Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանին հետ։ Ալէն Սիմոնեանի նախաձեռնած հերթական հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին գործընկերները քննարկած են Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը։

Արցախի ԱԺ նախագահը մանրամասնութիւններ հաղորդած է վերջին օրերուն առնչուող զարգացումներուն մասին։

Զրուցակիցները անդրադարձած են ճգնաժամի հետեւանքով ստեղծուած դրութենէն միատեղ լուծումներ գտնելու միջխորհրդարանական կարելիութիւններուն։