Պրիւքսէլեան եռակողմ հանդիպումէն բխած Շարլ Միշէլի կատարած յայտարարութիւնները, ինչպէս կ՛ակնկալուէր բեկումնային կամ շրջադարձային նորութիւն չեն բերեր: Հանդիպումը կը ծառայէ բանակցային գործընթացի ղեկը Եւրոպական Միութեան ձեռքերուն մէջ պահելու ծրագիրի գործնականացման: Փաստօրէն կը նշուի, որ կայ համաձայնութիւն  աշնան երկու տարբեր հանդիպումներ կազմակերպելու: Միշէլը վերահաստատած է իր մտադրութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները հրաւիրելու այս ամառուընէ ետք Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք յաւելեալ մէկ հանդիպումի, ինչպէս նաեւ հերթական հնգակողմ հանդիպումի, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարներուն մասնակցութեամբ Քանատայի մէջ, Եւրոպական Քաղաքական համայնքի յաջորդ վեհաժողովի ծիրին մէջ: Հանդիպումներու եւրոպական ձեւաչափը պահպանելու առաջադրանքն է առաջնայինը, քան ըստ էութեան հանգուցալուծումը:

Պաշտօնական Երեւանի հաղորդագրութիւնը այս  առիթով համեմատաբար ընդգծուած ձեւով ամփոփ է: Քննարկուած են Ատրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի ապօրինի փակման պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած խորացող մարդասիրական ճգնաժամին, երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան ապահովման աշխատանքներուն, շրջանային փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական ենթակառոյցներու ապաշրջափակման, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագիրին, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հասցէագրման, ինչպէս նաեւ գերիներու, անհետ կորսուածներու եւ այլ մարդասիրական խնդիրներուն վերաբերող հարցեր:

Ատրպէյճանական պաշտօնական լրահոսը յատուկ հաղորդագրութեան փոխարէն ամփոփ լրատուութիւններ շրջանառութեան մէջ դրած է: Ուշագրաւը այս պարագային ատրպէյճանական Քալիպըր.ազ կայքի հրապարակումներն են, որոնց տեղ տուած է Պաքուի պաշտօնական լրահոսը: Իբրեւ թէ որոշ փակագիծեր բանալով` Պաքուն կը խօսի Պրիւքսէլի մէջ արծարծուած առանցքային հարցերու մասին: «Միջանցք»-ի կամ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»-ի կամ «ատրպէյճանցի գաղթականներու» եւ «տարածաշրջանի բնիկ»-ներու մասին դասական յանկերգներէն զատ ուշագրաւ է ատրպէյճանական կայքի կատարած հրապարակումին հետեւեալ կէտը. «Ղարաբաղի մէջ ազգութեամբ հայ բնակչութեամբ խիտ բնակեցուած շրջաններ մարդասիրական փոխադրումներու երթուղիի` Լաչինի ճանապարհի փոխարինումը Պարտա-Աղտամ ճանապարհով»:

Ահա այստեղ է Պրիւքսէլի բերած նոր արծարծումը, կամ Միշէլի յայտարարութեան ամէնէն խնդրայարոյց բաժինը: 4-րդ կէտը կը կրէ «Մարդասիրական խնդիրներ» խորագիրը, ուր Միշէլ կ՛արձանագրէ. «Ես ընդգծած եմ Լաչինի ճամբու բացման անհրաժեշտութիւնը: Ես նաեւ նշած եմ Աղտամի միջոցով մարդասիրական մատակարարումներ կատարելու Ատրպէյճանի պատրաստակամութիւնը: Ես երկու տարբերակներն ալ կարեւոր կը նկատեմ եւ կը խրախուսեմ մարդասիրական առաքումներ կատարել երկու կողմերէն` բնակչութեան կարիքները ապահովելու համար: Ես ողջունած եմ նաեւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին կողմէ բժշկական տարհանումներու վերսկսումը»:

Արցախի ապաշրջափակումը զուտ մարդասիրական աղէտի յաղթահարման ուղղութեամբ պահանջելու մօտեցումները իրենց մէջ վտանգ կը ներառեն: Պաքուի մարտավարութիւնը` Բերձորի միջանցքը Աղտամի ճանապարհով փոխարինելու, լրիւ կը տեղաւորուի Ատրպէյճանի հետ Արցախի համարկումի օրակարգին շրջածիրին մէջ:

Միշէլ փաստօրէն հաւասար զուգահեռ գիծերու վրայ տեղադրած է Բերձորն ու Աղտամը, մէկ կողմէ հայկական եւ միջազգային պահանջ-որոշումը իրականացնելու, միւս կողմէ Ատրպէյճանի համարկումի օրակարգին սատարելու ուղղութիւններով: Այլ խօսքով` միջնորդութիւն խաղալու:

Արցախի ժողովուրդին Արցախէն ելքի եւ վերադարձի ազատ տեղաշարժը, ըստ համաձայնութեան, կ՛ապահովէր ռուսական կողմը: Հիմա Պաքուն արգելափակած է այդ ելքը եւ կը խօսի նոր ելքի մասին: Պրիւքսէլը նշումի կարգով կ՛արծարծէ այդ կարելիութիւնը եւս:

Ռուսական գործառոյթներու փոխարինման այս գործողութիւններուն առընթեր է, որ կ՛արձանագրուին Մոսկուա-Անգարա եւ Մոսկուա-Պաքու սուր յայտարարութիւններ: Էրտողան կը յիշեցնէ ռուս խաղաղապահութեան ժամկէտի աւարտը եւ կը յուսայ, որ Մոսկուան կը յարգէ համաձայնութիւնը եւ կը հեռանայ Արցախէն, իսկ Պաքուն կը մերժէ Մոսկուայի յայտարարութիւնը` պաշտօնական Երեւանի ճամբով Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու առումով:

Այս հանգամանքներուն նկատառումով կ՛ընկալուին Պրիւքսէլի յայտարարութեան խնդրայարոյց բաժինները եւ անոնց հիման վրայ կը նախանշուին Եւրոպական Միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունենալիք հետագայ հանդիպումներէն բխելիք յայտարարութիւնները:

«Ազդակ»