Արցախի ժողովուրդը իր հայրենի հողին վրայ անկաշկանդ ապրելու տուեալները չունէր նոյնիսկ Խորհրդային Միութեան տարիներուն, 1923-էն ի վեր որպէս Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի բնակչութիւն գոյատեւելով:
Ատրպէյճանի հայաթափման քաղաքականութիւնը, հայատեացութեան դրսեւորումները այնքան կաշկանդած էին Արցախի բնիկ ժողովուրդն ու Պաքուի, Սումկայիթի, Մարաղայի մէջ ապրող հայերը, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, արցախցիները իրենց ինքնորոշման իրաւունքը կիրարկեցին ու հանրաքուէով հռչակեցին իրենց անկախութիւնը: Արցախցին անկախութեան հռչակման մէջ կը տեսնէր իր անվտանգ ապագայի միակ երաշխիքը եւ կարելիութիւնը՝ խուսափելու Ատրպէյճանի կցուած մէկ այլ ինքնավարութեան՝ Նախիջեւանի ճակատագիրէն, ուր 1979-ի տուեալներով հայութեան միայն 2%-ը մնացած էր, ներկայիս՝ հայութենէ ամբողջովին դատարկուած:
Արցախի Հանրապետութեան հռչակումով, Արցախի ժողովուրդը զգալիօրէն յառաջդիմեց, հաստատեց պետական ժողովրդավար կարգեր, ամրագրեց իր ապահովութիւնը, ազատութիւնը, ապրելու ու զարգանալու իրաւունքը, իր ինքնորոյն մշակոյթին պահպանման կարելիութիւնները եւ վերջ դրաւ իր կեանքին սպառնացող ամէնօրեայ վտանգներուն ու կաշկանդումներուն:

Արցախի մէջ աճ արձանագրեց հայկական դպրոցներու թիւը, հայոց լեզուն սկսաւ դասաւանդուիլ անկաշկանդ կերպով որպէս մայրենի լեզու, մշակութային կեանքը զարգացաւ, եկեղեցիները վերանորոգուեցան: Մէկ խօսքով՝ հայը իր հայրենի հողին վրայ անկաշկանդ ապրելու իրաւունքը նուաճեց:
2020-ի պատերազմին հայկական Արցախի կարգ մը տարածքներ կրկին բռնագրաւուեցան:

Սակայն Ատրպէյճան, հակառակ 9 Նոյեմբերի համաձայնութեան տակ ստորագրած ըլլալուն, մինչեւ վերջերս կը շարունակէ արցախահայութիւնը կաշկանդել, ցեղասպանութեան նախադրեալներ ստեղծել, Արցախի ժողովուրդը կեանքի տարրական իրաւունքներէն զրկել եւ Արցախը շրջափակել, նպատակ ունենալով՝ Արցախի կարգավիճակի հարցը մէկընդմիշտ փակուած համարել ու Արցախը հայաթափել:

Տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական ներկայ զարգացումները, տարիներ շարունակ Ատրպէյճանի սպառազինումը եւ Թուրքիոյ նեցուկը առիթ տուին Ատրպէյճանին սանձարձակ վարք դրսեւորելու եւ արցախահայութեան կեանքին սպառնալու:

Բերձորի միջանցքի շրջափակում, կազի եւ ելեկտրականութեան մերթ ընդ մերթ անջատում, Արցախի բռնագրաւուած տարածքներու մշակութային կոթողներու աղաւաղում, այլ խօսքով՝ հայկական հետքի մէկընդմիշտ վերացման միտող յստակ քաղաքականութիւն:

Ատրպէյճանի այս վարքին դէմ բողոքի բոլոր արտայայտութիւնները տեղ հասան թէեւ ու դատապարտուեցան, սակայն գետնի վրայ չյաջողեցան սանձել Ատրպէյճանի հայաթափման քաղաքականութիւնն ու սպառնալիքները:
Մարդասիրական օժանդակութիւններն անգամ զլացուեցան արցախահայութեան: Մէկէ աւելի արցախցիներ առեւանգուեցան ու տակաւին Ատրպէյճանի նախագահին սպառնական ոճով խօսքերը տարբեր հարթակներու վրայ տեսանելի կը մնան:

Այս բոլորին դիմաց հայկական կողմը Արցախի հարցը մարդասիրական նեղ ոլորտին մէջ սահմանափակելու ծուղակին մէջ յայտնուելու փոխարէն՝ իր բոլոր լծակներու օգտագործումով պէտք է բարձրացնէ Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման հարցը: Այս հարցը մեր օրերուն աւելի երեւելի նախադրեալներ ունի: Փաստօրէն Ատրպէյճանի նախագահը իր իսկ յարձակողապաշտ վարմունքով ցոյց կու տայ աշխարհին, որ Արցախի հայութիւնը անկախութենէն բացի ոչ մէկ ելք ունի փրկուելու նախատեսուող ցեղասպանական քաղաքականութենէն:

«Ճանաչում յանուն փրկութեան»-ը սոսկ կարգախօս մը չէ, այլ ողջ ժողովուրդ մը ցեղասպանութենէն փրկելու միակ ելքը: