Երեքշաբթի, 11 Յուլիսին Ռուսիա ՄԱԿ-ի Ապահովական Խորհուրդի նիստին վեթօ կիրարկեց Սուրիոյ ինքնիշխանութիւնը խախտող արեւմտեան երկիրներու այն բանաձեւ-նախագիծին դէմ, որ կը խախտէ Սուրիոյ գերիշխանութիւնը սահմանէն, առանց Սուրիոյ կառավարութեան տեղեկութեան, մարդասիրական օժանդակութիւն Սուրիա մտցնելու պատրուակով: Միւս կողմէ արեւմտեան երկիրներ մերժեցին Ապահովական Խորհուրդը աջալրջութեամբ Սուրիա  մարդասիրական աշխատանքներու մէջ ներգրաւելու Ռուսիոյ գործնական, թափանցիկ բանաձեւ-նախագիծը:
ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ դեսպան Պասսամ Սապպաղ երկու բանաձեւ-նախագիծերու քուէարկութենէն ետք ըսաւ. «Սուրիան, Ապահովական Խորհուրդի 9 Յունուարին  որդեգրած թիւ 2672 Բանաձեւի խորհրդակցութիւններու մեկնարկին առաջին իսկ օրէն կառուցողական մօտեցում ցուցաբերեց, մարդասիրական օժանդակութիւնները՝ յատկապէս երկրաշարժէն ետք, հասցնելու Սուրիոյ բոլոր շրջաններուն՝ առանց աշխատանքի քաղաքականացման, բացառելով  խտրականութիւնը»: