Կիրակի, 9 Յուլիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կազմակերպութեամբ Կիլիկեան Ճեմարանի Հոգաբարձութեան, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Եպս․ Աշգարեանի, տեղի ունեցաւ Կիլիկեան Ճեմարանի միջնակարգի եւ երկրորդականի ամավերջին հանդէսը, Կիլիկեան Ճեմարանի շրջափակէն ներս։

Բացման հայերէն խօսքով հանդէս եկաւ ԺԲ․ կարգի աշակերտ Գէորգ Բանօղլեան, իսկ արաբերէնով՝ ԺԲ․ կարգի աշակերտուհի Նատին Զատիկեան:

Պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրը ունէր երկու բաժին՝ հայկական եւ արաբական: Յայտագիրը սկիզբ առաւ Թ․ կարգի աշակերտներուն արաբական պարով, որուն յաջորդեց ԺԲ․ կարգի աշակերտներուն արաբերէն տպաւորիչ ասմունքը: Ապա զոյգ կարգերու աշակերտները շարունակեցին հանդիսութիւնը արաբերէն երգով։

Յայտագիրը շարունակուեցաւ Թ․ կարգի աշակերտ Ճօ Զատիկեանի մասնակցութեամբ՝ կիթառի նուագով, որուն յաջորդեցին Թ․ կարգի աշակերտուհիները՝ հայկական ճոխ պարով։
Այնուհետեւ Թ․ կարգի աշակերտներէն Յակոբ Խոշաֆեան ասմունքեց Յովհաննէս Շիրազի «Նոյի Ագռաւներ» քերթուածը , խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին հայ բանաստեղծներէն համադրուած քերթուածներ՝ երաժշտական կատարումներով ու հրապուրիչ երգերով, գեղ. ղեկավարութեամբ Մարգարիտ Խաչատրեան Պանտաքի։

Շրջանաւարտ աշակերտները բեմ բարձրացան եւ արաբերէնով, անգլերէնով ու ֆրանսերէնով արտասանեցին իրենց սրտի խօսքերը։

Օրուան հանդիսավարը հրաւիրեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Սուրիոյ Հիւսիսային շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ Աւետիս Խոշաֆեանը իր սրտի խօսքը արտասանելու: Խոշաֆեան խօսքը շրջանաւարտներուն ուղղելով ըսաւ. «Դուք կը պատրաստուիք անցնելու ձեր ուսումնական կեանքի յաջորդ փուլին: Մէկ մասդ պիտի բարձրանայ երկրորդական դասարաններ, միւս մասդ հրաժեշտ պիտի տայ դպրոցին եւ անցնի համալսարական կեանքի: Երկար տարիներէ ի վեր սփիւռքի հայկական կառոյցները կը դիմագրաւեն ամէն տեսակի դժուարութիւններ: Սուրիոյ տարածքին յետ-պատերազմեան շրջանին աշակերտութեան թիւի նկատելի նուազում արձանագրուեցաւ, սակայն Կիլիկեան Ճեմարանի մարտահրաւէներէն մին է ու պիտի շարունակէ ըլլալ պահպանել հայկական կրթօճախը»։
Ապա ան հանդիսականներուն յայտնեց, որ տարուէ տարի վարժարանը ուսումնական մեծ յաջողութիւններ կ’արձանագրէ. «Ինչ կը վերաբերի 2022-2023 տարեշրջանին, անսպասելի հարուածը 6 Փետրուարի աղէտալի երկրաշարժն էր, որուն պատճառաւ վատթարացաւ երկրին իրավիճակը, ընկերատնտեսական ճգնաժամը անգամ մը եւս փորձեց սպառնալ սուրիահայութեան, սակայն մեր անկոտրում կամքը ամենամեծ ապացոյցն էր դարձեալ ոտքի կանգնելու եւ ըլլալու աւելի հզօր»։
Ան այս տասրեշրջանին անդրադառնալով՝ ըսաւ, որ այդքան ալ դիւրին չէր. աղէտալի երկրաշարժէն տուժելով անապահով օրերու ընթացքին Կիլիկեան Ճեմարանի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը ամէն ճիգ ի գործ դրին, շնորհիւ գիտակից ու հեռատես տնօրինումի, եւ կարճ դադարէ մը ետք կարողացան ետ բանալ վարժարանին դռները եւ չիրականացած դասապահերը վերստին կեանքի կոչել: Դպրոցական տարեշրջան բոլորելը նման աշխատանքի արդիւնքն էր։ «Մենք այս տարեշրջանը բոլորելով ապացուցեցինք մեր ներկայութիւնը. հոգաբարձութիւնը մեր մնայուն բարերարներուն եւ Ամերիկայի Կիլիկեան բարեգործական միութեան վարչութեան աջակցութեամբ կրցաւ ապահով եւ անփորձանք պահել մեր աշակերտները: Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան աշխարհասփիւռ շրջաններէն ստացանք օժանդակութիւններ եւ այսպէս կը գոյատեւէ Կիլիկեան Ճեմարանը կանգուն մնալով ի դէմ զանազան մարտահրաւէրներու»։
Խոշաֆեան եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ. «Կիլիկեանցի շրջանաւարտներ, ես ալ ձեր նման այս կրթական հաստատութիւնը աւարտեցի: Դպրոց մը, ուր ստացանք ազգային հայրենասիրական դասիարակութիւն եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան անշեղ սկզբունքներուն մեր գալած ուղիով մենք կարողացանք պահպանել հայ գաղութը եւ մեր վրայ վստահուած գործը եւ ծառայութիւնը կատարել անշահախնդրօրէն։ Տարիներ շարունակ այս կրթական հաստատութիւնը կազմաւորեց ձեր հոգին, լուսաւորեց ձեր միտքը, ձեզ պատրաստելով որպէս ապագայի հայրենասէր քաղաքացիներ: Այսուհետեւ ձեր յաջորդող օրերը, ձեր ուսումնական ճանապարհը այնքան ալ դիւրին կրնան չըլլալ, պիտի հանդիպիք զանազան խոչընդոտներու եւ դժուարութիւններու, սակայն կառչած մնալով ձեր դաստիարակութեան, ձեր ունեցած հաւատքին ու կամքին եւ ձեր տքնաջան աշխատանքին պիտի ըլլաք պարծանքը հայ ազգին եւ սուրիական մեր հայրենիքին»։
Իր խօսքի աւարտին, ատենապետը իր խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց Կիլիկեան Ճեմարանի հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան: Ան կրկին շնորհաւորեց շրջանաւարտները, մաղթելով անոնց արժանանալ աւելի բարձր վկայականներու եւ միշտ յիշել իրենց սիրելի Կիլիկեան Ճեմարանը։
Ապա Կիլիկեան Ճեմարանի նորանշանակ տնօրէնուհի Արփի Շէօհմէլեան հրաւիրուեցաւ փոխանցելու տնօրէնութեան խօսքը։

Շէօհմէլեան ըսաւ. «Հազարաւոր շրջանաւարտներ տուած վաղեմի Կիլիկեան Ճեմարանը այս տարի եւս գիտութեան անմար ջահը կու տայ 2023 տարեշրջանի հունձքին: Կիլիկեան Ճեմարանը իր փառաւոր անցեալով եղած է ու կը մնայ լուսատու փարոս մը գիտութեան եւ անառիկ ամրոց ազգապահպանումի, որուն ընտիր հունձքը միշտ օրինակելի պատանիներ եւ երիտասարդներ են»: Ան բարձր դրուատեց Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութեան Սուրիոյ Հիւսիսային Շրջանի Վարիչ Մարմինին եւ մեր ազգասէր բարերարներու գործնական ներդրումը ի շահ Կիլիկեանի Ճեմարանին:

Շէօհմէլեան իր խօսքի աւարտին մասնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կը սատարեն Կիլիկեան Ճեմարանի առաքելութեան գոյատեւման, միաժամանակ ջերմագին շնորհակալութիւններու եւ երախտագիտական արտայայտութիւններ յայտնեց վարժարանիս ծրագիրներուն սատարող բարեսիրական հաստատութիւններուն։
Ապա տնօրէնուհին բեմ հրաւիրեց վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Յովիկ Պոյաճեանը, որպէսզի կատարուի պարգեւատրում Կիլիկեան Ճեմարանի երբեմնի տնօրէն Յովհաննես Չուլճեանի, ինչպէս նաեւ երկարամեայ հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Վարդուկ Չաթալպաշեանի։

Չաթալպաշեան իր յուզումնախառն զգացումները յայտնեց 102 տարեկան այս հսկայական հաստատութեան մասին։
Հրաւիրուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որուն ձեռամբ կատարուեցաւ Կիլիկեան Ճեմարանի 2022-2023 տարեշրջանի վկայականներու եւ մրցանակներու բաշխումը: Հայերէն լեզուի առաջնակարգ աշակերտները գնահատուեցան վարժարանիս ամավերջի հանդէսին։
Է․ կարգէն առաջին հանդիսացաւ Արամ Մպայէտ, երկրորդ՝ Անդօ Ճորճ Այվազեան, երրորդ՝ Շիրազ Խոշաֆեան։
Ը․ կարգէն առաջին հանդիսացաւ Դուին Փոքրաւորեան։
Թ․ կարգէն առաջին հանդիսացաւ Լիլիթ Էօրտէկեան, երկրորդ՝ Աննա Մարիա Նազարէթ, երրորդ՝ Յակոբ Խոշաֆեան, չորրորդ՝ Նուշիկ Պէքէրեճեան։
Ժ․ կարգէն առաջին հանդիսացաւ Ցօղիկ Փոքրաւորեան։
ԺԱ․ կարգէն առաջին հանդիսացաւ գերազանց արդիւնքով Աննա Մարիա Խոշաֆեան, երկրորդ՝ Սարգիս Աւէտեան։

Խորհրդաւոր էր աւանդութիւն դարձած բանալիի տուչութիւնը: ԺԲ․ կարգի աշակերտ Գէորգ Բանօղլեանի ձեռքով մանկապարտէզի փոքրիկներուն տրուեցաւ Կիլիկեանի խորհրդանիշ բանալին։
Կիլիկեան Ճեմարանի 2022-2023 տարեշրջանի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հօր գնահատական եւ շնորհաւորական պատգամով: Սրբազան հայրը ըսաւ. «Ինչպէս ձեզի, նոյնպէս ինծի համար ուրախութեան, ցնծութեան, հպարտութեան եւ պարծանքի պահ մըն է այսօր, երբ կը տեսնենք մեր սիրելի զաւակներուն յաջողութիւնը, ձեռքբերումը եւ նուաճումը տարիներու ընթացքին: Ահաւասիկ այսօր հպարտութեամբ ձեր առջեւ կանգնած, վկայականները իրենց ձեռքին, անոնք կու գան ապացոյցը հանդիսանալու, որ իսկապէս երբ կ’աշխատիս՝ կ’արդիւնաւորուիս, երբ կը հաւատաս՝ անպայման կը հասնիս, եւ երբ անկոտրում կամքով կը պայքարիս՝ անպայման կը յաղթանակես»: Իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը մատնանշեց, որ դպրոցը եկեղեցւոյ կողքին եղած է ամենակարեւոր կռուաններէն մէկը, այնուհետեւ քաջալերեց եւ շնորհաւորեց շրջանաւարտներն ու անոնց ծնողները, կրթական հաստատութեան բոլոր պատասխանատուները:

հանդիսութիւնը փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։

Հանդէսէն ետք, Կիլիկեան Ճեմարանի հոգաբարձութիւնը, ուսուցիչները, շրջանաւարտներն ու ծնողները միասնաբար հաւաքուեցան մտերմիկ ընթրիքի մը շուրջ: