Նախորդ Չորեքշաբթի, ԱՄՆ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ ընթացք առաւ հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան բանակցութիւններու երկրորդ փուլը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումով, ԱՄՆ իրենց գործընկեր Թոնի Պլինքընի հովանաւորութեամբ: Բանակցութիւններ, որոնք կը շարունակուին՝ Պաքուին եւ իր դաշնակիցներուն կողմէ պատերազմի վերսկսման հաւանականութեան  հայկական կողմին մտավախութեան լոյսին տակ։
Նոյն ժամերուն, անկախութիւն հռչակած Լեռնային Ղարաբաղի (հայկական Արցախի) մայրաքաղաք Ստեփանակերտի իշխանութիւնները, յայտարարեցին ատրպէյճանական կրակոցներուն հետեւանքով պաշտպանութեան բանակէն 4 զինուորի սպանութեան մասին՝ որպէս Ատրպէյճանի կողմէ լարուածութեան սրման արտայայտութիւն: Լարուածութիւն, որ չէ դադրած ԼՂՀ-ի վերջին պատերազմին կրած պարտութենէն ու Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբուն՝ Բերձորի վերահսկողութիւնը կորսնցնելէն ի վեր։
Բանակցութիւններ՝ Սահմանափակ Ակնկալութիւններով
Ատրպէյճանի կողմէ լարուածութեան սաստկացումը կը զուգադիպի ամերիկեան մայրաքաղաքին մէջ երկու երկիրներու խաղաղութեան բանակցութիւններու մեկնարկին: Պարզապէս անկէ մէկ օր վերջ տեղի կ’ունենայ։ Հայկական կողմը ներգրաւուած է բարդ բանակցութիւններու մէջ՝ ենթակայ դառնալով  մէկ կողմէ ժողովրդային ճնշումի, որ կը մերժէ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու եւ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանին մաս ճանչնալու Երեւանի փորձերը, միւս կողմէ Արցախի իշխանութիւններու առարկութեան, այլ կողմէ ալ տարածաշրջանի լարուածութիւնն ու Ուքրանիոյ պատերազմը շահագործող Պաքուի պատերազմ սկսելու սպառնալիքներուն։
Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի ընդհանուր քաղաքականութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու «Իսամ Ֆարէս» ուսումնարանի օգնական, կովկասեան քաղաքականութեան փորձագէտ Եղիա Թաշճեան «Ան-Նահար ալ-Արապի»-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ուաշինկթընեան հանդիպումները արդար ու հաւասար չեն կրնար համարուիլ, քանի որ հայկական կողմը այս բանակցութիւններուն կը դիմէ Ատրպէյճանի ուժի կիրարկման ճնշումին տակ, ինչ որ կը հակասէ խաղաղ բանակցութիւններու հիմնական սկզբունքին, որ հիմնուած է փոխզիջումներու երկկողմանի պատրաստակամութեան վրայ»։
Թաշճեան բացառեց «Ուաշինկթընեան բանակցութիւններէն որեւէ շօշափելի արդիւնքի ձեռքբերումը, նկատի ունենալով որ լուրջ համաձայնութեան հասնելու համար անհրաժեշտ էր ոչ թէ արտաքին գործոց նախարարներու, այլ Հայաստանի վարչապետին եւ Ատրպէյճանի նախագահին ներկայութիւնը»:
Ռուսիան Հարաւային Կովկասէն Դուրս Մղելու Արեւմուտքի Փորձերը
Տարիներ շարունակ տարածաշրջանին մէջ ռուսական գերիշխող ներկայութենէն ետք, արեւմտեան դիւանագիտութիւնը վերջապէս աշխուժացաւ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան հարցով՝ օգտուելով Մոսկուայի ուքրանական պատերազմով տարուած ըլլալու հանգամանքէն, ինչպէս նաեւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն ետք, 9 Նոյեմբերի եռակողմ համաձայնութեամբ ընթացք առած խաղաղութեան գործընթացքին մէջ Ռուսիոյ միջնորդական դերակատարութեան նկատմամբ Երեւանի վստահութեան անկումէն։ Համաձայնութիւն, ուր Երեւան ինքզինք ամէնէն տկար օղակը կը համարէ։
Արեւմտեան մայրաքաղաքներ բազմաթիւ հանդիպումներ կազմակերպեցին երկու կողմերուն միջեւ՝ առանց կողմերէն որեւէ մէկուն հետ համաձայնութեան հասնելու կամ նպաստելու Պաքուի կողմէ պատերազմի վերսկսման հայկական կողմի մտավախութիւններուն փարատումին։
Թաշճեանի կարծիքով. «Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպա կը փորձեն համոզել Երեւանը ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղը որպէս Ատրպէյճանի մաս՝ փոխարէնը համոզելու Պաքուն Արցախի հայ մեծամասնութեան տրամադրելու մշակութային եւ  քաղաքական որոշ իրաւունքներ։ Առաջարկ մը, որ թէեւ ընդունուած է Երեւանի կողմէ, բայց կտրականապէս կը մերժուի սփիւռքահայերուն, հայաստանեան ընդդիմութեան ու Արցախի իշխանութիւններուն կողմէ, որոնք այս լուծման մէջ չեն տեսներ Արցախի ժողովուրդին ապահովութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան որեւէ երաշխիք»։
Թաշճեան կ’աւելցնէ. «Յատկանշական է, որ Ատրպէյճան նոյնպէս դէմ է այս առաջարկին եւ կը մերժէ միջազգային երաշխիքները, քանի որ լաւ գիտէ, որ նման երաշխիքներ տրամադրելու համար պիտի պահանջուի միջազգային դէտերու համապատասխան մեքանիզմ, ինչպէս եղաւ Քոսովոյի պարագային, ինչ որ Ատրպէյճանի կողմէ մերժուած բեմագրութիւն է»։
Թաշճեանի խօսքով. «Հայաստան կը փորձէ միջազգայնացնել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը, որպէսզի Արցախը Ատրպէյճանին մաս ճանչնալու համաձայնագիր ստորագրելու պարագային, հայկական մեծամասնութեան իրաւունքներու ապահովման համար միջազգային երաշխիքներ ստանայ։ Ռուսիան, սակայն, դէմ է այս համաձայնագիրին, որովհետեւ սա պիտի նշանակէ այս կամ այն ձեւով զինք դուրս մղել տարածաշրջանէն: Արեւմուտքը, հետեւաբար, պիտի ջանայ, հայերուն իսկ հաշուոյն, հասնիլ այս համաձայնութեան ստորագրման՝ Ռուսիան դուրս մղելու Հարաւային Կովկասէն»։
Նոր Պատերազմի Ծաւալման Մտավախութիւններ
Պաքուն Ուաշինկթընի բանակցութիւնները խանգարեց յարձակումով, զոր արդարացնելու համար ապատեղեկատուութիւն տարածեց, ըսելով որ սահմանի երկայնքին հայկական կողմը ներթափանցման փորձեր կատարած է, սակայն Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան աղբիւրը հերքեց ատրպէյճանական լուրերը՝ զանոնք համարելով «Պաքուի կողմէ զինադադարի խախտումները ծածկելու պատրուակներ»։
Աղբիւր մը, որ խնդրեց չյայտարարել իր անունը,  «Ան-Նահար»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ «Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, յատկապէս 11-19 Յունիսին, շուրջ 25 ապատեղեկատուութիւն հրապարակած են հայկական զինուած ուժերու զինադադարի խախտման մասին, այն ժամանակ, երբ ատրպէյճանական ուժեր սահմանային տարբեր շրջաններու մէջ թիրախ կը դարձնէին հայկական կէտերը։
19 Յունիսին, ատրպէյճանական լրատուամիջոցները յայտարարեցին հրթիռային եւ հրետանային ստորաբաժանումներու զօրավարժութիւններու մեկնարկը, ինչ որ հայկական կողմը համարեց փորձ՝ թաքցնելու Պաքուի նախապատրաստութիւնը՝ շարունակելու իր յարձակումները երկրի հարաւային եւ արեւելեան սահմանամերձ շրջաններուն ուղղութեամբ։
Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կոչ ուղղեց «Գործընկերներուն զսպելու վերոնշեալ յարձակումները, որոնք ուղղուած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի ապակայունացման»։
Թաշճեան բացառեց մեծ պատերազմի մը բռնկումը, յայտնելով, որ «Չորս զինուորներու սպանութիւնը կարելի է դիտել որպէս Հայաստանի եւ Արցախի վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցնելու եւ Երեւանը յաւելեալ զիջումներու մղելու միջոց պարզապէս»։
Թաշճեան ըսաւ. «Նման սահմանափակ բախումներ կրնան կրկնուիլ, սակայն առանց համընդհանուր պատերազմի դուռ բանալու, բացի եթէ ռուսական ճակատի վրայ ուքրանական հարցին գծով այլ զարգացումներ տեղի ունենան, ինչպէս պատահեցաւ Վակնըրի պարագային»: Ապա աւելցուց. «Քանի դեռ Ռուսիոյ համար իրավիճակը նոյնը կը մնայ, կը բացառեմ նոր պատերազմի մը բռնկումը մինչեւ 2025»:
2025-ին կ’աւարտի ժամկէտը Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կնքուած եռակողմ համաձայնագիրին, որով կը դադրէին 2020-ի Սեպտեմբերի վերջաւորութեան բռնկած մարտերը՝ աւելի քան եօթ հազար հայ զինուորներու եւ խաղաղ բնակիչներու սպանուելէն ետք։
Ռուսիա միջնորդ հանդիսացաւ  9 Նոյեմբեր 2020-ի համաձայնագիրին եւ ամրապնդեց զայն՝ հաստատելով 2000 ռուս խաղաղապահ ուժեր, որոնց առաքելութիւնն էր պահպանել զինադադարը 5 տարուան ժամկէտով, զայն վերանորոգելու կարելիութեամբ: Ռուսիա դիտորդներ հաստատեց նաեւ Բերձորի (Լաչինի) միջանցքին վրայ, որ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ միակ տարանցիկ ճամբան կը համարուի։
Դեկտեմբեր 2022-էն սկսեալ, սակայն, Պաքուն հաստատեց իր վերահսկողութիւնը Լաչինի միջանցքին վրայ: Ռուս խաղաղապահները, որոնք տեղակայուած էին այնտեղ՝ ապահովելու Լեռնային Ղարաբաղի միակ զարկերակը հանդիսացող միջանցքէն հայկական մատակարարումները, չէին փափաքեր կամ չէին յաջողեր ապահովել Բերձորի միջանցքին վերաբացումը։ Պաքու սաստկացուց Արցախ ապրող հայերուն վրայ ճնշումը՝ որպէսզի անոնք վար առնեն իրենց պաշտպանական զէնքերը եւ ընդունին Ատրպէյճանի լուծը։ Այստեղ Մոսկուան բաւարարուեցաւ համեստ յայտարարութեամբ՝ պարզապէս դատապարտելով ատրպէյճանական քայլը։ Այս պատճառով ալ Ատրպէյճանի հետ իր հարցերուն մէջ միջնորդի եւ երաշխաւորի Ռուսիոյ դերակատարութեան նկատմամբ Երեւանի վստահութիւնը նուազեցաւ։
Թաշճեանի կարծիքով. «Եռակողմ համաձայնագրի ժամկէտին աւարտէն ետք՝ 2025-ին, Ռուսիա պիտի շարունակէ տարածաշրջանին մէջ մնալու իր ճիգերը, սակայն այս անգամ իր եւ Պաքուի միջեւ երկկողմ համաձայնագրի մը ստորագրութեան միջոցով, որով Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պիտի մնայ ներքին թղթապանակ երկուքին միջեւ, իսկ Հայաստան վերջնականապէս դուրս պիտի գայ հարցի կարգաւորման մէջ կողմ ըլլալու իր դիրքէն»։
Լեռնային Ղարաբաղի Հարցի Միջազգայնացումը
Նախորդ զարգացումները կը վկայեն, որ Հարաւային Կովկասի իրավիճակը փխրուն է՝ հակառակ եռակողմ համաձայնագիրին եւ Ռուսիոյ ջանքերուն՝ պահպանելու շրջանի ներկայ ստատուս-քուոն եւ կանխելու որեւէ գործօնի բռնկումը, որ կրնայ շեղել զինք արեւմտեան ճակատի իր  պատերազմէն։
Թաշճեան նկատել տուաւ որ. «Մոսկուայի ուքրանական պատերազմով զբաղած ըլլալուն բերումով ատրպէյճանական սաստկացող սադրանքները զսպելու համար՝ Երեւան կը ձգտի միջազգային մեքանիզմ հաստատել շրջանին մէջ: Երեւան մտադիր չէ Անգարայի դէմ եւս ճակատ բանալու՝  նկատի ունենալով Պաքու – Անգարա զինուորական համաձայնութիւնը»:
Ապա աւեցուց. «Մոսկուա կը յաւակնի ապագային, Իրանի հետ համաձայնաբար, սահմանափակել Թուրքիոյ ազդեցութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ, սակայն ներկայիս պատրաստ չէ դիմակայելու Թուրքիան, մանաւանդ որ Ռուսիա կարիք ունի Ատրպէյճանին՝ շրջանցելու իրեն դէմ սահմանուած միջազգային պատժամիջոցները, յատկապէս՝ Ատրպէյճանի տարածքով իր եւ Իրանի երկաթուղային կապը գործարկելով»:
Թաշճեան այնուհետեւ դիտել տուաւ, որ «Ռուսիա պատրաստ է վերականգնելու նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէճանի ճանապարհները, նախքան խաղաղութեան համաձայնագրի կնքումը, որովհետեւ կը յուսայ, որ երկու երկիրներու միջեւ առեւտրական յարաբերութիւններու աշխուժացումը կը նուազեցնէ անոնց միջեւ զինեալ բախումներու հաւանականութիւնները: Այսպիսով Ռուսիա կարելիութիւն կ’ունենայ վերահսկելու ոչ միայն Կովկասի հիւսիս-հարաւ ճամբան, այլեւ արեւելքն ու արեւմուտքը կապող ճամբաները»։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի հետ դրական յարաբերութիւններ պահպանել կը ջանան ոչ միայն Ռուսիան, այլեւ արեւմտեան երկիրները, որոնք չեն ուզեր զայրացնել Պաքուն, որպէսզի չխափանուի քարիւղի եւ կազի իրենց պահանջին արտահանումը Ատրպէյճանէն: Վերջինս օրական շուրջ 800.000 տակառ քարիւղ կ’արտահանէ Կեդրոնական Ասիա եւ Եւրոպա:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի ընտրանքներուն, Թաշճեանի կարծիքով. «Տարբերակներէն մէկը հարաւի մէջ, Իրանի հետ զինուորական յարաբերութիւններու զարգացումն է, սակայն ատիկա Արեւմտեան երկիրներուն համար կարմիր գիծ կը համարուի եւ դժուար թէ ներկայ իշխանութիւնը նման քայլի դիմէ: Երեւան, այսօր պարզապէս կրնայ ժամանակ շահիլ բանակցութիւններով, քանի որ բանակցութիւններէն դուրս գալ կը նշանակէ Ատրպէյճանին կանաչ լոյս տալ նոր պատերազմ սանձազերծելու համար»:
Թաշճեան ըսաւ. «Հայաստան, որ ներկայիս ամէնէն թոյլ կողմն է,դժուար թէ յաջողի որեւէ  զիջում ստանալ Պաքուէն: Հետեւաբար Երեւան պէտք է զօրացնէ իր բանակը՝ թոյլ չտալու դրացի երկրին օգտագործել ուժերու յարաբերակցութեան անհամապատասխանութիւնը՝ յաւելեալ ճնշում բանեցնելու Երեւանի վրայ կամ պատերազմ սանձազերծելու: Նման ուժեղացում կրնայ իրականանալ, զորօրինակ, բալիստիկ հրթիռներ ձեռք բերելով»։
Ապա եզրափակեց. «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ապահովութեան եւ խաղաղութեան ի խնդիր Երեւանի միակ ընտրութիւնը՝ ռուսական եւ միջազգային երաշխիքներու ապահովումն է, նախքան Ատրպէյճանի հետ վերջնական որեւէ համաձայնութեան ուղղուիլը»։
«Ան-Նահար ալ-Արապի»
Սարգիս Գասարճեան
Արաբերէնէ թարգմանեց
Զարմիկ Պօղիկեան
30 Յունիս 2023