Քրիստոս Իր աստուածային փառքէն հրաժարեցաւ, “Կամաւորաբար Ինքզինքը այդ պատիւէն մերկացուց”(Փլպ 2.7) եւ “աշխարհ գալով իրապէս մարդացաւ”։(Ա.Յհ 4.2) Քրիստոսի մարդանալը անհրաժեշտ էր մեր փրկութեան համար։Առաքեալին բառերով.”Աստուած ինք սիրեց մեզ եւ իր Որդին ղրկեց մեր մեղքերը քաւող իբրեւ Զոհ”։(Ա.Յհ 4.10)Հարկ է նկատի ունենալ թէ “Օրէնքին համաձայն` գրեթէ ամէն ինչ արիւնով կը սրբուի. մեղքերու քաւութիւնն ալ առանց արեան հեղումի չ՚ըլլար”։(Եբր 9.22) Քրիստոս մարդացաւ եւ “Աստուծոյ կամքը կատարեց, իր մարմինին անկրկնելի զոհագործումովը մենք սրբուեցանք մեր մեղքերէն”։(Եբր 10.10)
Ան Իր մարդեղութեան մէջ բնաւ չդադրեցաւ Աստուած ըլլալէ, բայց ժամանակաւորապէս աստուածային փառքէն մերկացաւ` “…ծառայական մեր բնութիւնը իր վրայ առնելով, եւ մարդոց պէս եղաւ ու մարդկային Կերպարանքով ճանչցուեցաւ։ Ինքզինք խոնարհեցուց…”(Փլպ 2.7_8)։
“Ինքզինքը խոնարհեցուց” բառերը ցոյց կու տան Քրիստոսի անհուն սէրը, մարդը փրկելու բուռն փափաքը եւ խաչի մահը յանձն առնելու պատրաստակամութիւնը։
Բացառիկ առիթներով Քրիստոս որոշապէս Իր փառքը յայտնեց, որպէսզի ապացուցէ Իր աստուածային ծագումը։ Հաւատքի դաւանութեան մէջ յիշուած բանաձեւը ինքնին կը պարզէ այս ճշմարտութիւնը, երբ կը կարդանք հետեւեալը .”Աստուածը մարդացաւ` առանց փոխուելու կամ ուրիշ բանի վերածուելու”։
“Աստուածամարդ” եզրը յաճախ կը գործածուի` բնորոշելու համար Քրիստոսի ինքնութիւնը։
Քրիստոսի փառքը արտացոլաց Թափոր լերան վրայ։ Տիրոջ հետ կ՚ընկերակցէին Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս առաքեալները “Հոն այլակերպեցաւ անոնց դիմաց. իր դէմքը արեւու նման լուսաւոր դարձաւ եւ հագուստները լոյսի նման ճերմակ եղան”(Մտ 17.2)։
Անջատուած էին առաքեալները աշխարհիկ մթնոլորտէն եւ երկրաւոր կեանքի սովորական երեւոյթներէն։ Եզակի յայտնութեան վայրը լեռն էր։ Խորհրդաւոր տեղ մը։ Երբ մտաբերենք թափոր լեռը, մեր աչքերուն առջեւ կը պարզուի երկրային խորհուրդներէն հեռանալու եւ հոգեւոր ճշմարտութեան կառչելու էական գաղափարը։ Նիւթական մտածողութիւնը կը կաշկանդէ մարդուս հաւատքի երթը, կը սահմանափակէ մտահորիզոնը եւ կը հրապուրէ ժամանակաւոր արժէքներով։ Ահա թէ ինչո’ւ այլակերպութեան վայրը լեռն էր։ Պատահական չէ այս ընտրութիւնը։ Լեռը յաճախ նկատուած է աստուածային յայտնութեան սրբազան վայր։ Օրինակ` Սինա լեռը, այդտեղ Տասնաբանեայ պատուիրաններուն տուչութիւնը տեղի կ`ունենայ։ Եղիա մարգարէն Տիրոջ պատուէրին համաձայն Քորեբ լեռ կը բարձրանայ եւ Տիրոջ առջեւ կը կենայ։ Հոն “մեղմ ու բարակ ձայն մը կը լսուէր” (Գ.Թգ 19.12) եւ Տէրը տրտմած եւ ինքզինք լքուած զգացող մարգարէին կը յայտնէ Իր կամքը եւ կը վստահեցնէ թէ եօթը հազար մարդ պահած է, որ Բահաղին (չաստուածի անուն է) առջեւ ծունկ կրկնած չեն։ Եղիսէ` Աստուծոյ մարդը Կարմեղոս լեռ կ՚ապաստանէր (Դ.Թգ 4.25)։
Սաղմոսերգուն Տիրոջ կ՚ըսէ.”Քու արդարութիւնդ հզօր լեռներու պէս է”։ (Սղ 36.6)
Քրիստոսի լերան քարոզով հոգեւոր անխախտ սկզբունքներ եւ բարոյական վեհ օրենքներ կը սահմանէ։ (Մտ 5.5_7)
Մեր Տէրը “Երեկոյան կ՚երթար Ձիթենեաց կոչուած լեռը` գիշերելու”։ (Ղկ 21.36)
Թափոր Լեռը Տիրոջ լոյս ներկայութիւնը վայելելու հոգեխօս ժամադրավայրն էր։ Առաքեալները յափշտակուած էին եզակի պահէն եւ եւ տպաւորիչ տեսարանէն։ Եղիա ու Մովսէս մարգարէին երեւցան եւ Տիրոջ հետ խօսեցան։ Ղուկաս աւետարանիչ խօսակցական նիւթի վերաբերեալ յաւելեալ բացատրութիւն կու տայ ըսելով.”Կը խօսէին Յիսուսի հետ` իր մահուան մասին, որ պիտի պատահէր Երուսաղէմի մէջ”։ (Ղկ 9.31)
Քրիստոս լրումն ու կատարումն է օրէնքին եւ մարգարէութեան։ Այս անհերքելի ճշմարտութիւնը կը բացայայտուի ու կը մեկնաբանուի երկու մարգարէներուն երեւումով։ Մովսէս` մեծ մարգարէն օրէնքը կը խորհրդանշէ, իսկ նախանձախնդիր Եղիան` մարգարէութիւնը։ Կարծէք երկինքի արքայութեան նախապատկերը պարզող դրուագ է Յիսուսի Այլակերպութիւնը։ Մարգարէներն ու առաքեալները Տիրոջ ներկայութեան մէջ էին։ Վստահաբար այս դէպքէն ներշնչուած էր Պետրոս առաքեալ, երբ ըսաւ Յիսուսի.”Տէ’ր, ի՜նչ լաւ է հոս…”։ Նաեւ կ՚առաջարկէ երեք վրաններ շինուին` Յիսուսի, Մովսէսի եւ Եղիայի համար։ “Մինչ Պետրոս կը խօսէր, ահա լուսաւոր ամպ մը ծածկեց զիրենք. ամպին մէջէն ձայն մը լսուեցաւ, որ կ`ըսէր._Այս է Իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ. անոր մտիկ ըրէք”։(Մտ 17.5)
Ամպը կը խորհրդանշէ Աստուծոյ փառքը։ Ձայնը երկնաւոր Հօր ձայնն է։ Ան կը պատուիրէ առաքեալներուն լսել Որդիին կենդանարար խօսքը։ “Աշակերտները երբ լսեցին ասիկա, սարսափահար` երեսի վրայ գետին ինկան”։
Խաղաղութեան իշխանը` Յիսուս անոնց դպաւ ու ըսաւ.”Ոտքի’ ելէք, մի’ վախնաք”։ Անոնք չկրցան ոտքի մնալ, խոնարհեցան, հողեղէն իրենց մարմինով գետին ինկան։ Մեղանչական մարմինով ոտքի մնալը անհնար էր ի տես աստուածային փառքի յայտնութեան։
Երկնային փառքին հաղորդ դառնալու համար կարիքը ունինք յարուցեալ մարմնին, ձերբազատուելով չարին ենթակայութենէն եւ մեղքի ծնունդ տուող կիրքերէն ու գրգիռներէն։
Աշակերտները շատ հաւանաբար փորձառաբար հասկցան թէ մահկանացու մարմինով անմահ Աստուծոյ փառքին ամբողջական կերպով հաղորդ ըլլալը կարելի չէ այս աշխարհին մէջ։ Ուստի հոս այս աշխարհին մէջ հաւատքով կը պատրաստուինք եւ յոյսով կը սպասենք անանցանելի փառքին հասնիլ։ Պօղոս առաքեալը կ`ըսէ.”Ներկայ ժամանակի չարչարանքները ոչի’նչ են գալիք փառքին քով` որ մեզի պիտի յայտնուի”։(Հռ 8.18)
Գալիքը փառքը մասնակի կերպով տեսան աշակերտները։ Ամբողջական փառքին հասնիլը միայն յարուցեալ մարմինով կարելի է։ Այսինքն` “Մարմինն ու արիւնը իրենց ներկայ վիճակով չե’ն կրնար Աստուծոյ արքայութիւնը ժառանգել”։(Ս.Կր 15.50)
“Աշակերտները իրենց աչքերը վեր բարձրացուցին եւ Յիսուսէ զատ մարդ չտեսան։ Մինչ լեռնէն վար կ`իջնէին, Յիսուս պատուիրեց անոնց ըսելով._Մինչեւ որ Մարդու Որդին մեռելներէն յարութիւն չառնէ, ձեր տեսածը որեւէ մէկուն մի’ պատմէք”։(Մտ 17.9)
Արդեօք ինչո՞ւ համար Տէր Յիսուս այսպէս պատուիրեց։ Հաւանաբար անոնք չափազանց ուրախանալով կարծեցին թէ յատուկ արժանիք ունին, ուստի միայն իրենց վիճակուեցաւ Յիսուսի այլակերպութեան ականատես վկաները ըլլալ։ Նման մօտեցում հպարտութիւն կը նկատուի։ Կամ թերեւս խորհեցան թէ առանձնաշնորհեալ են եւ տարբեր միւս աշակերտներէն, դարձեալ նման տեսակէտ մեծամտութիւն կը համարուի։ Հաւանաբար աշակերտները հոգեւոր աճման կարիքը ունէին, որպէսզի հասկնային Յիսուսի լոյս ներկայութեան օրհնութիւնը եւ Անոր ներգործող զօրութեան հրաշալի արդիւնքները։
Ի վերջոյ Յիսուս երեք աշակերտներուն լուռ մնալ թելադրեց, որպէսզի Աւետարանի քարոզութեան ժամանակ, Սուրբ Հոգիին մղումով պատմեն Քրիստոսի փառքին մասին։
Պետրոս առաքեալ Յիսուս Քրիստոսի փառքին մասին կը վկայէ, եւ Յիսուսի այլակերպութեան եզակի դէպքին ակնարկելով կ`ըսէ.”Անիկա փառք ու պատիւ ստացաւ Հօր Աստուծմէ, որ իր մեծավայելուչ ու փառաւոր ձայնով անոր համար վկայեց, ըսելով.”Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ”։ Մենք անձամբ լսեցինք երկինքէն եկող այդ ձայնը, որովհետեւ Յիսուսի հետ միասին էինք սուրբ լերան վրայ”։(Բ.Պտ 1.17_18)
Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան տօնը հրաւէր է փառաւորելու զՔրիստոս` “Փառաց Թագաւորը” ։
Երկրաւոր փառքի ակնկալութեամբ ապրիլը ինքնախաբէութիւն է։ Փառքի փնտռտուքը ժամանակը վատնելու եւ փրկութեան ուղիէն հեռանալու կը ծառայէ։ Քրիստոսի հետքերով ընթանալու, Անոր օրինակով ապրելու, եւ Իր վկան կոչուելու համար անմիջական կարիքը ունինք խոնարհութեան, որպէսզի Իր փառքը գովերգենք մեր ապրելակերպով։ Ահա ա’յն ատեն արքայութեան նախատօնակը կ՚ապրինք մեր երկրաւոր կեանքի ողջ տեւողութեան, մինչեւ “Անտխրական” կեանքին հասնիլը։
Խորէն Քհնյ.Պէրթիզլեան