Կիրակի, 23 Յուլիս 2023-ին, Ս. Ներսէս Դ.
Շնորհալի Հայրապետին վախճանման
850-ամեակին առիթով, Բերիոյ Հայոց
Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս, յընթացս
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին,
հանդիսաւորապէս ընթերցուեցաւ ՆՍՕՏՏ
Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին
հայրապետական սրբատառ կոնդակը։
* Հալէպի Սրբ. Քառասնից Մանկանց
Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Բերիոյ Հայոց Թեմի
Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար
Սրբ. Եպս. Աշգարեան, յընթացս Սուրբ եւ
Անմահ Պատարագին ընթերցեց
Վեհափառ Հայրապետին սրբատառ
կոնդակը, Ազգ. Վարչութեան անդամներու
ներկայութեամբ։
* Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ
հայրապետական կոնդակը ընթերցեց
Ազգ. Կրօնական Ժողովի ատենապետ
Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան
* Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ
մէջ սրբատառ կոնդակը ընթերցեց Արժ. Տ.
Արշակ Ա. Քհնյ. Ալաճաճեան։
* Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ
հայրապետական կոնդակը ընթերցեց
Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ
Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան։
* Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ
մէջ հայրապետական կոնդակը ընթերցեց
Լաթաքիոյ եւ Ծովափնեայ շրջանի
հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ.
Քէօշկէրեան։
* Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ
մէջ Վեհափառ Հայրապետին սրբատառ
կոնդակը ընթերցեց Քեսապի հոգեւոր
տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ.
Քիւրիւմեան։

Կոնդակը կը բացուի լուսարձակի տակ
առնելով Ս. Ներսէս Դ. Շնորհալի
հայրապետին հարուստ իրագործումները
եւ հոգեմտաւոր մեծ վաստակը։
Վեհափառ Հայրապետը կը հաստատէ, թէ
«Եզակի արժանիքներով, Շնորհալին
առանցքային ներկայութիւն դարձած է
յատկապէս մեր եկեղեցւոյ ծիսական,
աստուածաբանական,
դաւանաբանական, միջ-եկեղեցական ու
երաժշտական մարզերէն, եւ
ընդհանրապէս, հայ մշակոյթի
անդաստանէն ներս»։
Նորին Սրբութիւնը կը պարզէ, թէ «Սուրբ
Ներսէս Շնորհալին մեր պատմութեան այն
բացառիկ հոգեւորականներէն մէկն է, որ
իր սրբակենցաղ կեանքով ու հայ
եկեղեցւոյ առաքելութեան ամբողջական
նուիրումով, նոյնիսկ իր կենդանութեան
մեր ժողովուրդին կողմէ «Սուրբ»
որակուած է։ Բազմավաստակ
Հայրապետին տրուած է «Շնորհալի»
կոչումը, ո՛չ միայն իր ստեղծագործական
վաստակի քանակին ու տեսակին, այլ
մանաւանդ որակին համար»։

Վեհափառ Հայրապետը կը յայտնէ, թէ
«Մեծանուն Հայրապետը յատուկ
կարեւորութիւն կը ներկայացնէ
մասնաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան համար, հետեւեալ
պատճառներով.-
1) Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու
գծով մեր Սուրբ Աթոռին ունեցած յատուկ
հետաքրքրութիւնը, առանց հեռանալու
եկեղեցիներու միութեան նկատմամբ մեր
եկեղեցւոյ սկզբունքէն, կը պարտինք
Շնորհալիին։
2) Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան
գծով մեր Սուրբ Աթոռին վաստակած
հարուստ փորձառութիւնը, միշտ կառչած
մնալով քրիստոնէական սկզբունքներուն,
դարձեալ կը պարտինք Կիլիկիոյ
բազմամշակոյթ, բազմակրօն ու
բազմացեղ պայմաններու մէջ գործած ու
ստեղծագործած Շնորհալի
Հայրապետին»։

Կոնդակին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս
դիտել կու տայ, որ Ներսէս Շնորհալիին
երկրաւոր կեանքի տարիները
յարաբերաբար կարճ եղած են, սակայն
անմահանուն Հայրապետը իր կեանքը
հարստացուցած է իր ժամանակը
անդրանցնող անկրկնելի
ստեղծագործութիւններով ու բազմերանգ
իրագործումներով։ «Շնորհալին իր
անջնջելի դրոշմը ձգած է մեր ազգին ու
եկեղեցւոյ պատմութեան վրայ, դառնալով
մեր կեանքի երկնակամարին վրայ
փայլող անմար աստղերէն մէկը», կը նշէ
ան։

Նորին Սրբութիւնը կը յայտնէ, որ Ս.
Ներսէս Շնորհալի հայրապետին
վախճանման 850-ամեակը յիշեցում մըն է
մեզի, մեծ Հայրապետին հիասքանչ
վաստակը արժանի վեհութեամբ ու
շքեղութեամբ արժեւորելու մեր
հաւաքական կեանքէն ներս, անոր անձէն
ու գործէն ճառագայթող հաւատքով ու
շնորհներով շաղախելով մեր
համայնական ու անհատական կեանքը։
Հետեւաբար, Վեհափառ Հայրապետը կը
թելադրէ՝
ա) Մեր թեմերուն՝ յատուկ
նախաձեռնութիւններու ճամբով
արժանավայել կերպով նշելու յիշեալ
կարեւոր յոբելեանը։
բ) Մեր հոգեւոր հայրերուն՝ մօտէն
հաղորդ դառնալու Շնորհալիի
դաւանաբանական ու միջ-եկեղեցական
տեսակէտներուն, եւ շեշտելու անոնց
կարեւորութիւնը, յատկապէս միջ-
եկեղեցական շրջանակներէն ներս։
գ) Մեր մտաւորականներուն՝ լուսարձակի
տակ բերելու բանասիրական ու գրական
յատուկ կարեւորութիւն ներկայացնող
Շնորհալիի հարուստ գրիչին արգասիքը։

Վեհափառ Հայրապետը եզրափակելով
կը մաղթէ, որ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի
վախճանման 850-ամեակի նշումը մեր
եկեղեցւոյ համար դառնայ
վերանորոգման առիթ ու մարտահրաւէր։
Ան աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած
Սուրբ Ներսէս Շնորհալիին
բարեխօսութիւնը կը հայցէ։