Շաբաթ, 15 Յուլիս 2023_ին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի եռակողմ հանդիպումը, որուն աւարտին Միշէլ կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Քիչ առաջ աւարտեցինք նախագահ Ալիեւի եւ վարչապետ Փաշինեանի հետ վեցերորդ հանդիպումը: Մեր միտքերու փոխանակումները կրկին եղան անկեղծ, ազնիւ եւ առարկայական:

«Մեր հանդիպումը վերջինն էր Պրիւքսէլի, Քիշնեւի, Ուաշինկթընի ու Մոսկուայի մէջ եւ երկկողմանի սահմանին վրայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն, փոխվարչապետներուն եւ արտաքին գործոց նախարարներուն մասնակցութեամբ աշխուժ եւ արդիւնաւէտ բարձր մակարդակի հանդիպումներու շարքին:

«Մենք կ՛անցնինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու ամէնէն ընդգրկուն եւ եռանդուն մէկ փուլէն:

«Ես ղեկավարները ողջունեցի խաղաղութեան հոլովոյթին իրենց յստակ յանձնառութեան համար եւ յորդորեցի այսուհետեւ խիզախ քայլերու ձեռնարկելու` լուծման ճամբուն վրայ վճռական եւ անշրջելի յառաջընթաց ապահովելու համար:

«Ու թէեւ մեր հանդիպումը տեղի ունեցաւ գետնի վրայ լարուածութեան աճի մտահոգիչ պայմաններու մէջ, սակայն ես ընդգծեցի քաղաքական քննարկումներուն եւ ջանքերուն մէջ կարեւոր այս պահը: Մենք քննարկեցինք օրակարգային բոլոր հարցերը:

1.- Գերիշխանութիւն եւ տարածքային ամբողջականութիւն

«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները անգամ մը եւս ամբողջովին վերահաստատեցին իրենց յարգանքը իրարու տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ: Ատիկա կը հիմնուի այն ըմբռնումին վրայ, որ Հայաստանի տարածքը 29800 քառակուսի քիլոմեթր է, իսկ Ատրպէյճանի տարածքը՝ 86600 քառակուսի քիլոմեթր:

2.- Սահմանազատում

«Երկու ղեկավարներն ալ վերահաստատեցին իրենց յստակ յանձնառութիւնը 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրին նկատմամբ` իբրեւ սահմանազատման քաղաքական շրջանակ:

«Ես ողջունեցի 12 Յուլիսին սահմանային երկու յանձնախումբերու հանդիպումը: Աշխատանքները յառաջ շարժեցան այս յանձնախումբերու կանոնադրութեան եւ սահմանազատման հիմերու վերաբերեալ քննարկումներուն շուրջ: Շատ կարեւոր է նկատել, որ ղեկավարները համաձայնեցան աշխուժացնել եւ արագացնել յանձնախումբերու աշխատանքը:

3.- Փոխկապակցում

«Փոխկապակցման հարցին մէջ, կողմերը նաեւ յստակ յառաջընթաց արձանագրեցին վերջին երկու ամիսներու ընթացքին շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման ուղղուած իրենց քննարկումներուն մէջ:

«Մենք քննարկեցինք ձեւերը ապագայ փոխադրամիջոցներու , որոնք պիտի յարգեն գերիշխանութեան, իրաւասութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքները:

«Պէտք է անյապաղ ձեռնարկել երկաթուղային կապի կառուցման: Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է ֆինանսական աջակցութիւն ցուցաբերելու:

«Որոշ մանրամասնութիւններ տակաւին յստակացում կը պահանջեն, սակայն այս նիւթին շուրջ դիրքորոշումները այժմ աւելի կը մօտենան, եւ տարբերակները աշխուժօրէն կ՛ուսումնասիրուին:

4.- Մարդասիրական հարցեր

«Մենք քննարկեցինք Ղարաբաղի հայ բնակչութեան վիճակը եւ Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը: Ներկայ կացութիւնը ակնյայտօրէն կայուն չէ եւ չի բխիր ոեւէ մէկուն շահերէն: Քննարկեցինք նաեւ հաւանական որոշակի քայլեր, որոնք պիտի օգնեն բնական հունի վերադարձնել կացութիւնը:

«Ես ընդգծեցի Լաչինի ճամբուն բացման անհրաժեշտութիւնը: Նշեցի նաեւ Աղտամի միջոցով մարդասիրական մատակարարումներ կատարելու Ատրպէյճանի պատրաստակամութիւնը: Ես երկու տարբերակներն ալ կարեւոր կը նկատեմ եւ կը խրախուսեմ մարդասիրական առաքումներ կատարել երկու կողմերէն` բնակչութեան կարիքները ապահովելու համար: Ես ողջունեցի նաեւ Կարմիր խաչի Միջազգային Կոմիտէին կողմէ բժշկական տարհանումներու վերսկսումը:

5.- Իրաւունքներ Եւ Անվտանգութիւն

«Այդտեղ գտնուող բնակչութիւնը կարիք ունի հաւաստումներու` նախ եւ առաջ իր իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման վերաբերեալ: Այս ծիրին մէջ ես յայտնեցի Եւրոպական Միութեան` Պաքուի եւ նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին մէջ բնակող հայերու ներկայացուցիչներուն միջեւ ուղիղ երկխօսութեան ծաւալման մասին յորդորը: Այս երկխօսութիւնը պէտք է ապահովէ շատ անհրաժեշտ վստահութիւն բոլոր ներգրաւուածներուն համար:

6.- Կալանաւորներ

«Քննարկեցինք նաեւ կալանքի տակ գտնուող անձերու հարցը:

«Ղեկավարները վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը փոխըմբռնման այն մասին, որուն համաձայն անզգուշօրէն միւս կողմ անցած զինուորներու ազատ արձակումը պիտի արագացուի:

«Ես կողմ արտայայտուեցայ այն կարծիքին, որ երկու կողմէն ալ ազատ արձակուին կալանքի տակ գտնուողները:

«Քննարկուեցաւ նաեւ անհետ կորսուածներու ճակատագիրի եւ ականազերծման հարցերուն մէջ շեշտակի գործակցութեան ապահովման կարեւորութիւնը, եւ ես անգամ մը եւս կողմերուն կոչ ուղղեցի կարելի եղածին չափ շատ տեղեկութիւն փոխանակելու:

7.- Հետագայ ընթացք
«Մենք համաձայնեցանք, որ մեր խումբերը մնան սերտ կապի մէջ` ապահովելու որոշակի հետեւողականութիւն այսօր քննարկուած նիւթերուն շուրջ:

«Իրական յառաջընթացը կախեալ է յաջորդ քայլերէն, որոնք պէտք է ձեռնարկուին մօտիկ ապագային: Իբրեւ առաջնահերթութիւն` խաղաղութեան եւ լուծման բանակցութիւններու համար պատշաճ միջավայր ապահովելու համար:

«Վերահաստատեցի նաեւ մտադրութիւնս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները հրաւիրելու այս ամառուընէ ետք Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք մէկ այլ հանդիպումի, ինչպէս նաեւ հերթական հնգակողմ հանդիպումին` Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարներու մասնակցութեամբ Քանատայի մէջ` Եւրոպական Քաղաքական համայնքի յաջորդ վեհաժողովի ծիրին մէջ»:

Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան
Յայտարարութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը եռակողմ հանդիպումին մասին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Ատրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի ապօրինի փակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած խորացող մարդասիրական ճգնաժամին, երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան ապահովման աշխատանքներուն, շրջանային փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական ենթակառոյցներու ապաշրջափակման, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագիրին, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հասցէագրման, ինչպէս նաեւ գերիներու, անհետ կորսուածներու եւ այլ մարդասիրական խնդիրներուն վերաբերող հարցեր:

Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է աշխուժացնելու աշխատանքները քննարկուած հարցերու լուծման գծով: