Թրքական ուժերուն Հասիչէ Ալլուք ջրամուղ կայանին ըմպելի ջուրի անջատման եւ շուրջ միլիոն քաղաքացի ջրազուրկ պահելուն հետեւանքով, Հասիչէի մէջ աղիքային բորբոքումներով վարակուած պարագաներու թիւը բարձրացած է։

Հասիչէի առողջապահութեան տնօրէն տոքթ. Իսա Խալաֆ յայտնեց, որ Հասիչէի բժշկական կեդրոնը ամսական դրութեամբ աղիքային բորբոքումով վարակուած 1350 պարագայ կ՚ընդունի։ Պարագաներուն մեծամասնութիւնը փոքրերէ բաղկացած է, որովհետեւ քաղաքացիները ըմպելի կամ տան օգտագործման ջուրի ապահովման համար անստուգելի աղբիւրներու կը դիմեն, հետեւաբար հիւանդութիւնները կը շատնան։