Արցախի Հանրապետութեան նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ Արցախի մէջ ճգնաժամը ժամ առ ժամ կը լրջանայ։ Այս իրավիճակը յաղթահարելու համար յստակ գործողութիւններ պէտք է ձեռնարկուին:
Ան նաեւ ըսած է.

1) Մարդասիրական օդային միջանցքի գործարկումը առաջնային նշանակութիւն ունի: ՄԱԿ–ի կամ միջազգային այլ կառոյցներու մարդասիրական առաքելութիւնները պէտք է կարենան ժամանել ուղիղ Ստեփանակերտ ու օգնութիւն տրամադրել:

2) Կարելի եղածին չափ շտապ Արցախ պէտք է ուղարկուի ՄԱԿ-ի կամ այլ միջազգային կառոյցի (ԵԽԽՎ, ԵՄ) փաստահաւաք առաքելութիւն: Տեղւոյն իրավիճակի անմիջական դիտարկումը թոյլ կու տայ աւելի յստակ պատկերացում կազմել ճգնաժամի լրջութեան մասին:

3) Միջազգային միջնորդները՝ Ուաշինկթընէն մինչեւ Փարիզ եւ Մոսկուա, պէտք է ճնշում գործադրեն Ատրպէյճանի վրայ՝ փոփոխութիւններու հասնելու համար: Եթէ անոնք ատիկա չընեն, անոնց միջնորդական ջանքերը ապարդիւն պիտի ըլլան։

4) Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու առաքելութիւնը պէտք է ՄԱԿ միջազգային պաշտօնական մանդատ ստանայ: ՄԱԿ-ը կրնայ դիտարկել նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահ առաքելութեան ընդլայնումի տարբերակներ, օրինակ՝ չինական խաղաղապահ պատահական ներգրաւումով։

5) Չափազանց կարեւոր է հասկնալ, որ որքան ալ ձայն բարձրացնեն ճգնաժամի մարդասիրական կողմին մասին, բայց առկայ հարցերը ունին քաղաքական եւ պատմական հիմքեր: Հայերու դէմ պետական մակարդակով ատելութռան քարոզը Ալիեւի իշխողական վարչակարգի կարեւոր հիմնասիւներէն է: Այս փաստը անտեսել կարելի չէ:

6)Աշխարհահռչակ ու ազդեցիկ հայերը ու մեր ժողովուրդի օտարազգի բարեկամները իրենց աշխուժութեամբ մեծ դեր կրնան խաղալ Արցախի մէջ ծաւալող ողբերգութեան մասին բարձրաձայնելու համար։

Ընկերներ, օգնեցէք Արցախի հայերուն ձայնը լսելի դարձնելու։

Միայն միահամուռ ուժերով ու կողք կողքի կանգնելով կրնանք այս պատմական բարդ փուլը յաղթահարել:

Արցախը հայկական աշխարհի անբաժան մասն է, այս հողը մեր ծիներէն եկած բաղկացուցիչն է, ուստի այս պայքարը բոլորիս է»։