Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Տնօրէնութեան եւ Խնամակալութեան, Շաբաթ, 8 Յուլիս 2023-ին երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ 2022-2023 ուսումնական տարեշրջանի երկրորդականի ամավերջի հանդէսը:
Հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, Սուրիոյ Խորհրդարանի Երեսփոխաններ, ՀՀ Հալէպի Հիւպատոսութեան խորհրդականն ու ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան գնդապետը, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչը, Թեմի Ազգ. երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան եւ ազգային միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ, Ճեմարանի տնօրէնութիւնն ու կրթական մշակներ, Շրջ. Միութեան վարչութեան ներկայացուցիչներ եւ ծնողներ:
Հանդէսը բաց յայտարարուեցաւ ու ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին նահատակներուն յիշատակը:
Շրջանաւարտ հունձքը ներկայացնող երգչախումբը հանդէսին բացումը կատարեց Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով:
Հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արեգ Արոյեան, որ անդրադարձաւ Ճեմարանէն ներս վեց տարիներու ուսումնական եւ ընկերային կեանքին, իսկ արաբերէն խօսքով Արեւիկ Օգճեան ներկայացուց գիտութեան կարեւորութիւնը մարդու կեանքին մէջ:
Եւ այսպէս երգչախումբը յաջորդաբար ներկայացուց փունջ մը հայերէն եւ արաբերէն երգեր, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Ճեմարանի երաժշտթ. ուսուցչուհի Ռուզան Պարսումեանի:
Շրջանաւարտ հունձքը կոչուեցաւ « Ս.Ներսէս Շնորհալի» սերունդ, հայոց հայրապետին մահուան 850-ամեակին առիթով:
Երգչախումբին յաջորդեց Ս. Ներսէս Շնորհալիի կենսագրութեան ներկայացումը, ապա շրջանաւարտները հանդէս եկան խմբային հայերէն եւ արաբերէն ասմունքներով եւ Ներսէս Շնորհալիին հանելուկներով:
Խումբ մը շրջանաւարտներ ջութակով, քանոնով, դաշնամուրով եւ կիթառով ներկայացուցին ազգային եւ հայրենասիրական երգեր:
Արաբերէն ուղերձը ընթերցեց Սէրլի Պետրոսեան: Ան 12-րդ կարգի աշակերտութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի ուսուցչական կազմին, ծնողներուն եւ ազգայիններուն՝ իրենց ցուցաբերած հոգատարութեան ու խնամքին համար:
Հայերէն ուղերձը ընթերցեց Աննա Սաղպազարեան, որ ըսաւ. «Միջին Արեւելքի տարածքին գործող հայկական վարժարաններու մէջ իւրայատուկ տեղ ու դեր ունեցող Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը ստանձնած է մարդուժի պատրաստութեան ամենակարեւոր բնագաւառը: Եթէ շրջինք աշխարհով մէկ, պիտի զմայլինք ծանօթանալով գիտական, գրական, արհեստագիտական համարեա՛ բոլոր մարզերուն մէջ պատուաբեր նուաճումներ արձանագրած ճեմարանաւարտ հայորդիներով, պիտի հպարտանանք ճեմարանով եւ հոգեկան գոհունակութիւն զգանք ճեմարանաւարտ ըլլալու համար»:
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէնուհի Զեփիւռ Է. Րէիսէան ըսաւ որ այս տարին անցուցինք բաւական դժուար պայմաններու մէջ, բոլորս ցնցուեցանք աղէտալի երկրաշարժին պատճառով: Ապա յիշեց տնտեսական եւ ծառայողական ծանր պայմաններ յաղթահարած վարժարանիս տարեկան ընթացքը: Րէիսեան ընթերցեց ճեմարանի 2022-2023 ուսումնական տարուան տեղեկագիրն ու աշակերտներուն ձեռքբերումները ներկայացուց:
Ճեմարանի պետական տնօրէն Ապտուլ Համիտ ալ-Մասրի ներկայացուց երկրի դժուար պայմաններուն մէջ կրթական կեանքի կայուն ընթացքը: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց սուրիական բանակին եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին, որոնց շնորհիւ խաղաղութեան մէջ կ’ապրինք ու կարելիութիւն կ’ունենանք բնականոն ուսումնական կեանք յառաջ տանելու:
Ամէն տարի Ճեմարանի Շրջ. Միութիւնը կը պարգեւատրէ երկրորդականի երեք կարգերու առաջնակարգ աշակերտները: Տնօրէնուհիին եւ Շրջ. Միութեան ատենապետ Ներսէս Պարսումեանի ձեռամբ նախ պարգեւատրուեցան 2021-2022 ուսումնական տարեշրջանի 12-րդ կարգի պետական քննութեան առաջնակարգ երեք հետեւեալ շըրջանաւարտները՝ Քարէն Գատեհճեան (առաջին), Սարին Շահինեան (երկրորդ), Կալին Պալապանեան (երրորդ):
Այս երեքը պարգեւներ ստացան նաեւ ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան կողմէ:
10-րդ կարգէն պարգեւատրուեցան Նանոր Լախոյեան (առաջին), Շողակ Խրոյեան (երկրորդ), Արփի Արապանեան (երրորդ):
11-րդ գիտական բաժինէն պարգեւատրուեցան Արէն Խրոյեան (առաջին), Աննա Պետրոսեան (երկրորդ), Յովիկ Տատաղլեան (երրորդ), իսկ 11-րդ գրական բաժինէն պարգեւատրուեցան Մարինէ Պալապանեան (առաջին), Սէրլի Ճենանեան (երկրորդ), Ծիլա Գանձապետեան (երրորդ):
Գրական բաժինէն՝
Պօղոս Կարապետեան (առաջին), Բալիկ Խրոյեան (երկրորդ), Էլիզապէթ Խաչատուրեան (երրորդ):
Ճեմարանի 1977-ի շրջանաւարտներուն կողմէ պարգեւատրուեցան նաեւ 10-րդ, 11-րդ եւ 12-րդ կարգերու հայերէն լեզուի բարձրագոյն նիշեր ապահոված աշակերտները:
10-րդ կարգէն Արփի Արապանեան, Եսթեր Կիւլտալեան, Նանոր Լախոյեան:
11-րդ կարգէն Արէն Խրոյեան, Աննա Պետրոսեան, Յովիկ Տատաղլեան:
12-րդ կարգէն Աննա Սաղպազարեան, Արեգ Արոյեան եւ Յակոբ Քիւրքճեան:
Հասաւ ամէնէն հաճելի պահը, երբ բեմ բարձրացան 2022-2023 տարեշրջանի 53 շրջանաւարտներ՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ երկրորդականի իրենց վկայականը ստանալու համար:
Միեւնոյն ատեն հայերէն լեզուի առաջնակարգ ուսանողները տնօրէնութեան կողմէ գովասանագրերու արժանացան, իսկ հետեւեալ աշակերտները ստացան Կիլիկիա հրատարակչատան կողմէ նուիրուած «Մկրտիչ Մկրտիչեան» մրցանակը՝ Աննա Սաղպազարեան, Սէրլի Պետրոսեան եւ Յակոբ Քիւրքճեան:
Օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան ու ըսաւ. «Արդար էր ձեր սերունդը յորջորջել մեր ազգի եւ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ իր անջնջելի կնիքը թողած մեծ հայրապետին՝ Ս. Ներսէս Շնորհալիի անունով: Շնորհալին ունեցած է ազգին եւ հայրենիքին, ազգային եւ եկեղեցական արժէքներուն նկատմամբ խոր գիտակցութիւն: Ուստի ձեր ուսերուն մեծ պարտաւորութիւն դրուեցաւ նման պտղաբեր կեանք ունեցող, ամէն մակարդակի վրայ բեղուն գործունէութիւն ծաւալած Շնորհալիի արժանաւոր զաւակները դառնալու: Դուք պիտի արժեւորէք այդ խոստումը ապագային ձեր տալիքներով՝ մեր եկեղեցւոյ, ազգին, հայրենիքին ու ժողովուրդին»:
Հանդէսը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով, կատարողութեամբ երգչախումբին, ապա սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:
Շրջանաւարտները յուզումնախառն ապրումներով բոլորեցին փուլ մը ու նոր փուլ մը բացուեցաւ իրենց դիմաց դէպի բարձրագոյն ուսում:
Շրջանաւարտ 
Աննա Սաղպազարեան