Համազգայինի «Ն. Սղբալեան» մասնաճիւղի Գրական Յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, այս տարի եւս կը շարունակուի «Կար ու Չկար 2»-ի գործունէութիւնը, Զաւարեան Մշակութային կեդրոնէն ներս։

Գործունէութեան նպատակն է մեր մայրենին՝ ոսկեղենիկ հայերէնը սիրցնել մեր մատղաշ սերունդին զանազան միջոցներով՝ պատմուածքներով, խաղերով եւ դաստիարակչական այցելութիւններով։

Երկուշաբթի, 17 Յուլիս 2023-ին «Կար ու Չկար 2»-ի մասնակիցները այցելեցին «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագրատուն։

Անոնք ջերմապէս դիմաւորուեցան շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեանի եւ խմբագրակազմին կողմէ։

Խմբագիրը «Գանձասար» շաբաթաթերթին եւ «Կկու» մանկապատանեկան ներդիրին մասին տեղեկութիւններ տուաւ պատանի այցելուներուն եւ բացատրեց թերթին պատրաստութեան աշխատանքը մինչեւ անոր հրատարակուիլը շաբաթական դրութեամբ։

Պատանիները հարցումներ ուղղեցին խմբագիրին՝ հետաքրքրուելով շաբաթաթերթին աշխատանքով։ Անոնք ստացան լուսաբանական եւ գոհացուցիչ պատասխաններ։

Փոքրիկ այցելուներն ու իրենց ընկերակցող պատասխանատուները շնորհակալութիւն յայտնեցին եւ թերթի տարբեր բաժինները ընթերցելու եւ անոր աշխատակցութեան փորձ կատարելու խոստումով մեկնեցան խմբագրատունէն։