Շուրջ 3 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածքին մէջ «Ատրպէյճանը ստեղծած է ամենաբարդ, ժամանակակից համակեդրոնացման ճամբարը», յայտարարած է Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան՝ դիմելով միջազգային հանրութեան ու միջկառավարական հիմնարկներուն։

Թովմասեան ահազանգած է՝ ազատատենչ երկրի 120+30 (բռնի տեղահանուած) հազարանոց բնակչութիւնը 8 ամիս շարունակ ամէն օր կ’ենթարկուի նուաստացման, սովի եւ ֆիզիքական բնաջնջման սպառնալիքներու, կ’ապրի առանց ելեկտրականութեան, կազի, վառելիքի եւ դեղորայքի։

Արցախի ԱԺ նախագահը կոչ ուղղած է պատասխանատու եւ բոլոր միջազգային միջկառավարական հիմնարկներուն, որպէս ցեղասպանութեան եւ հայրենիքէն բռնի տեղահանման կանխարգիլման ամենագործուն ուղի, գործարկելու Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացը, ինչպէս նաեւ յատուկ քրէական ատեան հիմնել Ատրպէյճանի ղեկավարութեան նկատմամբ՝ Արցախի տարածքին ժամանակակից համակեդրոնացման ճամբար ստեղծելու յանցագործութեան համար։

Արցախի խորհրդարանի ղեկավարին համաձայն, «վերը նշուած վտանգներէն խուսափելու միակ միջոցը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումն է՝ «ճանաչում յանուն փրկութեան» սկզբունքին հիման վրայ»: