Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը Անգարային կոչ ուղղած է ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Այս մասին ըսուած է յանձնաժողովին` Թուրքիոյ առնչուած հաշուետուութեան մէջ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Եւրոմիութեան Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը։

Նշուած է, որ յանձնաժողովը աջակցած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ մեկնելով հաշտեցումի, տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան շահերէն։

Յանձնաժողովը կոչ ուղղած է շուտափոյթ իրականացնել յատուկ ներկայացուցիչներու պայմանաւորուածութիւնները, ինչպիսին են օդային տարածքի եւ երկու երկիրներու միջեւ սահմանի բացումը, եւ ողջունած է մինչ այժմ արձանագրուած յառաջընթացը` գոհունակութեամբ նշելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայութիւնը Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի երդմնակալութեան արարողութիւնը։

«Յանձնաժողովը կոչ ուղղած է Թուրքիոյ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ թուրք եւ հայ ժողովուրդներու միջեւ իրական հաշտեցման ճանապարհ հարթելու համար», ըսուած է զեկոյցին մէջ։

Փաստաթուղթին մէջ Թուրքիոյ ուղղուած եւս մէկ կոչ կայ՝ ամբողջութեամբ կատարել հայկական մշակութային ժառանգութիւնը պաշտպանելու իր պարտաւորութիւնները։