Սապպաղ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի Սուրիոյ քաղաքական եւ մարդկային հարցերու շուրջ յատուկ նիստին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ մարդկային իրավիճակի բարելաւումը կը պահանջէ մնայուն լուծումներ, տեղահանուածներու տունդարձի ապահովում, յատկապէս Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ ի գործ դրուած տնտեսական պատժամիջոցներու չեղեալ համարում։ Սապպաղ մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ թրքական ուժերուն եւ անոնց ենթակայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ «Ալուք» ջրամուղ կայանի ըմպելի ջուրին Թուրքիոյ ենթակայ խմբաւորումներու կողմէ փակման եւ Հասիչէի մէջ շուրջ մէկուկէս միլիոն քաղաքացիի ջուրէ զրկուած մնալուն գծով, սոյն արարքը պատերազմական եւ մարդկութեան դէմ ոճիր համարելով, յատկապէս Սուրիոյ մէջ ամրան եղանակին  բարձր ջերմաստիճանը նկատի ունենալով։ Սապպաղ աւելցուց, որ Սուրիա ՄԱԿ-ի հաստատութիւններէն կը պահանջէ անմիջապէս կասեցնել այս անմարդկային արարքը եւ «Ալուք» ջրամուղ կայանին ջուրը հասանելի դարձնել Հասիչէի ժողովուրդին։