Վերջին տարիներուն հասարակական ցանցերու յառաջացումը նկատի ունենալով, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը անհրաժեշտ համարեց քայլ պահել առցանց աշխարհին հետ ու նորութիւններ մուծել իր յանձնախումբերու արտադրական աշխատանքը ծանուցելու համար: Այս նպատակով յառաջացաւ քարոզչական յանձնախումբ մը, ծանուցումներ տեղադրելու եւ ՍՕԽ-ի բազմատեսակ արտադրութիւններու վաճառքին նպաստելու համար:
Յատկապէս նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը յաճախ կը մասնակցի արաբական եւ այլ բարեսիրական միութիւններու կազմակերպած ձեռնարկներուն կամ ցուցահանդէսներուն, հետեւաբար ալ կարիք ունի շուկայավարման յատուկ քաղաքականութեան՝ արտադրական իր բաժինին աշխուժացման եւ արտադրութիւններու սպառման համար, որպէսզի բարեսիրական աշխատանքներու հասոյթը ապահովուի նաեւ խաչուհիներու անձնական ներդրումով:
Շրջանային Վարչութիւնը յառաջացուց Շուկայավարման Յանձնախումբ մը՝ այս աշխատանքը յառաջ տանելու համար։
Յանձնախումբը նախ ստեղծեց «Նարօտ» վաճառանիշը։
Յանձնախումբի անդամ Անի Մինասեանի համաձայն. «Շուկայավարման համաշխարհային կանոնը կը թելադրէ նախ ունենալ վաճառանիշ մը։ Յանձնախումբը առաջարկեց «ՆԱՐՕՏ» անունը, որ կը նշանակէ ուրախութեան պսակ: Ն տառին վրայ գծուած են ձիթենիի ճիւղեր եւ տերեւներ: Տերեւները կը խորհրդանշեն միութեան  «Ձեռարուեստ»-ի (հայկական ասեղնագործութիւն), «Աշխատանոց»-ի (հանդերձի ու ծածկոցներու կարուած արտադրութիւն), «Փեթակ»-ի (հայկական ճաշերու արտադրութիւն) եւ «Շիրակ»-ի (պաշարներու տեսականիի արտադրութիւն) յանձնախումբերը: Իսկ Օ տառը կը խորհրդանշէ հայկական նուռը»:
Մինասեան աւելցնելով ըսաւ. «Մեր բոլոր արտադրութիւններուն վրայ սկսանք տեղադրել «Նարօտ» վաճառանիշը, որպէսզի անոնք զանազանուին շուկայի մէջ գտնուող այլ արտադրութիւններէ»:
Յանձնախումբը միութեան «Նարօտ» վաճառանիշը կրող արտադրութիւններուն ծանուցումը հետաքրքրաշարժ ոճով կը ներկայացնէ, որպէսզի ոչ միայն Սուրիոյ մէջ գտնուող շրջաններէ, այլ՝ համաշխարհային տարողութեամբ անոնց առցանց վաճառման նպաստէ: «Սկիզբը Սուրիոյ զանազան քաղաքներէ ու շրջաններէ ապսպրանք կը ստանայինք, հետագային Սուրիայէն դուրս ալ, ինչպէս օրինակ՝ Լիբանանէն, մեծաքանակ արտադրութիւններու ապսպրանք ստացանք», պարզեց Անի Մինասեան:
Տեղին է յիշել որ «Նարօտ» վաճառանիշի արտադրութիւններու յաճախորդներու ցանկին մէջ կը գտնուին տարբեր ազգի ներկայացուցիչներ, որոնք ՍՕԽ-ի արտադրութիւններուն ծանօթացած են դիմատետրի էջին միջոցով: Յանձնախումբերը որդեգրած են նաեւ յատուկ օրերու զեղչի քաղաքականութիւնը՝ խրախուսելու վաճառքը:
Անի Մինասեան «Նարօտ» վաճառանիշը կրող ՍՕԽ-ի արտադրութիւններուն յատուկ դիմատետրի էջին կարեւորութիւնը ներկայացնելով ըսաւ. «Անցեալին, շատեր գաղափար չունէին թէ ինչպիսի՛ արտադրանք ունին ՍՕԽ-ի յանձնախումբերը, հետեւաբար ալ սպառումը սահմանափակ կ’ըլլար: Այս էջին հաստատումէն ետք, արտադրանքն ալ աճ արձանագրեց, որովհետեւ յաճախորդներու ու հետեւորդներու թիւերը բազմապատկուեցան»:
Անի Մինասեան շեշտեց, որ ծանուցումները կը կատարեն երեք լեզուներով՝ հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն, որպէսզի հասանելի ըլլան աւելի մեծ շրջանակի: Կ’օգտագործեն պարզ բառեր, կարճ ու գրաւիչ նախադասութիւններ, արտադրութիւններու ներկայացման գրաւիչ ոճեր:
Անի Մինասեան եզրափակելով ըսաւ.«Մեր աշխատանքը փորձի շրջանի մէջ է: Գոյատեւելու համար կարիք ունինք հաւաքական աշխատանքի, պէտք է քայլ պահենք նորութիւններու հետ՝ պահելով մեր ոճի պարզութիւնն ու բարեսիրական նպատակի ծառայելու շեշտադրումը: Այս ձեւով կրնանք յաջողութիւն գտնել եւ մեր յանձնախումբերու տարբեր արտադրութիւնները շուկային ներկայացնել»:
Քաջալերական է տեսնել միութենական կեանքի մէջ մասնագիտական աշխատանքի ուղղուիլը, հասնելու համար ակնկալուած արդիւնքին ու քայլ պահելու ժամանակակից աշխարհի պահանջներուն հետ: Հնամաշ գործելաոճերը նպատակի չեն ծառայեր այլեւս: Մեր աշխատանքի բոլոր ոլորտները կը կարօտին նորարարութեան:
Յաջողութիւն ՍՕԽ-ի Քարոզչական Յանձնախումբին:
Վանա Պարմաքսըզեան
Անժելա Չաղլասեան