Գաղտնիք մը չէ, որ այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինչպէս նաեւ ողջ հայութիւնը կ’ապրին ճգնաժամ, զոր կ’ընդգրկէ՝ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, մշակութային, գաղափարական եւ հոգեբանական ոլորտները:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը հայ մարդուն համար սոսկ մարդկային հաւաքականութեամբ հիմնուած պետականութիւն մը չէ, այլ՝
1.- Հայ մարդու սեփական շնորհքներու ազատ զարգացման գրաւականն է,
2.- Ազգային ծլարձակումի առաջին հիմնաքարն է, որ ունի պետական կարելիութիւններ,
3.- Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատէրն ու պաշտպանն է, պարտականութեան եւ իրաւունքի պետական զոյգ հանգամանքներով:
Հայկական պետականութեան կերտումն ու անկախութիւնը վահան հանդիսացան պաշտպանելու հայ ազգը տարբեր կայսրութիւններու բռնարարքներէ:  Օսմանեան Թուրքիոյ կիրարած՝ ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական անարդարութիւնները կործանման պիտի ուղղէին արեւմտահայութիւնը: Հայկական պետականութեան հաստատումով, հայ ազգը կրկին ծաղկեցաւ, պաշտպանեց եւ պէտք է շարունակէ պաշտպանել իր իրաւունքները պետական դրոյթով եւ հանրապետութեան ընծայած կարելիութիւններով:
Սխալ է իրարմէ անջատել ազգային եւ պետական շահերը, քանի որ առաջինը երկրորդին՝ ա.- հիմն է, բ.- տուն տուող ազդակն է, գ.- պաշտպան վահանն է, դ.- գաղափարական եւ առարկայական դիմադրողականութիւնը զօրացնող սուրն է:
Ազգայինն ու պետականը ունին տրամաբանական եւ գոյակցական յաջորդականութիւն: Այս զգայուն հաւասարակշռութիւնը խախտել փորձողը անպայման ազնիւ նպատակներ չի հետապնդեր: Ազգայինն ու պետականը  միասնաբար կը կազմեն քաղաքական հովանի, որուն շնորհիւ առիթ կ’ընծայուի պետականօրէն հետապընդելու ազգային շահեր, նաեւ կ’արգիլուի որեւէ հակասութիւն երկուքին միջեւ կամ զիրար չէզոքացնելու փորձ:
Ազգային շահերէն փխող հայ պետականութիւնը ե՛ւ ծնունդ պէտք է տայ, ե՛ւ հովանաւորէ, հսկէ, իր կատարելիութեան հասցնէ Հայաստանի Հանրապետութեան գիտական, տնտեսական, մշակութային եւ ընկերային զարգացման իրաւունքները, նպատակ ունենալով ամրագրել պետականութեան ու անկախութեան հիմքերը:
ՀՀ պետականութիւնը արեւելումի այլընտրանքի դէմ յանդիման է: Պարտաւոր է ընտրել նպաստաւոր տարբերակ՝ ա.- ազգային շահերը նկատի առնելով, բ.- ցեղային ձայնին անսալով, գ.- հայրենիքի աշխարհագրական թելադրանքներուն գիտակցելով: Հետեւաբար ՀՀ պետականութիւնը՝ քաղաքական պարտաւորութեամբ պէտք է  ամբաստանէ Հայոց Ցեղասպանութեան ոճրագործ խմբակին անդամները, որոնք ՀՀ-ը զրկած են.
Ա.- Արտաքին քաղաքական դաշտին մէջ գերակայութեան կարելիութիւններէն,
Բ.- Տնտեսական բարգաւաճումէն,
Գ.- Հայրենի արեւմտեան հողերու տիրութենէն:
Հանգամանք մը, որ պէտք է ստանձնեն ՀՀ պետականութեան հիմնարկները, որպէսզի վերակառուցեն եւ միաձուլեն հայրենի քաղաքական միասնական կամքն ու տնտեսական համահաւասար զարգացումը:
ՀՀ պետական գոյութիւնն ու անկախութիւնը՝ հանրապետական դրոյթով, կը կազմեն այն ապացոյցը, որուն համաձայն հայ անհատը իր հոգեմտաւոր ակնկալիքները պիտի ստանայ անկախ պետականութեան յարատեւութեան հաւանականութենէն:
Անկախութիւնը յոյսի խարիսխ է ՀՀ քաղաքացիներուն համար: Ան կ’երաշխաւորէ իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, նաեւ մեկնակէտ կը հանդիսանայ Հայոց Ցեղասպանութեան արդար պահանջատիրութեան:
ՀՀ քաղաքական ներկայութիւնը միջազգային թէ շրջանային ատեաններուն մէջ յոյս կը ներշնչէ իւրաքանչիւր հայ մարդու, ըլլայ հայրենաբնակ թէ ոչ: Ազգը եւ պետականութիւնը միասին կը կազմեն պահանջատիրական մէկ ամբողջութիւն եւ կը կերտեն միաձոյլ քաղաքական կամք ու ցեղային պայքարի ոճ եւ ուղի:
ՀՀ պետականութիւնը իր առողջ տարբերակին մէջ կը սեպուի.
