Սուրիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ իմարաթեան օժանդակութիւններու համակարգումի գրասենեակին բացումը։ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարի միջազգային կազմակերպութիւններու առնչուող հարցերու օգնական Սուլթան Շամիսի գրասենեակին բացումը կատարեց Դամասկոսի մէջ իմարաթեան դեսպանատան յարկէն ներս, ներկայութեամբ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի ներկայացուցիչ Մահմատիէ Նաասանին։