Մէկը թող փորձէ համոզել զիս, թէ ինչո՞ւ հիմա` առանձին նստած, բազում յուշերս եւ խռոված միտքերս կը փորձեմ հաւաքել` գրելու համար սիրելի ընկերուհիի մը մասին, փոխանակ ուղղակի իրեն գրելու եւ մեր գրաւոր զրոյցին ընթացքին մեր ապրած կեանքէն դրուագներ յիշելով անվերջ ժպտալու, երբեմն յուզուելու, բայց միշտ բարձր տրամադրութեամբ փակելու զրոյցը…

Մէկը թող փորձէ բացատրել ինծի, թէ ինչո՞ւ ահաւոր լռութեան մէջ` առանձինս, գրութեան մը ընդմէջէն պիտի խօսիմ Նարինէին մասին, փոխանակ իրեն հետ խօսելու, իրմէ լուսաւոր շողեր ստանալու, իր ձայնին մէջ մնայուն ու տիրական եղող դրականութիւնը ըմբոշխնելու…

Մէկը թող փորձէ հասկցնել ինծի, թէ ինչո՞ւ պիտի չկարենամ այլեւս նայիլ Նարինէին փայլող աչքերուն մէջ, գրկել զինք ջերմօրէն, համբուրել զինք յատկանշող այտի փոսիկը եւ ըսել, թէ կարօտցեր եմ ու ստանալ պատասխան. «Ես ալ, Նո՛ր»:

Մէկը թող փորձէ լուսաբանել ինծի, թէ ինչո՞ւ աւելի քան 15 տարուան մեր ամբողջ ընկերութեան եւ մտերմութեան ընթացքին ինծի արցունք չպատճառած Նարինէն այսօր ինձմէ այսքան արցունք կը խլէ….

***

Ոչ իրական, անհաւատալի եւ անընդունելի դէպք մը տեղի կ՛ունենայ կարծես, անոր վկաներն են մեծաթիւ անձեր` տարբեր տարիքի, հայեր եւ օտարներ, իսկ ես` անորոշութեան եւ խառնակութեան գիրկը ինկած, ի զուր կը փորձեմ ինքզինքս գտնել, զսպել ամբողջ ժամանակը զիս դաւաճանող արցունքներս, հակակշիռ պահել էութեանս վրայ, որպէսզի չպոռթկամ եղած անարդարութեան դէմ, բարձրաձայն չհառաչեմ կուրծքս ճեղքել փորձող վիշտին ու ցաւին ծանրութեան տակ…

Հո՛ն ես, ինձմէ ոչ շատ հեռու, ինծի կը նայիս, կը ժպտիս, նոյն անուշիկ ժպիտդ է, լուսաւոր դէմքդ, անմեղութեամբ շողացող նայուածքդ… Բայց չես շարժիր, ձայնդ չեմ լսեր, չեմ համարձակիր մօտենալ քեզի, այլ մեծաթիւ ներկաներուն մէջ ճարահատ կը փնտռեմ քեզ, կը նայիմ բոլոր կողմերը եկեղեցւոյ, բայց չկաս, խնդուքը դէմքիդ, աշխուժ ու քովս շուտ հասնելու նպատակով արագ քայլերով չես մօտենար ինծի, անշարժացած ես դիմացս…

Կարծես իրական է, հակառակ օրեր շարունակ ապրած ներքին ուրացումներուս, արդէն վերջին հրաժեշտի ծանր օրուան ականատեսն էի ու մասնակիցը` դժբախտաբար: Իրականութեան ծանր հարուածները կը հաստատէին այլեւս, որ ֆիզիքապէս մեզի հետ չէիր, այլ` վերածուելով բարի հրեշտակի, կը թեւածէիր իբրեւ բիւրեղ հոգի մը, կը հպէիր սիրելիներուդ, կը փորձէիր սփոփել զիրենք, որ չնեղուին շատ, չլան այդքան, բայց կարելի՞ է չնեղուիլ ու չարտասուել, երբ արդէն քու եւ մեր հանդիպումի վերջին պահերը կ՛ապրինք արդէն…

Ճիշդ չեմ յիշեր, ե՛րբ եւ ի՛նչպէս «Ազդակ» մտար, սիրելի՛ Նարինէ, բայց լաւ գիտեմ, որ քու մուտքդ ու ներկայութիւնդ սովորական ու անցողակի չէին, այդ պատճառով ալ քու առյաւէտ հեռացումդ ու ֆիզիքական բացակայութիւնդ անսովոր ու ծանր կերպով ազդեցին «Ազդակ»-ի ընտանիքի անդամներուն վրայ:

Հազիւ քանի մը անգամ խմբագրատուն յաճախած` շատ շուտով եւ առանց աւելորդ ճիգի արդէն ներթափանցեցիր բոլորին սրտերը, սիրուեցար ու յարգուեցար բոլորէն, ներդրումդ ունեցար տարբեր բաժիններու մէջ, նոյնիսկ եթէ քեզի համար հետաքրքրութեան առաջնահերթութիւններ ըլլային: Առանց վարանելու խմբագիրներ կամ էջի պատասխանատուներ առաջարկներ ներկայացուցին քեզի, իսկ դուն` մերժել չգիտցող մեր աղջիկը, «Ազդակ»-ի մէջ կենսագրութիւնդ սկսար Հայ դատի եւ միջազգային-քաղաքական կեանքի լուրերու եւ յօդուածներու թարգմանութեամբ, ապա ինքզինքդ աւելի հարազատ զգացիր քու սիրած մարզական կեանքը ներկայացնող լուրերուն մէջ, հայաստանեան արեւելահայերէն լուրերը վերածեցիր արեւմտահայերէնի, առանց իսկապէս սիրելու այս մէկը, ուր ստեղծագործութիւնը կը պակսէր, իսկ լիբանանեան լուրերու պատրաստութեան առաջարկին ընդառաջած ըլլալուդ համար զղջացիր կարծեմ:

Բայց եւ այնպէս երբեք դժգոհ չտեսանք քեզ, բնաւ չնկատեցինք տրտունջքդ, գանգատդ, այլ քեզի յանձնուած պարտականութիւնները կատարեցիր մեծ բծախնդրութեամբ, անորոշ մասերը անպայման գունաւորելով եւ խմբագիրին հետ անոնց շուրջ զրուցելով, երբեք փախուստ չտուիր աշխատանքներէն, նոյնիսկ եթէ քու սրտովդ չէին անոնք:

Բոլորս չենք մոռնար, երբ երեսփոխանական ընտրութիւններէն քանի մը օր առաջ հանդիպեցար խմբագրատուն, որ մեղուափեթակի վերածուած կ՛ըլլայ այդ փուլին: Առաջարկեցիր, քու սովորութեանդ համաձայն, օգնել: Տուեալ պահու յատուկ աշխատանք չկար, բայց ընտրութեան օրը մեծաթիւ անձերու կարիք կար, որպէսզի այցելենք ընտրական կեդրոններ եւ ակումբներ, հետեւինք մեր թեկնածուներուն, անոնց հետ զրուցենք ու ընտրող հայորդիներէն կարծիք առնենք: Առաջարկեցինք, որ միանաս մեզի: Իսկ դուն ե՞րբ ո՛չ ըսած ես:

Կիրակի առաւօտ բարձր տրամադրութեամբ ներկայացար խմբագրատուն, քեզի համար հետաքրքրական էր նման աշխատանք, սակայն չպատկերացուցիր, թէ ի՜նչ հարցերու, խոչընդոտներու կրնայինք հանդիպիլ, թէ որքա՜ն դժուար էր ընտրողներուն մէջէն արտայայտուողներ գտնելն ու անոնց հետ զրուցելը, թէ դուն պէտք է երթայիր, գրաւէիր ընտրողը, զրոյց բանայիր անոր հետ, հարցումներու ընդմէջէն պատասխաններ ձեւաւորէիր: Սկիզբը` ամչկոտութեամբ ընդունեցիր այդ բոլորը ընել, կատակներով մղեցինք քեզ, իւրաքանչիւր կեդրոն այցելելէ ետք ալ ինքնաշարժին մէջ արկածախնդրական դէպքի մը մասին պատմեցիր, իսկ մինչեւ երեկոյ արդէն տէրն էիր գործին եւ չխօսողն անգամ խօսեցնելու վարպետութիւն ձեռք ձգած:

Ցաւ ի սիրտ, նոյն տարին, կորսնցուցինք ընտրութիւնները: Երեկոյեան, երբ ժրաջանօրէն կ՛արտագրէիր ձայնագրուած բազմաթիւ զրոյցները, մօտեցանք եւ ըսինք, թէ պարտուած ենք, մեր թեկնածուները չեն ընտրուած: Մենք տխուր էինք, բնականաբար, բայց այդ օր մեր կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեսանք արցունքներդ, մանուկի մը պէս հեկեկացիր:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն շատ քիչ անց հեռաձայնին միւս կողմէն լսեցի հարազատ ձայնդ, մտահոգ էիր, տանս տեղը լաւ գիտէիր եւ լսած էիր, որ վիրաւորուած ենք: Հանգստացուցի եւ ըսի, որ վտանգաւոր կացութեան մէջ չենք: Օրեր անց կրկին դուն էիր.

– Նո՛ր, չըլլայ տուն երթաք եւ հոն մնաք, նախքան տան սիւներու եւ կառոյցի ստուգումը:

– Չեմ կարծեր կարիք կայ, Նարինէ, թէեւ ցնցուած է, բայց պատերուն վիճակը ընդունելի կը թուի:

– Աչքով չես գիտնար, կը խնդրեմ չերթաք:

Արդէն չէինք կրնար երթալ, բնակելի չէր տունը, բայց չուզեցի քու հիւանդ վիճակիդ մէջ աւելի մտահոգել եւ տաղտուկ պատճառել քեզի: Քանի մը օր ետք` կրկին դուն էիր` գուրգուրոտ ու բարի ընկերուհիս: Երկու անջատ խումբերով այցելեցիր շրջան, ստուգեցիք մեր շէնքը, ցուցմունքներ ու խորհուրդներ տուիք, եւ դուն անկէ ետք ալ հետապնդեցիր, որ կիրարկուած ըլլայ ամէն բարենորոգում:

Քեզի նման անձի մը համար արտօնութեան կարիք չկար սրտիս խորերը մտնելու եւ հոն արժանի տեղդ գրաւելու, տեղ մը, որ հետզհետէ աւելի ընդարձակուեցաւ, շուտով դարձար հարազատ ընկերուհիս, հետզհետէ եղանք մտերիմներ ու սրտակիցներ, բաժնեկցեցանք ուրախ ու դժուար պահեր` հարազատութեամբ, անկեղծութեամբ եւ անքակտելի մտերմութեամբ…

Տարիները մեզ երբեք չհեռացուցին, որքան ալ աշխարհագրականօրէն հեռու եղանք իրարմէ, տագնապները մեզ աւելի քով քովի բերին, կողքիս էիր նոյնիսկ երբ չդիմէի քեզի, կապ կը հաստատէիր նոյնիսկ ամէնէն ծանր վիճակներուդ մէջ….

Քու բարի սիրտդ, անսահման վեհանձնութիւնդ, բարեացակամութիւնդ, բոլորին իր արժէքը լիուլի տալու մօտեցումդ, հաղորդական խառնուածքդ, դրական ներուժդ, անմիջականութիւնդ քեզ դարձուցին ՇԱՏ սիրելի ինծի համար, նաեւ` շրջապատիդ: Ամէն ինչի մէջ կը փնտռէիր ու կը գտնէիր դրականը, լաւը, շինիչը….

Հիւանդութեանդ մասին ինծի պատմեցիր այնպիսի ձեւով, որ առիթ չտուիր մտահոգուելու, այլ դուն եղար գօտեպնդողը, որ ամէն ինչ պիտի շրջանցես եւ առողջութիւնդ պիտի գտնես: Բուժմանդ դժուար օրերուն, երբ կրկին կը զրուցէինք, ըսիր, որ շատ բան գիտցար հիւանդութեանդ մասին, թէեւ չէիր երեւակայեր, որ այսքան պիտի խորանաս բժշկական գիտելիքներու մէջ: Ըսի` «Կեանքը դպրոց է ընկերուհիս, միշտ սորվելիք ունինք», եւ չեմ մոռնար սիրտս կծկած պատասխանդ. «Բայց այս տարուան դասարանը շատ ծանր էր»: Լացի, մէկ նախադասութեամբ շատ բան ամփոփեցիր: Բայց եւ այնպէս միշտ ալ եղար դրական ներուժով լեցուն, գանգատն ու յուսահատութիւնը տեղ չունեցան քու մաքուր էութեանդ մէջ, մարմնիդ տագնապները չհարուածեցին քու անջինջ հոգիդ, եւ մնացիր նոյն Նարինէն` բոլորին սիրելին:

Ըսէ հիմա, անփոխարինելի ընկերուհիս, սիրելի ՆԱՐ, ինչպէ՜ս ընդունիմ, որ դուն կրկին ժպիտ պիտի չվարակես ինծի, պիտի չկարենամ խօսիլ հետդ կամ գրել քեզի, երբ ուզեմ բան մը պատմել, բարի սրտէդ բխող խօսքերովդ պիտի չհամեմես մեր զրոյցները, պիտի չքաջալերես, ուժ պիտի չտաս, աչքերուս պիտի չնայիս եւ «Երբ գամ անպայման կը տեսնուինք Նոր» պիտի չըսես` անուշիկ խնդուքիդ ընկերակցող եռանդուն ձայնովդ:

Ինչպէ՜ս ընկալեմ, որ այլեւս իմ տեսադաշտիս մէջ պիտի չըլլաս, որ ստեղնաշարի քանի մը հարուածներով կամ բջիջայինի քանի մը կոճակով պիտի չգտնեմ քեզ շուտով, պիտի չպատմենք երկար, շա՜տ երկար, պիտի չլանք ու չխնդանք միասին:

Տակաւին կանուխ էր, կեանքիդ ամէնէն սիրուն ու ծաղկուն գարունները չբոլորած հեռացար, եռանդդ ու կորովդ ընդհատուեցան, թէեւ դուն ամուր կառչած էիր կեանքին, յոյսին ու հաւատքին:

Բայց կը հաւատամ, որ պիտի մնաս մեզի հետ, մեր շուրջը, մեր ներաշխարհին մէջ, իսկ քու բարի ու անկեղծ խօսքերդ եւ անթիւ գործերդ փորագրուած պիտի մնան մտքիս մէջ եւ հոգիիս խորերը:

Ա՜խ, որքան ծանր է ընկեր, այդ ալ քեզի պէս ընկեր, կորսնցնելը…

Նորա Բարսեղեան