Համայնքայինէն անդին, պետականութեան կողքին, սակայն…
«Նորից թափառեց հայոց աշխարհի խանձածի հով արտաբուրող լերկ ժայռերի շուրջը եւ մրրիկներով ծեծուած լեռնալանջերում:
– Ո՞ւր, ընկե՛ր Արարատ, ո՞ւր…
Ահա, հորիզոնի արիւնոտ արգանդից ծնել էին լեռները: Արագածը պայծառ էր, օդը պայծառ էր»:
Կոստան Զարեան
Ու այսպէս բացուեցաւ լուսաբացը
Բայց ինչպէ՞ս սկսիլ հեքիաթը,
Վերնագիրը լայն, հորիզոնը նեղ, արեւը խամրած ու ապագան «տժգոյն»,
Պետական զինանշանը խնդրոյ առարկայ,
Պատմութիւնը ծիծաղի ենթակայ,
Զօրաւորը տկարին, ինչպէս միշտ, ցոյց կու տայ ակռայ.
Բայց ըսող չկայ, թէ հայրենիքը ո՞ւր կ’երթայ,
Հայկական հարստութիւնները՝ անցեալ ու քննարկման ենթակայ.
Նոյի տապանը ժամանակավրէպ, արժէք է միայն պաստառներու վրայ.
Առիւծը մեր անտառներուն մէջ եղած է միշտ բացակայ,
Իսկ առիւծը այսօր կայ, վաղը չկայ,
Արարատին ի՞նչ պէտք կայ, արդէն չի գտնուիր մեր հողին վրայ,
Այս բոլորը արտասանողը մեր հայրենիքի վարչապետն է, Աստուա՛ծ վկայ:
Հպարտութեամբ հայրենիք եկայ, երբ այս բոլորը լսեցի ու տեսայ, հաւատացէք ես խեղճացայ:
Ըսի-ըսաւներ շատ ու անհամար, ստեպղի՞նն է հայերէն, թէ կազարը, վռազո՞ւմն է ընդունելի, թէ աճապարելը անկատար:
Ինչպէս մեր մօտ իշալլա՞ն, թէ տէրը կամենան:
Արեւմտահայերէ՞նն է ճիշդ, թէ արեւելահայերէնը անճիշդ:
Երկուքը գլխու վրայ տեղ ունին, երկուստեք զիրար հանդուրժելու պէտք ունին:
Հանգիստ եղիր. ժամանակը ամէն ինչ կը դնէ իր հունին:
Զարմանքով ու ցաւով կը հետեւիմ բոլոր այն յայտարարութիւններուն, որոնք կը սահմանափակեն արեւմտահայերէնը սոսկ լեզուական նեղ ոլորտին մէջ:
Արեւմտահայերէնը կենցաղ է, մշակոյթ է:
Պատմութիւն ու աշխարհագրութիւն է,
Քերականութիւն է ու գրականութիւն,
Իսկ ամէնէն կարեւորը հոգեվիճակ է ու իրավիճակ,
Արեւմտահայերէնը հաւատք է ու հայ դատ եւ սերունդներ դաստիարակելու պարարտ հող:
Հինն ու ներկան, կանխիկ է, իսկ ապագան անստոյգ:
Կարելի է գաղափար, մտածում յայտնել եւ պաշտպանել իսկ,
Բնականաբար թերութիւն մը սրբագրելու առաջին քայլը զայն մատնանշելն է, այսինքն ախտաճանաչում ընելը, որուն պիտի յաջորդէ դարմանը:
Միակ պահանջը կը մնայ՝ ճիշդ հասցէագրել դէպքերը:
Յարգել անձերը, լուսարձակի տակ բերել հարցերը:
Երկուութիւն բառը ծանօթ էր, բայց խորքին թափանցելը բարդ էր, չէի գիտեր ինչ կը նշանակէ երկուութիւն, բայց գիտէի թէ՛ լաւատեսութիւնը նոյնքան վտանգաւոր է, որքան յոռետեսութիւնը, ու գիտէի նաեւ գերակայութեան բարդոյթը նոյնքան տհաճ երեւոյթ է, որքան ստորակայութիւնը:
Այսպէս կը կուտակուին մտքեր, համայնք ու պետութիւն, աշխարհագրութիւն ու հայրենիք, հերոս ու դաւաճան, հիներ ու նորեր, սեւ ու սպիտակներ:
Բեմերու վրայ գոռոզացող ու գոռոզացողներ, գերեզմաններու վրայ թաց աչքերով հերոսներու ծնողներ, սիրահար զոյգեր ու որբացած երեխաներ:
Բարի դրացիութիւն ու պահպանել դիմագիծ ու ազգութիւն:
Վտանգուած են սրբութիւններ՝ ազգ, հայրենիք եւ ընտանիք:
Վերջին տասնամեակներու հայ քաղաքական մտքի պատմութեան մէջ իրենց որոշակի դերակատարութեան մէջ զիրար շաղկապող ու մինչեւ օրս հասցնող հիմնական գործելաոճը բացայայտ է, որ կը բնութագրուի հետեւողի մէջ՝ հարուածել ազգայնականութիւն ճառագայթող բոլոր երեւոյթները եւ յառաջացնել ապազգային տրամաբանութիւն:
Մտահոգութիւն առթող բուն ցաւը հոս է:
Ջայլամի քաղաքականութիւն վարելով ոմանք կարծեցին, որ եթէ իրենք փակագիծի մէջ դնեն ազգային հիմնական խնդիրները, թշնամիները եւ կամ «հակառակորդները» կը բաւարարուին: Ու այսպէս…:
Առանց նախապայմանի բանակցութիւն քաջալերող իշխանաւորներուն պարզապէս յիշողութիւնը թարմացնելու բարի նպատակով հոս կ’ուզեմ ընդգծել, որ միակ կողմը որ կրնայ պայմաններ ունենալ այդ ալ հայկական կողմն է, հետեւաբար Թուրքիոյ կողմէ ոչ-նախապայման հասկացութիւնը ինքնին հայ ժողովուրդին պարտադրուած պայման է:
Հոս պէտք է գրիչը թաթխել կաղամարին ու արձանագրել անցեալի փորձառութիւնը:
Լայն վերնագիրով պէտք է բնութագրել ու յայտարարել:
Ահազանգ՝ ազդարարելու համար պատկանելիութեան հպարտութիւն եւ դիմագիծի պահպանում:
Քաղաքական խաղաղութիւն եւ տնտեսական կայունութիւն:
Ազգ, հայրենիք, ազգային պետականութիւն եւ անկախութեան յղացքները կը կազմեն օրկանական ամբողջութիւն մը եւ կը հանդիսանան ժողովուրդի մը հաւաքական իտէալներուն գլխաւոր դրսեւորումները:
Ազգային պետութիւնը եթէ կը փորձէ առաջնորդուիլ ողջ ազգի հաւաքական կամքով, պարտաւոր է հասարակական տարբեր խաւերու միջեւ հաստատել այնպիսի հաւասարակշռութիւն, որ կ’ապահովէ անոնց համախմբումը:
Այնտեղ, ուր ընկերային համակարգը բեւեռացած է, անխուսափելի է նաեւ քաղաքական ուժերու բեւեռացումը՝ իր բոլոր վտանգաւոր հետեւանքներով:
Վերը նշուած խնդիրները սոսկ հակիրճ ձեւակերպումն են այն խոշոր եւ բազմակողմանի հիմնահարցերուն, որոնք իրենց լուծումը կը գտնեն միայն ազգային յստակ ռազմավարութեան մշակումով եւ իրագործումով: Ցայսօր շարունակուող՝ ազգային խնդիրներու իրադրային լուծումներ գտնելու գործելակերպին պէտք է փոխարինէ հեռանկարային ազգային ռազմավարութեան հետամուտ աշխատանքը:
Միայն այս ճանապարհով կարելի պիտի ըլլայ հաստատուն եւ յարատեւ դարձնել հայկական պետականութիւնը եւ լուծում գտնել հայ ժողովուրդի պատմական անցեալի ու շնչող ներկայի խնդիրներուն:
Այն ատեն է, որ մեր հաւաքական ինքնութիւնն ու հաւաքական կամքը կը դառնան իսկապէս համազգային, իսկ մենք անոնց շուրջ՝ գիտակից ու միակամ ազգ:
Մեր հայրենի ու արտերկրի զոյգ թեւերով ու համադրուած ճիգերով:
Պարգեւ Աւագեան