7 Յուլիսին, Երեւանի «Եւրոպա » հիւրանոցի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան ուսանողական համահաւաքին՝ ֆորումին, բացման արարողութիւնը:

Բացման ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ Արտաշէս Շահբազեան, Արեւիկ Գաբրիէլեան, Արա Գէորգեան, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային հիմնադրամի նախագահ Սպարտակ Ղարաբաղցեան, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքէլեան, Ռուսիոյ Համազգայինի մասնաճիւղի ատենապետ Արթուր Փայտեան եւ նոյն մասնաճիւղի անդամ Բալիկ Գալէմքերէան:

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան ուսանողական Ֆորումը Համազգայինի աւանդական ծրագրերէն է:

Ան աշխարհի տարբեր երկիրներու ուսանող հայ համալսարանականները համախմբելու, զիրենք ազգային արմատներուն ու մշակութային ժառանգութեան հաղորդակից դարձնելու, ազգային յանձնառութիւններ վստահելու ձեռնարկ է:

Այս տարի Համազգայինի ուսանողական ֆորումը տեղի կ՚ունենայ 7-19 Յուլիսին, Երեւան: Ֆորումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Սփիւռքի տարբեր գաղթօջախները (Սուրիա, Լիբանան, ԱՄՆ, Ֆրանսա…) ներկայացնող 17 հայ երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ մասնակիցներ Հայաստանէն եւ Արցախէն:

Ծրագիրի 11 օրերուն ընթացքին համալսարանական երիտասարդները առիթ կ’ունենան հանդիպելու հայրենի մտաւորականներու, քաղաքական-հասարակական գործիչներու հետ, կը լսեն պատմամշակութային նիւթերով դասախօսութիւններ, իրենց տարեկիցներուն հետ կը քննարկեն ժամանակակից հայ երիտասարդները յուզող տարաբնոյթ հարցեր:

Համահաւաքի օրերուն սփիւռքահայ ուսանողները կը հիւրընկալուին Երեւանի պետական համալսարան, Մատենադարան, Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարան, Թումօ, տարբեր թանգարաններ, կը լսեն դասախօսութիւններ «Հայկական ճարտարապետութիւն», «Ազգային նուագարաններ» եւ այլ նիւթերով:

Ֆորումի մասնակիցները կ’այցելեն նաեւ Կիւմրի` ճանչնալու Հայաստանի մշակութային քաղաքի տեսարժան ու պատմամշակութային վայրերը:

Համազգայինի Երեւանի Գրասենեակ