Արդէն յստակ է, որ Ատրպէյճան Արցախի ժողովուրդին պայքարը իմաստազրկելու համար ամէն ջանք ի գործ կը դնէ: Ան թէ՛ Արցախի ժողովուրդը Ատրպէյճանի մէջ համարկելու, թէ՛ Արցախ-Հայաստան ուղղակի կապը խզելու եւ թէ Զանգեզուրի միջանցքին ուղղութեամբ իր հեռանկարները իրականացնելու փուլային աշխատանք կ’իրականացնէ:
Ատրպէյճան Բերձորի միջանցքի փակումով կը միտէր արցախցիներուն պայքարի նշաձողը իջեցնել ու միջազգային հարթակներու վրայ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի կամ Արցախի անկախութեան հարցի արծարծումը անուղղակիօրէն փոխարինել Արցախ մարդասիրական օժանդակութիւններ հասցնելու հարցով:
Այսպիսով ան արցախեան հարցը այնքան նեղ օղակի մէջ պիտի յաջողէր տեղադրել, որ նոյնիսկ Հայաստանի իշխանութիւններուն կրկնած Արցախի ժողովուրդին այսպէս կոչուած «իրաւունքներու պահպանման հարցը» պիտի սահմանափակէր մարդասիրական օժանդակութիւններու իրաւունքի նեղ շրջագիծին մէջ: Հետեւաբար ալ միջազգային բեմերէն պիտի հնչէին միայն Բերձորի միջանցքը բանալու եւ Արցախին մարդասիրական օժանդակութիւններ հասցնելու կոչերը եւ լուսանցքի տակ պիտի մնային Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի եւ անկախութեան բուն խնդիրները:
Այդպէս ալ կը նկատենք վերջին շրջանին միջազգային կողմերէ հնչող կոչերուն մէջ:
Արցախի ժողովուրդը եւ «Հայաքուէ» ստորագրահաւաքի ծրագիրը, սակայն, ճիշդ այս նշաձողն է որ պահել կը ջանան՝ Արցախի հարցը չսահմանափակելու մարդասիրական միջանցք բանալու շրջագիծին մէջ եւ Բերձորի միջանցքին փակումը Ատրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան ցուցանիշը համարելով աւելի շեշտակիօրէն արծարծելու Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի հարցը:
Այստեղ տեղին է լուսարձակի տակ բերել Պրիւքսէլեան եռակողմ հանդիպումէն բխած Շարլ Միշէլի կատարած յայտարարութիւններուն «Մարդասիրական հարցեր» խորագիրով  4-րդ կէտը, ուր Միշէլ կը յայտնէ հետեւեալը. «Ես ընդգծած եմ Լաչինի ճամբու բացման անհրաժեշտութիւնը: Ես նաեւ նշած եմ Աղտամի միջոցով մարդասիրական մատակարարումներ կատարելու Ատրպէյճանի պատրաստակամութիւնը: Ես երկու տարբերակներն ալ կարեւոր կը նկատեմ եւ կը խրախուսեմ մարդասիրական առաքումներ կատարել երկու կողմերէն՝ բնակչութեան կարիքները ապահովելու համար: Ես ողջունած եմ նաեւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին կողմէ բժշկական տարհանումներու վերսկսումը»:
Ինչո՞ւ Ատրպէյճան Բերձորի միջանցքը կ’առաջարկէ փոխարինել Աղտամ-Պարտա անցքով:
Վերյիշում մը կատարելու համար մէջբերենք 2021-ին 168.am-ի մէջ հրատարակուած հետեւեալ տեղեկութիւնը.
«Ընկերային ցանցերու եւ լրատուական հարթակներու վրայ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ տեղեկութիւն մը, ըստ որուն ատրպէյճանցիները Թարթառ գետի հունը կը նախատեսեն փոխել, եւ այդ նպատակով այս օրերուն շինարարական մեծաքանակ սարքեր կը տեղափոխեն համապատասխան վայր, որուն հետեւանքով Սարսանգի ջրամբարը կը ցամքի… Որպէս յաւելում, մասնաւորապէս, նշենք, որ Պարտան՝ Պարտաւը, կը գտնուի դաշտային Արցախի՝ Թարթառ գետի ափին»:
«168.am-ին հասած տեղեկութիւններով, իրականութեան մէջ ատրպէյճանական կողմը Գոմշասարէն ճանապարհ կը բանայ Քարվաճառի տաք ջուրերով դէպի Քաշաթաղի շրջանի Շալուա-Հիմնաշէն-Շրուական-Սպիտակաջուր-Մոշաթաղ հատուածը, որ պիտի միանայ Աղաւնոյին»:
Աղբիւրը կը յայտնէր նաեւ.
«Աւելի՛ն. Մարտ ամսուն ատրպէյճանցի քաղաքագէտ Իլկար Վելիզատէն հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ խօսելով մայրուղիներու մասին՝ կարեւոր համարած էր ինքնաշարժներու հաղորդակցութեան վերականգնումը Զանգեզուրի միջանցքին միջոցով, ինչպէս նաեւ՝ Նախիջեւան-Շախպուզ-Գորիս-Լաչին-Ստեփանակերտ-Աղտամ-Պարտա-Եւլախ մայրուղիները կամ ինքնաշարժներու ուղիները: Վելիզատէն շեշտած էր, որ ասիկա կ’անցնի Զանգեզուրի հիւսիսային
մասով եւ իրարու կը կապէ աշխարհագրական տարբեր շրջաններ»:
Այս տեղեկութիւնը կը հաստատէ, որ Ատրպէյճան կը ջանայ բոլորովին չեղեալ համարել Բերձորէն դէպի Հայաստան անցքը եւ զայն փոխարինել Աղտամ-Պարտա անցքով, որպէսզի դէպի Զանգեզուր իր նախատեսումները իրականանալի դառնան աստիճանաբար եւ Արցախ – Հայաստան մասամբ ազատ կապը վերջնականապէս խզուի:
Ինչպէս Արցախի ժողովուրդը, այնպէս ալ համայն հայութիւնը Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի օրակարգը պէտք չէ լուսարձակներէ հեռու պահէ նախապատուութիւնը տալով մարդասիրական օրակարգին, ընդհակառակը՝ հարկ է զանոնք շաղկապել, պարզելով որ Ատրպէյճանի Արցախեան տարածքներ բռնագրաւելու եւ Արցախի ժողովուրդին տարրական իրաւունքները խլելու արդիւնք ու փաստ է նաեւ մարդասիրական ներկայ տագնապը, իսկ Արցախի ժողովուրդը նման վտանգներէ ու ցեղասպանական արարքներէ փրկելու միակ միջոցը անոր ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումն է: