Նոր հարիւրամեակ թեւակոխած Լաթաքիոյ Ազգ. Ս. Նահատակաց վարժարանը այսօր կուտայ միջնակարգի իր հունձքը: Զանազան մարտահրաւէրներ դիմագրաւած, սակայն աննկուն կամքով իր հարիւրամեակը աւարտած այս կրթական օճախը, այսօր իր շրջանաւարտներուն դիմաց կը բանայ լայն հորիզոններ, որպէսզի գիտութեան լոյսով զինուած, ազգային ոգիով տոգորուած նոր բարձունքներ նուաճեն։

Հայ վարժարանն է, որ իր ուսերուն կը կրէ սփիւռքեան սերունդներ այլասերման ճիրաններէն փրկելու դժուարին առաքելութիւնը, իսկ հայ վարժարանի կրթական մշակները անսակարկ նուիրումով առաջ կը տանին իրենց սրբազան աշխատանքը:

Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի, Ուրբաթ, 14 Յուլիս 2023-ին երեկոյեան տեղի ունեցաւ 2022-2023 տարեշրջանի միջանակարգի վկայականաց բաշխման հանդէսը, որուն ընթացքին յիշատակուեցաւ նաեւ Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-րդ տարելիցը։

Օրուան գլխաւոր նիւթը նուիրուած էր Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասանութեան:

Հանդէսին ներկայ էին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Լաթաքիոյ ծովեզերեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան, Ազգ. Վարչութեան անդամ Գուրգէն Գալուստեան, վարժարանի հոգաբարձութիւնն ու տնօրէնութիւնը եւ Լաթաքիոյ ազգային, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Հանդէսին բացումը կատարեց միջնակարգի դաստիարակ Լարա Սապունճեան-Պետրեան՝ բեմ հրաւիրելով շրջանաւարտները։ Ան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Հայաստանի, Արցախի եւ Սուրիոյ նահատակները, ապա ներկաները ողջունելով ըսաւ. «Տարեշրջանս յատկանշական էր իր դժուարութիւններով, սակայն հաւաքական ջանքով եւ սրբազան հօր իւրայատուկ ճիգերով կարելի եղաւ յաղթահարել իւրաքանչիւր դժուարութիւն։ Դպրոցական կեանքը անգնահատելի հարստութիւն է, որ տարիներու ընթացքին աւելի թանկ ու քաղցր կը դառնայ»։ Ապա բարի երթ մաղթեց շրջանաւարտներուն, ցանկալով որ ուր ալ ըլլան, միշտ բարձր պահեն վարժարանին անունը:
Այնուհետեւ խօսք առաւ վարժարանի պետական տնօրէնուհի Պատրիա Խըտըր Սալէմ։
Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, լուսարձակի տակ առաւ հայկական դպրոցին ջամբած դաստիարակութիւնը, գնահատեց այս դժուար տարեշրջանին աշակերտներուն տարած աշխատանքը եւ վարժարանիս տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին համբերատար մօտեցումը, այնուհետեւ շրջանաւարտները եւ ծնողները շնորհաւորեց ու բարի երթ մաղթեց բոլորին:
Շրջանաւարտ Մեղրի Գէորգեան ներկայացուց Ներսէս Շնորհալիի կենսագրականը, իսկ խումբ մը աշակերտներ անդրադարձան անոր գործունէութեան:
Ապա աշակերտները ներկայացուցին հայերէն եւ արաբերէն զաւեշտ, որուն նիւթը քաղուած էր իրենց դպրոցական առօրեայէն:

Շուշի Մանճեան ներկայացուց հանդէսին գլխաւոր նիւթը՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը, դիտել տալով որ միասնութեան մէջ պիտի գտնենք մեր յաջողութեան եւ յաղթանակի գրաւականը։ Ապա ան հրաւիրեց խումբ մը շրջանաւարտներ ներկայացնելու հայ գրականութեան տիտաններէն Անդրանիկ Ծառուկեանի, Յովհաննէս Շիրազի, Պարոյր Սեւակի եւ Եղիշէ Չարենցի ստեղծագործութիւններէն համադրումներ:

Այլ խումբ մը աշակերտներ արաբերէն ասմունքով փառաբանեցին ընկերութիւնը:
Ապա վարժարանի տնօրէնուհի Հուրի Տէիրմէնճեան-Գարամարտեան զեկոյց տուաւ 2022-2023 ուսումնական տարեշրջանի գործունէութեան, ինչպէս նաեւ վարժարանի 100-ամեակին առիթով տարուած աշխատանքին եւ ձեռնարկներուն անդրադարձաւ:

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ 2023 տարին դարձեալ Սփիւռքի տարուան նուիրուած ըլլալու իրողութիւնը պարզելով ան ըսաւ. «Անորոշութիւններով եւ տագնապներով լեցուն Սփիւռքի ներկայ վիճակը մեր եկեղեցին, մեր ղեկավար մարմինները պէտք է մղէ իրապաշտ ոգիով, պատասխանատու մօտեցումով տագնապելու, մտածելու, Սփիւռքը վերակազմակերպելու եւ այդ նպատակին հասնելու համար ճիշդ ճամբաներ եւ ազդու միջոցներ որոնելու »:
Ան խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով սրբազան հօր, Ազգ. Վարչութեան, հոգաբարձութեան եւ միութենական բոլոր մարմիններուն ու ներկաներուն:

Հայերէն եւ արաբերէն ուղերձներ արտասանեցին շրջանաւարտներ Լիլիթ Տէրտէրեան եւ Շուշի Մանճեան, ապա տեղին ունեցան շրջանաւարտներու պարգեւատրումն ու վկայականաց բաշխումը:

Հանդիսութեան աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը ուղղելով գնահատեց կազմակերպուած աշխատանքը երկրի դժուարին պայմաններուն մէջ ու ըսաւ. «Այսօր, հանդէսի յայտագիրին ընդմէջէն մեզ ներշնչեցիք ազգային, կրօնական, հայրենասիրական ապրումներով։ Դուք ապագայ մեր սերունդն էք, դուք պատասխանատուութիւն ունիք հայ եկեղեցւոյ եւ հայ դպրոցին հանդէպ: Վստահ ենք, որ ապագային պիտի յաղթահարէք այս բոլոր դժուարութիւնները, յաջողիք եւ նուաճէք բարձունքներ ու ձեր կարգին նորահաս սերունդներու դաստիարակները դառնաք»:

Մակար սրբազան յատկապէս շնորհաւորեց Ազգ. Ս. Նահատակաց վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, հոգաբարձութիւնը, քահանայ հայրը եւ հայ մշակները ու շրջանաւարտներուն մաղթեց կանաչ ճանապարհ:

Սրբազան Հայրը իր խօսքը եզրափակեց Յովհաննէս առաքեալի նամակէն հետեւեալ մէջբերումով. «Եթէ գործադրէք իր պատուիրանները, այն ժամանակ կը գիտնաք, թէ կը ճանչնաք զինք թէ ոչ» ու թելադրեց ապրիլ Աստուծոյ պատուիրաններուն անսալով եւ միշտ յաջողութեան ձգտելով:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:

Նայիրի Կարապետեան