(Լիզպոնի սխրագործութեան 40-ամեակին առիթով) 

27 Յուլիս 1983-ին Հայ Յեղափոխական Բանակի հինգ մարտիկները կազմակերպեցին եւ յանդգնութեամբ իրականացուցին Լիզպոնի գործողութիւնը՝ յստակ պատգամներ ուղղելով ե՛ւ միջազգային հանրութեան, ե՛ւ հայ ժողովուրդին:
Գործողութեան նպատակը եթէ մէկ կողմէ Հայ Դատը միջազգայնացնելն էր, միւս կողմէ հայ ժողովուրդին յուշելն էր, որ ունինք խլուած իրաւունքներ, որոնց տիրանալու միակ միջոցը գաղափարական ակունքներէ սնանող աննահանջ պայքարն է:

Լիզպոնի հինգ երիտասարդները հայ յեղափոխութեան եւ ուժական պայքարի գաղափարը կրողներն էին ու 40 տարի առաջ իսկ մեզի պատգամեցին, որ ոչ մէկ ազգ իր իրաւունքներուն կրնայ տիրանալ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններուն յարմարելով կամ զիջումներով խաղաղութիւն մուրալով:
Անոնք յանդգնութիւնը ունեցան իրենց գարուն կեանքին գնով միջազգայնացնելու Հայ Դատը, անտարբեր աշխարհին պարտադրելու վերաբանալ հայկական պահանջատիրութեան թղթածրարներն ու մշտապէս իրենց քաղաքական օրակարգին վրայ պահել 1915-ին տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու պատմական իր հայրենիքէն վտարանդի դարձած ազգի մը դատը:

Իսկապէս ալ ուժական պայքարին հետ Հայ Դատը միջազգայնացաւ, բազմաթիւ երկիրներու խորհրդարաններ ճանչցան ու դատապարտեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու զարթնեցաւ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի ոգին Սփիւռքէն Հայաստան ու Արցախ:

Լիզպոնի հինգ ողջակէզները ո՛չ մարդասպաններ էին, ոչ ալ կեանքին հրաժեշտ տուող յուսահատներ: Անոնք կը հաւատային որ պիտի յաջողին միջազգայնացնել իրենց ազգին ու ժողովուրդին դատը, առանց վայրկեան մ՛իսկ տատամսելու, առանց յանձնուելու կամ զիջելու:

Այսպիսի հաւատքով կերտուած էին հինգ մարտիկները, որոնք ըլլալով շառաւիղները ցեղասպանութենէ ճողոպրած ու հայրենազուրկ դարձած սերունդի մը, լուռ չէին կրնար մնալ միջազգային անտարբերութեան, Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան դիմաց ու պատրաստ էին պատուհասը դառնալ իրենց ոսոխին՝ յանուն արդարութեան վերականգնումին:

Անոնք ազգի ու հայրենիքի փրկութեան նպատակասլաց պայքարի ճամբան ընտրած էին ու քաջ գիտէին, որ այդ ճամբան երկար է ու փշոտ, սակայն հարթ կրնայ դառնալ եթէ հայ երիտասարդութեան միտքն ու բազուկը հաւասարակշռուած կշռոյթով գործեն՝ առանց տարուելու գերպետութիւններու նենգ խաղերով, խաբեպատիր խոստումներով ու կաշառքներով:

Լիզպոնի հինգ երիտասարդները մերժեցին ստրկութիւնը, իմաստաւորեցին մեր ազգին պայքարը, եւ ստեղծեցին այդ տարիներու իրենց սեփական զէնքը:

Աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու եւ մեծ պետութիւններու հակադրուող շահերու լոյսին տակ, այսօր, Լիզպոնի գործողութեան 40-ամեակը արժանապատիւ ապրելու եւ հայրենիքի փրկութեան համար ազգիս իրաւունքները ուրացողներուն, թէ խլողներուն դիմաց նուաստացման բոլոր դրսեւորումներէն զերծ մնալով արժանապատիւ պայքար մղելու ահազանգը կը հնչեցնէ:

Լիզպոնը հայրենիքի ամենափոքր բեկորին իսկ խիզախօրէն տիրութիւն ընելու ամէնէն յստակ ու յանդուգն կոչն է նաեւ: Արան, Սագօն, Սեդրաքը, Սիմոնն ու Վաչէն անկախ Հայաստանն ու Արցախը տեսնելու առիթ չունեցան, բայց հաւատացին այդ օրուան ու դաշնակցականի այդ հաւատքն էր, որ ճեղքեց լռութեան պատը ու միջազգայնացուց Հայ Դատը, որպէս ամբողջական պայքարի մէկ օղակը: