6 Յուլիսին Արդարադատութեան միջազգային դատարանը տուած է որոշում Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին հռչակագիրի ծիրին մէջ քննուող Հայաստանն ընդդէմ Ատրպէյճանի գործով իր՝ 22 Փետրուար 2023-ի միջանկեալ խնդրանքին վերաբերեալ, որ պայմանաւորուած էր Ատրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքին մէջ անցակէտ տեղադրելու փաստով:
Դատարանը վերահաստատած է իր 22 Փետրուար 2023-ի որոշումը, որով Ատրպէյճանին պարտաւորեցուցած էր՝ ձեռնարկելու բոլոր միջոցները երաշխաւորելու Բերձորի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու՝ երկու ուղղութիւններով անխափան տեղաշարժը, գտած է, որ այս պահուս չկայ իր 22 Փետրուար 2023 թուականի որոշումը լրացնելու անհրաժեշտութիւնը: