ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպըրկի համաձայն, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան 10 Յուլիսին համաձայն գտնուած է Շուէտի՝ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան դիմումը ներկայացնելու թրքական խորհրդարանին:
Ընդհանուր քարտուղարի եւ Թուրքիոյ նախագահի հանդիպման աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ արձանագրուած է, որ Թուրքիա եւ Շուէտ սերտ կերպով պիտի աշխատին «ահաբեկչութեան դէմ պայքարը համակարգելու» եւ երկկողմանի առեւտրական կապերը ամրապնդելու, իսկ «Շուէտ պիտի աջակցի Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթը աշխուժացնելու ջանքերուն, ներառեալ Եւրոպական Միութեան ու Թուրքիոյ միջեւ մաքսային միութիւնը արդիականացնելը եւ մուտքի արտօնագիրներու դրութեան չեղեալ նկատուիլը:
Երեքշաբթի օր Լիթվանիոյ մայրաքաղաք Վիլնիուսի մէջ պաշտօնապէս ընթացք առաւ ՆԱԹՕ-ի վեհաժողովը: Վեհաժողովի ընթացքին մասնակից երկիրները կը նախատեսէին որդեգրել շարք մը որոշումներ, որոնց կարգին Շուէտի ՆԱԹՕ մուտքին, իսկ Ուքրանիոյ՝ դաշինք հաւանական մուտքին շուրջ:
Թուրքիոյ դէպի արեւմուտք ուղղուիլն ու ՆԱԹՕ-ի մէջ իր դերը վերականգնելու փորձը բնականաբար զայրացուցած է Ռուսիան: Վերջինս քաջ գիտէ, որ Թուրքիան դէպի արեւմուտք թեքելով նաեւ պիտի ծառայէ արեւմուտքի նպատակներու իրականացման ու  նպաստէ Ռուսիոյ հետ առճակատող ուժերուն:
Թուրքիա դէպի արեւմուտք թեքելով պարզապէս Եւրոմիութիւն իր մուտքը փութացնել չի ձգտիր: Ան կը ջանայ նաեւ քրտական գործօնին դէմ իր զինեալ յարձակումները օրինականացնել «ահաբեկչութեան դէմ պայքար»-ի անուան տակ: Ան եթէ մէկ կողմէ Շուէտ բնակող քիւրտերուն դէմ կը նախատեսէ օգտագործել իր սերտացումը Շուէտի հետ ու անոր հետ համակարգել  «ահաբեկչութեան դէմ պայքարը», միւս կողմէ կը ջանայ օրինականացնել թէ՛ Սուրիոյ սահմանին քիւրտերուն դէմ իր հարուածները, թէ՛ կաշկանդել իր երկրի տարածքին քրտական գործօնին խաղաքարտերը:
Միւս կողմէ, սակայն, իրատեսական չեն այն պնդումները, որ Թուրքիան կրնայ փոխել իր քաղաքականութիւնը Ռուսիոյ նկատմամբ: Փաստօրէն, առնուազն սուրիական տագնապին մէջ, Թուրքիա-Ռուսիա գործակցութիւնը, Ասթանայի բանակցութիւններու թէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ձեւաչափերով, ակներեւ է:
Թուրքիան պարզապէս պիտի ջանայ օգտուիլ թէ՛ Արեւմուտքէն,  թէ՛ Ռուսիայէն՝ իր ազգային շահերու իրականացման ծառայեցնելով զանոնք:
Հաւանական է նաեւ որ Երեքշաբթի օր, Վիլնիուսի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի միջեւ դռնփակ հանդիպումին արծարծուած ըլլայ Արցախի հարցը ու Թուրքիոյ նախագահը փորձ կատարած ըլլայ զսպելու Արցախի իրաւունքներուն մասին բարձրաձայն արտայայտուող Մաքրոնը:
Արցախեան տագնապին մէջ Ռուսիոյ կրաւորական դերը կրնայ վնասել նոյնինքն Ռուսիոյ շահերուն՝ տարածաշրջանին մէջ աւելի ամրացնելով թուրքատրպէյճանական դաշինքին ներկայութիւնը:
Հայկական կողմը իր ազգային շահերէն ելլելով պարտի ընդգծել տարածաշրջանին մէջ շահերու բախումները՝ Արցախի թէ Հայաստանի սահմաններուն յառաջիկայ լարուածութիւններու կարելիութիւնները չէզոքացնելու եւ մանաւանդ իր պաշտպանական համակարգը զօրացնելու: