Օրեր առաջ, մեզմէ առ յաւէտ բաժնուեցաւ ամերիկահայ պատմագէտ, տասնեակ արժէքաւոր գիրքերու հեղինակ Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը: Մեծ անուն, որ ցաւօք հայ հասարակութեան նկատառելի մասին ծանօթ չէ: Ըլլալով բացառապէս գիտութեան եւ ճշմարտութեան սպասարկու, տոքթ. Յովհաննէսեան անաչառօրէն ուսումնասիրեց մեր արդի պատմութեան կարեւորագոյն իրողութիւնները, Ցեղասպանութիւնը, անկախութիւնն ու առաջին հանրապետութիւնը, խորհրդայնացման եղանակը եւ այլն: Որպէս արդիւնք, ան յաջողեցաւ լուսաւորել մեր պատմութեան որոշ մութ ծալքերն ու եղելութիւնները, արժանանալով հայ յառաջդիմական խաւերու գնահատանքին, իսկ յետադիմականներու կշտամբանքին: Բացառիկ գիտական արժանիքներու տէր ըլլալով եւ հսկայ աշխատանք տանելով, ան արժանացաւ հայ ղեկավար ու մտաւոր շրջանակներու համակրանքին ու յարգանքին, բայց ոչ աւելիին՝ ինչին  կատարելապէս արժանի էր:
Կորուստի այս պահը առիթ է անդրադառնալու մեր շրջանակներէն ներս տիրող երեւոյթի մը՝ հայ մտաւորականին հանդէպ տիրող անտարբերութեան: Յովհաննէսեանին նախորդեցին այլ մտաւորականներ, գիտական ասպարէզի մէջ փայլուն դէմքեր, ինչպէս օրինակ իր գործընկեր, վաստակաշատ պատմաբան Վահագն Տատրեանը, համբաւաւոր բանաստեղծ Ժագ Յակոբեանը, «Ես Այդ Շունն եմ» հանրածանօթ գիրքի հեղինակ՝ խմբագիր Պօղոս Սնապեանը եւ շատ ուրիշներ: Քանի՞ հոգիներ կը ճանչնան յիշուած անունները: Ահիլ-ջահիլ երիտասարդութիւնը ի՞նչ գիտէ իրենց մասին: Ինչո՞ւ այս անձնաւորութիւնները շուքի մէջ մնացած են եւ իրենց փոխարէն պատնէշի վրայ շարունակ ներկայութիւն ունեցած կարգ մը ապաշնորհ կղերականներ, փտած ու նեխած քաղաքական գործիչներ, չակերտեալ բարերարներ, մշակոյթ նուաստացնող «արուեստաբան»-ներ, եւ ոչ թէ պատուաւոր ու ստեղծագործական վաստակ ունեցող անձնաւորութիւններ: Ի՞նչ կը նշանակէ այս երեւոյթը, եթէ ոչ մարդիկը գնահատելու բնական չափանիշներու խախտում ու խոտորում:
Սոյն երեւոյթը յատուկ չէ մեզի, այլ ընդհանրացած է յետամնաց շրջանակներու մէջ եւս, ժամանակ կար երբ այս երեւոյթը գլուխ կը ցցէր նաեւ եւրոպական-ամերիկեան ոստաններու մէջ: Ո՞վ չի ճանչնար հանրածանօթ գծագրիչ Վինսընթ Վան Կոկը, որուն կեանքին ընթացքին արուեստի իր ստեղծագործութիւնները հասարակութեան լայն շերտերու մօտ ընդունելութիւն չէին գտներ: Ան ապրեցաւ անտեսուած թէ՛ հանրութեան, եւ թէ՛ արուեստի շրջանակներուն կողմէ, ինչ որ պատճառ դարձաւ իր հոգեկան եւ մտային տագնապի սաստկացման: Ցաւալի է իմանալ, թէ պարզապէս իր մահէն ետք մարդոց գնահատականը կտրականապէս փոխուեցաւ: Անտեսուած արուեստագէտը յետ մահու գնահատանքի արժանացաւ եւ անցաւ այլ մեծ գծագրիչներու շարքին: Այլ ասպարէզի մէջ, ելեկտրագէտ Նիքոլա Թեսլան, որ իր մարզի հանճարներէն եւ գիւտարարներէն ըլլալով, բազմատեսակ գիտական թէ արհեստագիտական ներդրումներ ունեցաւ այս ոլորտին մէջ, ապրեցաւ ու գործեց աղքատութեան ու ճնշուածութեան մէջ, իր ետին ձգելով գիտական-արհեստական հսկայ ժառանգութիւն եւ նիւթական հսկայ պարտք: Կը հասնիմ մինչեւ ինծի համար հարազատ դէմքի մը, ամերիկեան գրականութեան հռչակաւոր գրիչներէն Էտկար Փոնի, որ հետաքննական գրական սեռի հիմնադիրներէն ըլլալով համապատասխան գնահատանքի չէ արժանացած եւ ամերիկացի ժողովուրդը միայն իր վաղաժամ մահէն ետք զինք պատուած է:
Արեւմուտքը, սակայն, քաղեց պէտք եղած դասը, փոխեց իր մօտեցումը գիրի, արուեստի ու գիտութեան ոլորտներէն ներս ներդրում ունեցողներուն հանդէպ: Ան առաւելաբար սկսաւ աշխարհի չորս կողմերէն ընտրեալ ստեղծագործ միտքերը ներգրաւել եւ օգտագործել ի նպաստ իրեն: Իսկ մենք, բացի հագուկապէն ու ժողովրդային կենցաղէն, այլ սորվելիք չունի՞նք Արեւմուտքի ժողովուրդներէն:
Զարթնինք, մեր հին սերունդի մտաւորականները մէկ առ մէկ կը հեռանան, հսկայ ժառանգ թողելով առանց ժառանգորդի, իսկ ուրկէ՞ գտնել ժառանգորդ, երբ հայ երիտասարդը կը տեսնէ մտաւորականը անտեսուած, պէտք եղածին պէս չգնահատուած, երբեմն նաեւ չարաչար շահագործուած:
ՉԽօսինք այն մասին, թէ ո՛վ որո՞ւն բացը պիտի գոցէ: Խօսինք ու աշխատինք մտաւորականին հանգամանքը վերադարձել: Սկզբնական քայլը ներկայ մատներու վրայ հաշուըուող մտաւորականներուն տարբեր աշխատանքներու մէջ ներգրաւելն ու պատշաճ վարձատրութիւնը կատարելն է:
Հայկ Պաթթալեան