Քեսապի Ազգային ուսումնասիրաց Միացեալ ճեմարանը իր հիմանդրութենէն մինչեւ օրս, 99 տարիներէ ի վեր, հաւատարմօրէն իր ուսերուն շալկած «Հայոց Տապանակն» , իր սրբազան առաքելութիւնը կը շարունակէ թրծելով, յղկելով եւ կրթելով, ապա հայ միջավայրին նոր աւիշ ներարկելով իր շրջանաւարտները Տապանակին երեք տարրերով կռանուած հայ անհատներ, որոնց հոգիներուն շողը բոցավառուած է Լուսաւորիչի յաւերժական Կանթեղով, որոնց մտքերը սնուած եւ աճած են Մեսրոպ Մաշտոցի ոսկեղնիկ տառերով, որոնց էութիւնը կերտուած է քաջն Վարդանի հայկական ինքնութեան պատկանելիութեամբ։
Հովանաւորութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Հոգաբարձութեան եւ Տնօրէնութեան, Հինգշաբթի, 13 Յուլիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Քեսապի «Սարդարապատ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ազգ. Ուսումն. Միացեալ Ճեմարանի միջնակարգի եւ երկրորդականի 2022-2023 ուսումնական տարեշրջանի 15-րդ հունձքին հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը։
Սրբազան հօր կ’ընկերակցէին հոգեշնորհ Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Ազգային վարչութեան անդամ Գուրգէն Գալուստեան, Քեսապի հոգեւոր հովիւներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հանդիսատեսներու հոծ բազմութիւն:
Հանդէսի բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Սուրիոյ քայլերգներով, որմէ ետք հանդիսատեսները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին մեր բոլոր նահատակներուն եւ կրթական մշակներուն յիշատակը։
Օրուան հանդիսավարն էր միջնակարգի եւ երկրորդականի երկար տարիներու Անգլերէնի ուսուցչուհի Նայիրի Կարճիկեան Մելքոնեան։ Ան, հանդիսութիւնը բաց յայտարարելէ ետք, հրաւիրեց ԺԲ. կարգէն շրջանաւարտներ Սօսէ Նարէ Գարայեանը եւ Քրիստափոր Դանիէլեանը, հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսքերը արտասանելու։ Անոնք իրենց խօսքին մէջ նշեցին ճեմարանին կարեւոր դերը մարդակերտման եւ հայակերտման գործընթացին մէջ եւ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, ինչպէս նաեւ երախտագիտութեան խօսք ուղեցին երկրիս վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին։
Թ. կարգը հանդէս եկաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով, որ կ՚ընդգրկէր ասմունք՝ Պարոյր Սեւակի «Քիչ Ենք, Բայց Հա՛յ Ենք», զոր արտասանեցին Շուշի Ղազարեան, Աննա Մարիա Փանոսեան եւ Անէթ Պաքլի։ Աշակերտները «Հայրենիք֊ Սփիւռք Գոյապայքար» խմբական պատկերով եւ երգով շեշտեցին հայրենիք֊սփիւռք միասնական աշխատանքին անհրաժեշտութիւնը հայապահպանման եւ մեր ազգային կեանքի շարունակականութեան համար։ Որպէս երրորդ տեղահանութիւն ապրած քեսապցի նոր սերունդ, անոնք ուխտեցին միասին աշխատիլ պահելու եւ ծաղկեցնելու Աստուծմով օրհնուած Կիլիկիոյ այս փոքր հողամասը՝ դրախտավայր Քեսապը, որ երբեք պիտի չմեռնի։
Հայերէնի նախկին ուսուցչուհի Սեւան Պէտուրեան-Աշըգեանի շնորհաւորական սրտի խօսքը ընթերցեց ուսուցչուհի Սօսի Կարճիկեան, մաղթելով մեր շրջանաւարտներուն յարատեւ վերելք եւ նորանոր նուաճումներ։
Ճեմարանի տնօրէն Վարուժան Փանոսեան ներկայացուց 2022-2023 ուսումնական տարեշրջանի տեղեկագիրը եւ յայտարարեց, որ այս շրջանաւարտ սերունդը պիտի կոչուի 1940-1970թ. 30 տարուան վաստակ ունեցող կրթական մշակ եւ տնօրէն Ժոզէֆ Պասմաճեանի անունով։
Ապա ներկայացուեցաւ Ժոզէֆ Պասմաճեանի կենսագրութեան տեսերիզը։
ԺԲ. Կարգէն Բալիկ Լնդեան մեներգեց “Պիտի Գնանք Վաղ Թէ Ուշ” հայրենասիրական երգը։
Յաջորդաբար ներկայացան ԺԲ. կարգի շրջանաւարտները՝ իւրաքանչիւրը հայկական արժէք մը մատնանշելով։ Այսպէս՝
-Սօսէ Նարէ Գարայեան եւ Սաթիկ Սահակեան փառաբանեցին «հայ դպրոցը»։
-Մարի Ռոզ Չափարեան եւ Սոնա Սէլլումեան ներկայացուցին «ինչ սորվեցանք այս տարի»։
– Աննա Ղազարեան պատմեց «Մեսրոպ Մաշտոցի գիւղի նուէրը Ուսուցիչին»։
– Ժիրայր Կարճիկեան եւ Ռուբէն Դանիէլեան փիլիսոփայեցին քեսապցի ըլլալուն շուրջ։
– Սուրէն Չէլէպեան ներկայացուց իր յայտնաբերած «Թագաւոր Քեսապցի» գաղափարը։
– Մանիա Թրթռեան ասմունքեց «Մէկ ենք Մենք»-ը։
Այնուհետեւ շրջանաւարտները որպէս վկայական իւրաքանչիւր արժէք (դպրոց, դասագիրք, լեզու, եկեղեցի, Վարդանի սուր, հայրենիք, Քեսապ, Կոմիտաս, Ծիծեռնակաբերդ, Սարդարապատ, Արցախ եւ Արարատ) նուիրեցին հայ ազգին։
Գեղարուեստական յայտագիրը աւարտին հասաւ Խմբային ճոխ պարով մը։

Հոգաբարձութեան ատենապետ եւ Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի անդամ Նշան Լնդեան հոգաբարձութեան խօսքը ուղղեց, շնորհակալութիւն յայտնելով սրբազան հօր եւ ուսումնական խորհուրդին, որոնք իրենց հովանաւորութեան տակ առած նեցուկ կանգնած են Ճեմարանիս , ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ճեմարանի քեսապցի բարերարներուն եւ նուիրատուներուն, որոնք տարածուած են աշխարհիս չորս ծագերուն ։
Օրուան հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Ճեմարանի վաստակաւոր Նախկին տնօրէն, ուսուցիչ եւ ազգային ու հասարակական գործիչ Աբրահամ Կարճիկեանը, որպէս Ժոզէֆ Պասմաճեանի տարիներու գործակից, դիմաւորելու շրջանաւարտ սերունդը, որ կոչուեցաւ «Ժոզէֆ Պասմաճեան» անունով։
Կարճիկեան իր սրտի խօսքին մէջ քուսարձակի տակ առաւ Պասմաճեանի յատկութիւնները, իր տարած բծախնդիր աշխատանքը եւ հոգատարութիւնը դպրոցին եւ աշակերտութեան հանդէպ։
Նոյնպէս իր սրտի խօսքը ուղարկած էր Աւստրալիայէն Ժոզէֆ Պասմաճեանի որդին՝ Նշան Պասմաճեանը , որ տակաւին իր ազգային ծառայութիւնը կը շարունակէ որպէս Նիւզելանտայի եւ Աւստրալիոյ Թեմի առաջնորդարանի դիւանապետ. զանիկա ընթերցեց իր քրոջորդին եւ Պասմաճեանի թոռը, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեան։
Ապա,տեղի ունեցաւ հայերէն լեզուին մէջ բարձրագոյն գնահատանիշեր ապահոված աշակերտներուն պարգեւատրումը։ Թ. Կարգէն գնահատուեցան՝ Անէթ Պաքլիի, Աննա Մարիա Փանոսեան եւ Շուշի Ղազարեան։ ԺԲ.կարգէն՝ Սաթիկ Արմիկ Սահակեան,Քրիստ Դանիէլեան, Սօսէ Նարէ Գարայեան եւ Մանիա Թրթռեան։ Յաջորդաբար կատարուեցաւ Ճեմարանի հայեցի կրթութեան առաքելութեան երեք խորհրդանիշներու՝ ճրագի, նշանակի եւ հայեցի կրթութեան շօշափելի յաւերժական «Ալֆան»՝ հայերէնի դասագիրքի փոխանցումը ԺԱ. Կարգի հայերէն լեզուի առաջնակարգ աշակերտներուն՝ Քրիստ Թրթռեանի, Շողիկ Գաթապեանի եւ Բարտի Լնդեանի,ընկերակցութեամբ մանկապարտէզի երեք փոքրիկներու։ Այս յուզումնախառն, հպարտալի եւ ոգեշնչող արարողութեամբ, անոնք շեշտեցին թէ Ճձեմարանը պիտի շարունակէ կանգուն մնալ պատրաստելով զարգացած,կրթեալ եւ գիտակից սերունդներ։
Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր ԺԲ. կարգի իւրաքանչիւր շրջանաւարտ իր սրտին խօսքը արտասանեց որպէս ուղերձ:
Բեմ հրաւիրուեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Ս. Եպս. Աշգարեանը, հոգաբարձութեան ատենապետը եւ տնօրէնը կատարելու վկայականաց բաշխումը։
Վկայականներու բաշխումէն ետք, հունձք բանք արտասանեցին ԺԲ. կարգի շրջանաւարտներ Սաթիկ Սահակեան եւ Քրիստափոր Դանիէան, որոնք իրենց դպրոցական կեանքը նմանցուցին հեքիաթի մը որ կը սկսի «կար ու չկարով» եւ կը վերջանայ «բարիին յաղթանակով»։
Անդրադարձան ճեմարանի դրական դերին իրենց նկարագրի ու անհատականութեան կերտումին մէջ, հակառակ երկրին պարտադրուած աննպաստ պայմաններուն։
Շրջանաւարտները եւ ներկայ բոլոր ճեմարանաւարտները միասնաբար երգեցին Ճեմարանի քայլերգը։
Ապա սրբազան հայրը իր Հայրական պատգամը ուղղեց շրջանաւարտներուն։ Ան խրախուսեց զանոնք կիրարելու եւ իրենց վկայականները արժեւորելու այն խորիմաստ արտայայտութիւններով, որոնք հնչեցին գեղեցիկ եւ լաւ կերպով պատրաստուած հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագրին ընդմէջէն, ներհիւսուած հայրենասիրութեամբ , ազգասիրութեամբ եւ Աստուածավախութեամբ։
Սրբազան հայրը, մէջբերումներ ընելով Աստուածաշունչէն շեշտեց, որ իւրաքանչիւր մարդ գիտնայ որ ինք Աստուծոյ պատկերով եւ նմանութեամբ ստեղծուած է եւ նպատակը Աստուծոյ կամքը կատարելն է։ Հետեւաբար, կիրարելով Ճեմարանի նշանաբանը` գիտութիւն , հաւատարմութիւն եւ նուիրում, ի սպաս դնէ իր կարողութիւնները ծառայելու հայրենիքին , ազգային արժէքներուն եւ Աստուծոյ ամենայն գիտակցութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ:
Յիշելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ վեհափառ հայրապետը , որպէս օրինակ հայակերտման եւ մարդակերտման եւ ծառայութեան վեհ գաղափարին, ան շեշտեց ,որ շրջանաւարտներէն կը սպասուի առաքելութիւն մը եւ կոչման մը իրագործումը կատարելու անձնուրացութեամբ եւ ծառայութեամբ , որպէսզի դիմագրաւեն բարոյական աշխարհի մարտահրաւէրները որ կը մղուին հայ ընտանիքին եւ եկեղեցւոյ դէմ։
Սրբազան հայրը գնահատեց ճեմարանի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնն ու ծնողները նմանցնելով իրենց ծառայութիւնը հալող մոմի, լուսաւորելով աշակերտներուն կեանքը եւ շրջապատը։
Սրբազան հայրը մաղթեց, որ այն պատգամները, որոնք որպէս կոչ ղօղանջեցին շրջանաւարտներուն շրթներէն, սիրայօժար կերպով կիրարկուին, իսկ շրջանաւարտները իրենց կեանքը նուիրեն աւելի վեհ արժէքներու։
Ան մաղթեց , որ Աստուած օրհնէ շրջանաւարտները եւ լուսաւորէ իրենց մտքերը, պայծառացնէ իրենց հոգիները եւ առաջնորդէ իրենց քայլերը դէպի բարիին, գեղեցիկին եւ կատարեալին։
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։

Սօսի Կարճիկեան