1.- Պաշտօնական եւ տրամաբանական շարունակութիւնը հայկական թագաւորական չորս հարստութիւններուն, որոնք իշխած են հայկական բարձրաւանդակի տարածքին՝ պետական կառոյցներով ծառայած են հայ ազգին:
2.- ՀՀ պետականութիւնը իրաւացի թարգմանն է հայ ազգի քաղաքական ապագայի տեսիլքներուն, կերտելու ազգային հանրապետութիւն, հայկական պատմական հողերու վրայ:
3.- ՀՀ պետականութիւնը ազգի գոյատեւման հիմնասիւներէն գլխաւորն է, որ որպէս համահայկական ազգային բեւեռ կը մագնիսացնէ ողջ հայութիւնը անխտիր:
ՀՀ-ը ինքզինք արտայայտող պետական յստակ եւ ինքնուրոյն խորհրդանիշներ ունի, որոնք կը փխին հայ հոգիէն եւ կը պատկանին հայութեան:
Այդ խորհրդանիշներէն են հանրապետութեան զինանշանը, ազգային դրօշը, պետական քայլերգը, ազգային բանակն ու անկախութեան հռչակագիրը եւ ՀՀ խորհրդարանը:
Հ Հանրապետութեան զինանշանը կը խորհրդանշէ. ա.- հայ ազգին գերակայութիւնը հայկական հողին վրայ եւ օդային տարածքին մէջ, բ.- հայրենիքի գոյատեւման եւ անոր մէջ ապրելու բնական ցանկութիւնը, գ.- բռնագրաւեալ հայրենի հողերու պահանջատիրութիւնը, դ.- Արարատի վեհութեամբ բարձր թեւածելու տրամադրութիւնն ու մարմաջը:
Եռագոյն դրօշը կը խորհրդանշէ՝ ա.- հայրենիքի ազատ եւ ինքնիշխան դառնալու ճամբուն թափուած արիւնը, բ.- հայ երկնակամարին վրայ խաղաղ եւ բարգաւաճ երկինք ունենալու ցանկութիւնը, գ.- հայ ազգի արդար աշխատանքի արդիւնքին փայլքը:
-Հայաստանի քայլերգի ոգին՝ զարթօնքէն անկախացում ընկերակցած է հայ ազգի ազատագրական պայքարին: Հայը երկար տարիներ երգելով «Մեր Հայրենիք»-ը, պայքարած է բռնակալներու դէմ՝ պաշտպանելով ազգային իրաւունքներ:
Հայկական բանակը խորքին մէջ կը պատկանի ողջ հայութեան, որուն նախնական զարգացումն էր ֆիտայական շարժումը, որուն հիմնական նպատակն էր սեփական զէնքի ուժով վերացնելը ամէն տեսակի փորձանք թէ անարդարութիւն: Այսօր նոյնն է մարտահրաւէրը՝ հայուն սեփական զինեալ ուժերով պաշտպանել հայ ազգին իրաւունքները՝ պետական թէ դիւանագիտական տուեալներով:
ՀՀ անկախութեան հռչակագիրին եւ սահմանադրութեան պետական թելադրանքները իրենց ծալքերուն մէջ կը պարփակեն՝ ա.- ընկերային ծառայութիւն, բ.- ազգային անվտանգութիւն, գ.- անկախ պետականութեան յարատեւութիւն եւ աւելին խորհրդարանի երաշխաւորութեամբ մատուցուած պետական ծառայութիւն:
Արամ Աւագեան