«We Are All Armenian, Voices from the Diaspora» կը կոչուի սոյն տարուան Մարտ ամսուան մէջ Թեքսաս համալսարանի հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսած հատորը, որ բաւական լայն սպառում ունեցաւ եւ կ’ունենայ տակաւին։
224 էջերէ բաղկացած այս հատորին խմբագրութիւնը կատարած է Արամ Մրճոյեան։ Ան Chicago Review of Books-ի գլխաւոր խմբագիրն է, ինչպէս նաեւ՝ Guernica գեղարուեստական գրականութեան խմբագիրը։ Կողքի գոյնզգոյն ձեւաւորումը, որ կատարուած է արուեստագէտներ Տալիա ալ-Սայիտի եւ Անտրէ Տէմիրճեանի կողմէ, ձայներու բազմազանութեան տպաւորութիւն կը թողու։ Գիրքը Սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան փնտռտուքի մասին է, գրուած տասնութ հայ գրիչներու կողմէ։ Գիրքի լեզուն անգլերէն է, որովհետեւ գրողները կա՛մ առիթը չեն ունեցած հայերէն սորվելու, կա՛մ ժամանակը եւ կամ կամքը։ Ոմանք հայերէն կը խօսին, բայց կը խուսափին գրելէ, որովհետեւ բանաւոր խօսքն ու գրաւորը տարբեր բաներ են իրարմէ։ Մրճոյեան ի մի բերելով Տասնութ գրիչներ, ազատ արտայայտութեան հարթակ կը տրամադրէ եւ կ’առաջարկէ տարբեր տեսակէտներ ազգային պատկանելիութեան եւ ինքնութեան վերաբերեալ։ Տարիներ խլեց ինձմէ, որ հասկնամ թէ ինչու մէջս կը կրէի գերեզմանատուն, ուր յիշողութիւնները, որոնք երկար ժամանակ անշունչ եւ կեանքէն խլուած էին, հոն մնացած էին քայքայուելու՝ անհասանելի ըլլալով նոյնիսկ ինծի համար (Հ.Վ. էջ 169)։
Տասնութ փորձագրութիւններու հեղինակներն են Նենսի Ագապեան, Լիանա Աղաճանեան, Սոֆիա Արմէն, Գոհար Աւագեան, Ճօն Տէր Պօղոսեան, Քրիս Պոհճալեան, Ռաֆֆի Պուճիքանեան, Աննա Կազմարեան, Մաշինկա Յակոբեան, Օլիվիա Գաթրանճեան, Նենսի Գրիգորեան, Նայիրա Քիւզմէչ, Քրիս Մըքորմիք, Կարինէ Մկրտիչեան, Ալին Օհաննէսեան, Սքաութ Թուֆէնքճեան, Հրակ Վարդանեան եւ  Ռաֆֆի Վարդանեան։ Անոնց պատումներուն ընդմէջէն կը նշմարենք, որ երբեմն մոռցուած կամ քնացած ջիղ մը կը զարթնի իրենց ներսիդիէն, երբեմն իրենք զիրենք կը մեղադրեն, որովհետեւ լաւ հայ չեն սեպեր ինքզինքնին, երբեմն բեռ կը համարեն հայ ըլլալը։ Երբեմն հայ ըլլալը կը կապուի յուշի մը, երբեմն սնունդի, կրօնի, լոկ՝ բառի եւ կամ պարզապէս՝ մեծ մօր ձայնի արձագանգին։ Բացի մեծ հօր եւ մեծ մօրս հետ անցուցած ժամանակէս… կապ չեմ ունեցած իմ հայկական ժառանգութեանս հետ… միայն միջին տարիքիս էր, որ խորունկ ձգտում զգացի հայութեանս վերադառնալու (Քրիս Պ. Էջ 108)։
…Իսկ ես, գիտէի քիչ մը հայերէն, գիտէի նաեւ շատ մը տասնեակ հայերէն բառակապակցութիւններ եւ անկապ բառեր։ Մեծ մայրս սորվեցուցած էր ինծի հայերէնով մինչեւ տասը համրել, անկէ անդին, որոշ արտայայտութիւններ սորված եմ անընդհատ  լսելով զանոնք։ Կը հասկնայի մեծ մօրս հրահանգները. «Դգալ մը շաքար տո՛ւր, դուռը գոցէ՛, լոյսը բա՛ց,  ա՛ռ ասի, հո՛ս եկուր, հո՛ն նստիր, հո՛ն կեցիր, քալէ՛, վազէ՛, արագ ըրէ՛, կամաց քալէ՛»։ Այս բոլորը կը հասկնայի, առանց գիտնալու լեզուն։ Իսկ երբ ան հօրեղբօրս «դդում գլուխ» կ’ըսէր, կը հասկնայի, որ ամօթ բառ մըն է, եւ երբ «ամօթ քեզի» ըսէր, կը գիտնայի, որ սխալ բան մը ըրած էի եւ այդ սխալը ընդհանուր առմամբ գիտէի, որ կը վերաբերէր վարտիկիս եւ յետոյքիս, որոնք յաճախ պալէի տարազներուս տակէն կ’երեւէին։ Ան նոյնը կ’արտայայտուէր նաեւ անգլերէնով. «Cover your shame» (ամօթդ ծածկէ՛) կրկնելով։
Կը սիրէի հայ մեծ մայրս, սակայն կարելի եղածին չափ կ’ուզէի ըլլալ ամերիկացի։ Երբ տասը տարեկան էի, կը փափաքէի ըլլալ ճերմակ Անկլօ Սաքսօն աւետարանական եւ ունենալ պարզ եւ ուժեղ մականուն մը, որպէսզի գաղթականի ինքնութիւնս յայտնի չընէր։ (Ն.Գ. էջ 57)։
Իւրաքանչիւրը իր հայութեան փորձառութիւնը ապրած է իր ձեւով, որ կրնայ բոլորովին տարբեր ըլլալ միւսէն, սակայն անոնք տեղ մը կը հանդիպին իրարու՝ հայու ճակատագրին շուրջ։ Երբեմն կ’ուզեն լռել, զուտ ամերիկացի ձեւանալ, չունենալ բարդոյթը ցեղասպանուած ազգի, «սապէս լաւ անուն մը դիր որ ամերիկացիները հասկնան…. » (Օ.Ք.էջ 63), սակայն այդ փախուստը շատ անգամ անկարելի կ’ըլլայ, որովհետեւ անիկա իսկութեան մէջ ինքնախաբէութիւն է, փախչիլ իրականութենէն։ Փախչիլ վայր մը, որ չկայ։ Քանի որ վայրը ներսդ է։ Տեղէ մը անպայման դուրս պիտի գայ ինքզինք պարտադրելու, եթէ երբեւէ այդ հունտը ցանուած է մէջդ։
Նմանատիպ մտքի հեղինակ է նաեւ Նայիրա Քիւզմէչ։ Իր փորձագրութեան մէջ կը պատմէ, թէ ինչպէս  հայ ամերիկացի երիտասարդուհին ընկերուհիներով Գերմանիա կ’երթայ արձակուրդի։ Գիշերային ակումբ կը մտնեն եւ հոն իրենք զիրենք ձերբազատուած կը զգան ամէն տեսակի բեռէ։ Անոնք պարտաւոր չեն զգար իրենց հայ ինքնութիւնը պարզելու։ Ամերիկացի են եւ վերջ։ Սակայն ներքին լռութիւնը ձայն կ’առնէ անսպասելի մէկ պահուն։
Թարգմանաբար կը ներկայացնենք քանի մը հատուած գրութենէն.
Երկար ժամանակ ոտքի մնալէ ետք, անօթի զգացի։ Ուզեցի դուրս գալ, մեթրոյով մեր հանրակացարանը երթալու։ Քալեցինք ընկերուհիներով մինչեւ որ գտանք բաց խանութ մը, որմէ անուշ հոտեր կու գային։ Միջին արեւելեան արագ սնունդի վայր մըն էր։ Պատին վրայ գունաւոր պաստառներով ճաշատեսակներու նկարներ կային։ Աչքս դպաւ «լահմաճուն»-ին։ «Լահմաճուն» բառը թէեւ արաբական ծագում ունի, սակայն Ամերիկայի մէջ ան «հայկական փիցցա» կը կոչուի, իսկ ահա եւրոպայի մէջ զայն «թրքական փիցցա» կը կոչեն։ Կոպերս նեղցուցի վստահ ըլլալու համար թէ ճի՞շդ էր տեսածս, թէ ոչ։ Այո՛, այդպէս էր։ Ապսպրելու կարգս եկաւ, սակայն ես դեռ քամուած նկարին վրայ արձանագրուած բառերուն կը նայէի՝ «Turkish Pizza».
Եւրոպայի մէջ շատ աւելի թուրքեր կան, քան հայեր, իսկ ամերիկայի մէջ՝ հակառակը։ Այս փաստ մըն է եւ բացատրութիւն, թէ ինչո՛ւ այս ճաշատեսակի անուանումները այսպէս ընդունուած էին իւրաքանչիւր շրջան։ Ես որ կ’ապրիմ «Little Armenia» կոչուած թաղամասին մէջ, ամէն շաբաթ կ’ուտեմ հայ մօրս պատրաստած «հայկական լահմաճուն»-ը։ Պերլինի մէջ ճաշարանը կանգնած, ահա, ես ամերիկացի չէի այլեւս։
Աշխատող երիտասարդը գերմաներէնով բան մը ըսաւ եւ վերջապէս նայեցայ իրեն։ Մութ մազեր, մուգ աչքեր, մօրուքը խիտ եւ նորաոճ։ Ձայնը բարձրացուց զայրացած՝ հարցնելու համար թէ ի՛նչ կ’ուզեմ ապսպրել, մանաւանդ որ ետեւս երկար պոչ մը գոյացած էր եւ ոչ ոք վստահաբար կը գիտակցէր, թէ ես ի՛նչ կը զգայի այդ պահուն։ Կոկորդս մաքրեցի, բայց ձայնս կտրուած էր։ Ձեռքս բարձրացուցի եւ ցոյց տուի լահմաճունին նկարը։ Պաշտօնեան նորէն բաներ մը ըսաւ. շարունակեցի մատով ցոյց տալ։ Յօնքերը վեր առաւ եւ գերմաներէնով բաներ մը կրկնեց։ Թուքս կուլ տուի եւ նկարին քով դրուած թիւը արտասանեցի անգլերէնով։ Գրեթէ ամէն ոք, որուն հանդիպած էինք հոս, անգլերէն կրնար խօսիլ։ Վստահաբար թիւերը պիտի հասկնար։ Թիւը կրկնեցի։ ժպտեցաւ եւ թաւ ձայնով հարցուց. «Թրքական փիցցա՞»։
Կրկնեցի թիւը անգլերէնով։ Ան հարցումը անգամ մըն ալ հարցուց։ Սիրտս լեցուած էր, քիչ մնացեր էր փղձկէի։ Զգացի ետեւի խճողումս եւ թուրքին հայեացքը՝ աչքերուս մէջ։ Թիւը կրկնեցի անգլերէնով։ Ժպտեցաւ եւ կրկնեց. «Թրքական փիցցա»։ Այս անգամ հարցում չէր։ Տեսակ մը նուաստացում զգացի եւ զայրոյթով համակուեցայ։ Գլուխս շարժեցի. «Լահմաճուն» ըսի աչքերուն մէջ նայելով. «Այդ է անունը, ատկէ կ’ուզեմ»։ Պահանջուած եւրոներս երկարեցի։
Վստահ չեմ, թէ ինք զիս հասկցաւ։ Վստահ չեմ նաեւ, թէ «լահմաճուն» բառը իբր խաղաղութեան առաջարկ ընդունեց, թէ ոչ։ Նոյն բառը կ’օգտագործենք նոյն ճաշին ակնարկելով։ Բառ, որ ո՛չ իմ, ո՛չ իր լեզուով կ’արտասանուի։
Գալով ինծի, «լահմաճուն» ըսելով նպատակս իրեն խաղաղութեան առաջարկ ներկայացնելը չէր երբեք, պարզապէս կ’ուզէի յայտնել, որ ես «Turkish Pizza» արտասանողը չեմ, ճիշդ այնպէս ինչպէս ի՛նք երբեք պիտի չարտասանէր «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բառը։
Բարեկամի մը հետ երբ ինքնութեան հարցին շուրջ կը զրուցէի՝ ան ըսաւ. «Օտարներու մէջ է, որ ինքզինքդ կը զգաս»։ Ճշմարտութիւն կայ այդ խօսքին մէջ։ Լեզուներն ալ այդպէս են։ Լեզուներու բախման մէջ է, որ կը նշմարենք նրբութիւնները մեր լեզուին։ Ու լեզուները կը բախին իրարու ու կը ստիպեն, որ մտնես միւս լեզուին մէջ, իր նրբութիւնները յարգես, որ երբեմն լարուածութիւն կը պատճառէ, մանաւանդ նո՛ր սորվողին համար։ Ի՛նք, որ միւսին կրողն է եւ ուղեղը անով կը բանի։ Իրեն համար այլով խօսիլը ընդամէնը փոխադրում մըն է մէկ լեզուէն միւսը։
Աշակերտուհիս՝ Ստեֆանին, օրինակ, կը ձգտի հայերէն սորվելու, որովհետեւ կը գիտակցի որ հայ ըլլալու կարեւոր կռուանն է լեզուն եւ սակայն կ’ապրի վայրի մը մէջ, ուր չկայ միջավայրը հայախօսութեան։ Այս մասին ան իր կարծիքը կը յայտնէ ըսելով. «Ինչպէ՞ս պէտք է կառավարել տարբեր լեզուները, որ հաւասար ըլլան, որ մէկը միւսը չլափէ։ Պէտք է ամէն օր կրկնել մանդրայի պէս, մինչեւ որ իւրաքանչիւր լեզու իր սահմանը գտնէ։ Մարդ միշտ դիւրինին կը վազէ, որ հանգիստ կարենայ զրուցել։ Բայց հիմա մտմտուքս անհասկնալի է. ինչպէ՞ս նախադասութիւն պիտի կազմեմ, երբ տակաւին լեզուին սկիզբն եմ։ Երբ լեզու, քերականութիւն եւ օրէնք պէտք եղածին չափ չեմ գիտեր…։ Մտմտուքս դեռ չեմ կրնար արտայայտել հայերէնով հարիւր տոկոս։ Ազատ չեմ կրնար խօսիլ առանց ընդհատումի, առանց դադարի, առանց ուրիշ լեզուներէ փոխ առնելու։ Ամէն լեզու իր լեզուամտածողութիւնը ունի։ Կ’ուզեմ մտնել այդ լեզուամտածողութեան մէջ ամբողջովին (Ս. Ք.)։
Վերջապէս ի՛նչ է հայ ըլլալը. յիշողութի՞ւն, պարտադրա՞նք, բե՞ռ, ո՞ւր է սահմանը հայ ըլլալու։ Ո՞վ կրնայ թելադրել հայու ինքնութեան ճտշմարիտ կերպարը այսօր, երբ անձը ինքզինք հայ կը զգայ ի՛ր ձեւով, մանաւանդ արեւմուտքի երկիրներուն մէջ, ուր հին գաղութները կը կորսնցնեն իրենց լեզուն, իսկ նորերը կամ արեւելքէն նոր գաղթերու հետեւանքով թարմացած գաղութները դեռ կը ջանան պահել զայն։ Եթէ նախապէս «տուփին մէջ» չբաւող հայերը, այլ խօսքով հայերէն չխօսող հայերը դուրս կը սեպուէին հայախօս համայնքէն, այսօր «տուփէն դուրս» եղողներուն թիւը կը գերակշռէ այս կողմերը.  «Ընթերցումներէն յետոյ, հարց-պատասխանի ընթացքին, ինծի հարցուեցան հետեւեալ հարցումները. «Բոլորդ հա՞յ էք, հայերէն կը խօսի՞ս, ամուսինդ հա՞յ է, չէօրէկ շինել գիտե՞ս…» Առաջին անգամն էր, որ զիս ստիպեցին զգալ, թէ ես պէտք եղածին չափ հայ չեմ…» (Ն. Գ. էջ 60)։
Կը գիտակցինք նիւթի խորութեան, սակայն կը հաւատանք Սփիւռքի գոյութեան եւ անոր շարժման երեւոյթին։ Ոչ թէ միա՛յն լեզուի հարց է, այլ ամբողջ ինքնութեան դիմագիծի։ Մտածելու ձեւն իսկ փոփոխութեան կ’ենթարկուի այդ շարժման մէջ։ Եւ այդ անընդհատ փոփոխումի, անկայունութեան եւ անյստակութեան երեւոյթը ինքնին մեր ինքնութիւնը կը կազմէ իբրեւ սփիւռքահայեր։Կ’ընդունինք, որ Սփիւռք հասկացութիւնը շատ մեծ երեւոյթ է եւ կարելի չէ ընդգրկել զայն մէկ պարունակի մէջ։ Կան հայեր, կիսահայեր, հայախօս հայեր, օտարախօս հայեր։ Փոխանցումը այս պարագային կարեւոր դեր կը խաղայ, որպէսզի անցեալէն չկտրուի նոր սերունդը։
Այս մասին առաւել լաւատես երանգով կ’ամփոփէ իր միտքերը «We Are All Armenians» գիրքի հեղինակներէն Սկաութ Թիւֆէնքճեան.
«Հասակ առնելով կը մտածէի, որ կայ փոքրիկ տուփ մը, որուն մէջ պէտք է սեղմուիլ՝ լաւ հայ համարուելու համար։ Տուփ մը, որուն մէջ ես չկրցայ տեղաւորուիլ, բայց իմ ճամբորդութիւններս ցոյց տուին, որ բոլորիս համար ալ տեղ կայ այդտեղ. հայ մեծ ընտանիքին մէջ բոլորս ալ հայ ենք կիսով հայ ըլլալով հանդերձ, հայ ենք դաշնակ թէ հնչակ, հաւատացեալ թէ աթէիստ, հայ ենք՝ միասեռական ըլլանք թէ ոչ, հայ ենք մուգ գոյնի ըլլանք, թէ շէկ, հայ ենք հարիւր առ հարիւր դասական, թէ արդի ինքնութեան վիճակներով… մենք բոլորս մեր ազգի ապագային համար դերակատարութիւն ունինք կատարելիք… մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի հայ ըլլալու եւ ընդհանուր համայնքին հետ առնչուելու իր ուրոյն ձեւը, եւ երբ մենք իրարու հանդիպինք՝ կապը որոշ է» (Ս.Թ. էջ 213)։
Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան