բացած է ճարտարագիտութեան ոլորտէն ներս:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ եղած են իր այս աշխատանքին ընթացքին:
Գիրքի գինեձօնը կատարեց Գաբրիէլ Սրբ. Սարգիսեան, որ «Պահպանիչ»-ով փակեց հանդիսութիւնը:
Ապա ներկանաերը ստացան հեղինակին կողմէ մակագրուած գիրքերը:

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան` Արամ Խաչատուրեան մեկնաբանելով արաբերէն եւ հայերէն երկու երգ, ինչպէս նաեւ թաւջութակահար Անդրանիկ Աղաջանեան՝ հնչեցնելով արաբերէն եւ հայերէն երաժշտական կտորներ:

Յիշենք, որ Կիրակոս Գույումճեան Հեղինակ է նաեւ երկու արաբերէն այլ գիրքերու՝ «Կայաններ Եւ Դիրքորոշումներ» (2012 ) եւ « 100 Տարի Ցեղասպանութենէն Վերականգնում» (2015), որոնք թարգմանուած են հայերէնի: Վերջինս լոյս տեսած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով:

«Գանձասար»