14 Յուլիսին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ համաժողովրդական անժամկէտ շարժման հանրահաւաք:
«Արմէնփրէս»-ի թղթակիցին հաղորդումով՝ հանրահաւաքը սկսաւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար հերոսաբար ինկածներու յիշատակը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելով եւ Տէրունական աղօթքով:
Հանրահաւաքին մասնակցեցան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, պաշտօնատար այլ անձեր եւ հազարաւոր արցախցիներ:
Մէկ օր առաջ Արցախի դիմագրաւած օրհասական ներկայ վիճակին վերջ տալու համաժողովրդային խաղաղ շարժումի դիմելու կոչը ուղղած էր Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան:
Արցախի ժողովուրդը 15 Յունիսէն, երբ Ատրպէյճան ամբողջութեամբ փակած է Լաչինի միջանցքը եւ զրկած արցախցիները սահմանափակ մարդասիրական մատակարարումներէն, կանգնած  է ֆիզիքական իր գոյութեան սպառնացող վտանգի առջեւ:  Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ի թղթակիցը, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ տեղի սկսած համաժողովրդական հանրահաւաքի ընթացքին այս մասին ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան:
«Այսօր արցախցին ոտքի կանգնած է  յայտարարելու, որ բաւ է. Ատըրպէյճանն ու աշխարհը կ’ուզեն Արցախը դարձնել զոհասեղան, որուն վրայ դրուած է մեր հայրենակիցներու, մեր երեխաներու կեանքը, եւ մենք ատիկա թոյլատրել չենք կրնար: Եթէ 12 Դեկտեմբեր 2022-ին արցախցին ստիպուած էր թերի սնանիլ, եթէ առողջական հարցեր ունեցող մեր տարեցները, երեխաները, ծնողները հարկադրուած էին անցնելու ծանրագոյն կենսական խնդիրներու ընդմէջէն, 15 Յունիս 2023-էն մեր ժողովուրդը կանգնեցուցած են ֆիզիքական գոյութեան սպառնացող վտանգի առջեւ:
Գրեթէ մէկ ամիս է, որ Արցախը կ’ապրի ներքին պաշարներու հաշուոյն: Այդ ընթացքին բոլորիս միատեղ ջանքերով փորձած ենք իրավիճակը պահել այնպէս, որպէսզի Արցախի շրջափակման այս ծանրագոյն հետեւանքները նուազագոյն ազդեցութիւնը ունենան արցախցիին վրայ՝ յոյս ունենալով, որ ամէնէն կարճ ժամկէտին մէջ միջազգային հանրութիւնը, Ռուսիոյ Դաշնութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը վճռական քայլերու կը ձեռնարկեն այս մահաբեր աղէտի ընթացքը կանգնեցնելու համար: Բայց պարզուեցաւ, որ բոլորը ընդամէնը դիտորդի կարգավիճակով կը հետեւին այդ ամբողջին», նշեց պետական նախարարը՝ աւելցնելով, որ այսօր իրավիճակը արդէն օրհասական է, իսկ իւրաքանչիւր վաղուան օրը պիտի ըլլայ ալ աւելի ծանր ու դժուար:
«Կրկին ձեր բոլորին անունով կ’ուզեմ գոռալ՝ մենք արդէն հասած ենք համբերութեան եզրագիծին եւ այլեւս զրկանքներու հաշուոյն ի վիճակի չենք ձեզ ընձեռել քաղաքական խուսանաւումներ կատարելու կարելիութիւններ: Մենք այլեւս ի վիճակի չենք ինքնամոռաց տանջուիլ: Ի վիճակի չենք, որովհետեւ այլեւս հիւծուելու տեղ չունինք: Որովհետեւ որեւէ զիջում այլեւս մեր երեխաներու կեանքի գնով է՝ Արցախի 30 հազար երեխաներու կեանքի գնով: Մենք մեր երեխաներուն կեանքը երբեք սակարկութեան առարկայ պիտի չդարձնենք», շեշտեց պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան:
Այնուհետեւ հանրահաւաքին մասնակիցները երթով շարժեցան դէպի Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան կեդրոնը, որ կը գտնուի Արցախի Իւանեան համայնքին մէջ: Հանդիպում ունենալէ ետք հրամանատարութեան հետ, Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց այդ հանդիպումէն:
Պետական նախարարին համաձայն, խաղաղապահ առաքելութեան հրամանատարութիւնը կ’ընդունի, որ խախտուած են 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները: «Պարտաւորուած եւ ընդունած են, որ իրենք աշխատանք ունին կատարելիք՝ մարդասիրական ճգնաժամը վերացնելու համար», աւելցուց Գուրգէն Ներսիսեան: