Շաբաթ, 1 Յուլիս 2023-ի առաւօտուն, Աւստրալիայէն ժամանած քրիստոնեայ հոգեւոր պետեր, գլխաւորութեամբ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի այցելութիւն տուին Ազգային Պատսպարան, ներկայութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Ազգ. Կրօնական Ժողովի ատենապետ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ երկրչփ. Մարալ Գալայճեան-Սեմէրճեանի եւ Արմէն Գասպարեանի։

Այցելուները ջերմապէս դիմաւորուեցան ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան անդամներու, Ազգ. Պատսպարանի յանձնախումբին եւ սաներուն կողմէ, աղ ու հացի աւանդական օրհնութեամբ։

ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Սիրան Աւընեան-Ամպարճեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց ՍՕ Խաչին տարած առաքելութիւնը Սուրիոյ տարածքին։
Ազգ. Պատսպարանի յանձնախումբի ատենապետ Սիլվա Բախանեան-Նազարեան հակիրճ կերպով բացատրութիւն տուաւ Ազգ. Պատսպարանի գործունէութեան եւ անոր յարկէն ներս տիրող ընտանեկան ջերմ հոգատարութեան մասին։ Ան յայտնեց, թէ աւելի քան հարիւր տարի կեանք ունեցող Ազգ. Պատսպարանը կը շարունակէ գոյատեւել շնորհիւ բարերարներու նուիրատուութիւններուն։ Ան անդրադարձաւ նաեւ պատերազմի տարիներուն Ազգ. Պատսպարանէն ներս նահատակներու զաւակներու ընդունման եւ անոնց նկատմամբ տարուած խնամատարական եւ կրթական հոգատարութեան։
Այնուհետեւ, Ազգ. Պատսպարանի սաներէն մէկը արաբերէն լեզուով խօսք արտասանեց շեշտելով, որ սաները միշտ վայելած են Սրբազան Հօր եւ Ազգ. Վարչութեան ուշադրութիւնը եւ խնամքը։
Փոքրիկ սաները հայրենասիրական փունջ մը երգեր երգելով իրենց ուրախութիւնը արտայայտեցին հեռաւոր ցամաքամասէն ժամանած այցելուներուն, որոնք մօտէն ծանօթացան Ազգ. Պատսպարանի գործունէութեան եւ առաքելութեան։

Այնուհետեւ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեան նուէրներ բաշխեց պատսպարեալներուն։

Հուսկ, Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդը բարեմաղթութիւններ ուղղելով այցելուներուն, ՍՕ Խաչին կողմէ պատրաստուած ձեռագործ խաչ նուիրեց անոնց։

Այս առիթով հլգեւոէ պետերը իրենց տպաւորութիւնները արձանագրեցին Ազգ. Պատսպարանի յուշամատեանին մէջ։