Հայաստանն ու Ատրպէյճանը սահմանազատման հարցերով յանձնաժողովներու չորրորդ հանդիպումին որեւէ քարտէզի մասին որոշում չեն գոյացուցած, NEWS.am-ին յայտնած են փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն։

Յանձնաժողովները, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի նախագահութեամբ, չորրորդ անգամ հանդիպած են այս տարուան 12 Յուլիսին Տաւուշի մարզի եւ Ղազախի շրջանի հատուածին մէջ։

Պաքուն այս տարուան 1 Յունիսի քիշնեւեան հանդիպումէն վերջ կրկին յայտարարեց, թէ Երեւանը «կը ձգտի խուսափիլ իր ստանձնած պարտաւորութիւններէն»՝ պնդելով՝ «հայկական կողմը փորձած է խեղաթիւրել շարք մը հարցերու էութիւնը»։ Քննադատութիւնը, մասնաւորապէս, Երեւանի նշած 1975 թուականի քարտէզներուն կ’առնչուէր․ Հայաստանի ԱԽ քարտուղար Արմէն Գրիգորեան նախօրէին յայտարարած էր, թէ սահմանազատման հարցով 1975 թուականի քարտէզին մասին որոշակի յառաջընթաց գրանցուած է Քիշնեւի մէջ, Պաքուն հակադարձեց, ըսելով որ՝ որոշակի քարտէզի հիման վրայ սահմանազատման մասին պայմանաւորուածութիւններ չեն եղած։

Պաքուին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը արձագանգեց՝ չկայ վերջնական պայմանաւորուածութիւն, թէ որ քարտէզներով պէտք է Հայաստանն ու Ատրպէյճանը սահմանազատում իրականացնեն՝ միեւնոյն ժամանակ նկատելով, որ Քիշնեւի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի հետ վերջին հանդիպումին Իլհամ Ալիեւ կարծես դէմ չէ եղած 1975 թուականի քարտէզներուն, թէեւ մինչեւ այդ մշտապէս մերժած է անոնք։