Սումկայիթի ծանր յանցագործութիւններու դատարանը 26 Մայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքէն առեւանգուած հայ զինուորներ Յարութիւն Յովակիմեանն ու Կարէն Ղազարեանը դատապարտած է 11,5 տարուան բանտարկութեան: Այս մասին կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Յիշեցնենք, որ դատախազը անոնց համար պահանջած է 12 տարուան բանտարկութիւն:

Վերջնական մեղադրանքին համաձայն, ամբաստանեալները 26 Մայիսի ժամը 19:00-ի մօտ «Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու ներթափանցման խումբի կազմին մէջ խումբ մը անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ` ապօրինի ձեռք բերուած հրազէնով եւ ռազմամթերքներով` ուժ գործադրելով պետական սահմանապահ ծառայութեան Զանգելանի սահմանապահ ջոկատի զինուորներու նկատմամբ, խախտած են Ազրպէյճանի պետական սահմանը, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի տարածքին մէջ ահաբեկչութիւն գործելու նպատակով` մաքսանենգ ճամբով զէնք եւ զինամթերք ներմուծելով Զանգելանի շրջանի Ռազդարա գիւղ, կրակ բացած են տեղակայուած զօրամասի զինուորներու ուղղութեամբ:

Հայ զինուորներուն նկատմամբ քրէական գործը յարուցուած էր 26 Մայիսին: