Լոյս տեսած ՝ «Վէմ» համահայկական հանդէսի 2023_ի 2-րդ համարը, որուն «Պատնէշ-Պետութեան Տեսլականը» Խմբագրականը փորձած է գտնել մօտ ապագային Հայաստանին անհրաժեշտ այն արտաքին-քաղաքական դիրքաւորումը, որ թոյլ պիտի տայ հակազդելու որոշակի ուժերու կողմէն Արցախի շուրջ բեմականացուող ծրագիրին։

«Վէմ» հանդէսի 2023_ի 2-րդ թիւը իր հիմնական բաժիններուն մէջ տեղ գտած հրապարակումներուն մէկ մասը տպագրած է անգլելէնով, որ վերջերս պարտադիր պահանջ դարձած է Հայաստանի գիտական հանդէսներուն համար։ Անոնց շարքին կ’առանձնանան փրոֆ. Ալպերթ Ա. Ստեփանեանի «Խաղը Եւ Թատերայնութիւնը Դասական Աթէնքին մէջ (խաղընթացներ, դիմակներ և կերպարներ)» հիմնարար ուսումնասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ անգլերէնով հրապարակելու եւ համացանցով տարածելու սուր կարիքը զգացող Անուշ Ա․ Սաֆարեանի «Արցախի Ժամանակակից Խաչքարային Մշակոյթը Եւ Ատրպէյճանի Վանտալիզմը» յօդուածը։

Հիմնական բաժիններուն մէջ հրապարակուած նման ուսումնասիրութիւններուն զուգահեռ «Վէմ»-ի 2023_ի 2-րդ թիւին մէջ կարեւոր տեղ յատկացուած է յառաջիկայ աշնան լրացող Լոզանի խորհրդաժողովի 100-ամոակը, որուն առիթով տպագրուած Արմէն Ց. Մարուքեանի ծաւալուն ուսումնասիրութիւնը հարցը մասնագիտական քննարկումի դաշտին մէջ պահելու փորձ է։ Տպագրուած է նաև վերջերս լոյս տեսած Երուանդ Փամբուկեանի «Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ծածկանուններու Բառարան (անձնանուններ, տեղանուններ, թուանշանային ծածկագիրեր)» գիրքի («Վէմ» մատենաշար, թիւ 5) ծաւալուն գրախօսականը, որուն հեղինակ փրոֆ Արարատ Մ. Յակոբեան այս աշխատութիւնը բնութագրած է իբրեւ ՀՅԴ «գողարկուած պատմութիւն»։