Թրքագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեան NEWS.am-ին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիա կը փորձէ քաղաքական իր ուղղութիւնը թեքել դէպի Արեւմուտք՝ միաժամանակ պահել փորձելով Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները:
«էրտողան կը սկսի իր առեւտուրի հիմնական փուլերէն մէկը՝ առաջնահերթաբար ԱՄՆ-ի հետ: Պայտընի հետ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին, խօսք դարձած է նաեւ Եւրոմիութեան անդամակցելու մասին: Տեղի կþունենայ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան հերթական ուղղորդումը դէպի Արեւմուտք: Էրտողանի կառավարման յատկապէս վերջին շրջանին ատիկա յաճախակիօրէն կը նկատուէր: Պատճառը ակնյայտ է՝ բան մը բրցնել, օգտուիլ, սակայն Թուրքիան չի հրաժարիր նաեւ Ռուսիոյ հետ իր ունեցած յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակէն, որովհետեւ ան շատ օգտակար է իրեն: Էրտողան ասիկա կը կատարէ բաւական վարպետօրէն», յայտնեց Սաֆրաստեան:
Թրքագէտին խօսքով՝ նման քաղաքականութեան պատճառներէն մէկը Թուրքիոյ նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի դերն է, որովհետեւ ան իր բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Եւրոպա եւ ներգրաւուած է ՆԱԹՕ-ի աշխատանքներուն մէջ:
«Չեմ կարծեր, որ միայն այդ պատճառով ընտրութիւնը  իր վրայ կեդրոնացած էր: Էրտողանի համար ամենակարեւորը այն է, որ ինք կը վստահի Ֆիտանին: Ան ըսած է, որ Ֆիտան կը պահպանէ իր անձնական գաղտնիքները եւ Թուրքիոյ գաղտնիքները: Էրտողան կը փորձարկէ Ֆիտանը եւ չեմ բացառեր, որ ա կը պատրաստէ Ֆիտանը որպէս իր յետնորդը», ընդգծեց Սաֆրաստեան:
Սաֆրաստեան  նկատել տուաւ, որ Ռուսիա տարբեր մակարդակներու վրայ արդէն դժգոհութիւններ կը յայտնէ Թուրքիոյ քաղաքականութեան նկատմամբ: Այդ դժգոհութիւնները աւելի կը սրին, երբ Թուրքիա աջակցի Ուքրանիոյ:
«Թուրքիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ ստորագրուած է ռազմատեքնիկական համաձայնագրութիւն, որով Թուրքիան կþօգտագործէ Ուքրանիոյ շարժիչներու կարելիութիւնները, որովհետեւ ինք կարողութիւն չունի նման շարժիչներ արտադրելու: Թուրքիան ալ ծանր զէնք կու տայ Ուքրանիոյ: Եւ այստեղ պատահական չէ, որ ռուս պատգամաւորներէն մէկը ըսած է, թէ հակամարտութեան մէջ Թուրքիան չէզոք դիրքէ հակառակ դիրք կþուղղուի: Ռուսական քաղաքականութեան մէջ ընդունուած է, որ սկիզբը ամէն բան ըսուի պատգամաւորներու բերնով: Երկու կողմերն ալ կը փորձեն պահպանել յարաբերութիւնները, սակայն Թուրքիոյ նման մարտավարութիւնը կրնայ յանգեցնել Ռուսիոյ քաղաքականութեան կոշտացման», ըսաւ Սաֆրաստեան: