Հոկտեմբեր 2022_ին եւ Մայիս 2023_ին Եւրոմիութեան հովանիին տակ կատարուող գագաթնաժողովներուն Հայաստան Լեռնային Ղարաբաղը ճանչցաւ որպէս Ատրպէյճանի տարածքին մաս։ Այս մասին ըսուած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

«Մենք կը յարգենք Հայաստանի ղեկավարութեան ինքնիշխան որոշումը, սակայն ատիկա արմատապէս կը փոխէ այն հիմնարար պայմանները, որոնց մէջ ստորագրուած է Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի և Հայաստանի ղեկավարներու 9 Նոյեմբեր 2020_ի յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ ռուսական խաղաղապահ պատահական վիճակը։

Մենք կը կարծենք, որ այս պայմաններուն մէջ Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ճակատագիրի պատասխանատուութիւնը պէտք չէ դնել երրորդ երկիրներու վրայ։ Անհրաժեշտ է անյապաղօրէն սկսիլ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի նախապատրաստումը` հիմնուելով նախկինին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն վրայ։

Այս համաձայնագիրին անբաժանելի մասը պէտք է ըլլայ Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան յուսալի եւ յստակ երաշխիքները, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ եռակողմ պայմանագրերու ողջ փաթեթի խստիւ կատարումը՝ երթեւեկային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման գործընթացի մեկնարկը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։