Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Կրթական Խորհուրդին, վարժարանիս 100-ամեայ երթին նուիրուած միջնակարգի եւ երկրորդական կարգերու Նուիրման պաշտամունքը տեղի ունեցաւ 11 Յուլիս 2023-ին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ մէջ:

Նուիրման պաշտամունքին իրենց ներկայութիւնը բերած էին դոկտ. Մարալ Սարգիս (փոխնախագահ Հալէպի պետական համալսարանի) եւ Հալէպի սեփական դպրոցներու ընդհանուր պատասխանատու Նուր Շամիէ, վարժարանիս պետական տնօրէն Ատնան Մուսթաֆա, համայնքի մարմիններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր: Նուիրման պաշտամունքը սկիզբ առաւ համայնքապետ վերապատուելիին, տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին եւ աշակերտներուն հանդիսաւոր մուտքով:

Պաշտամունքը սկսաւ պատուելի Ասատուր Մնչէրեանի պաշտամունքի կոչով, ապա շարունակուեցաւ պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեանի փառաբանութեան աղօթքով եւ փառաբանման երգով: Վերապատուելի համայնքապետը բարեբաստիկ օրուան խորհուրդն ու պատգամը արտայայտող խօսքին մէջ ուրախութեամբ յիշատակեց Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական վարժարանի հիմնադրութեան 100-ամեակն ու շրջանաւարտներու հանդիսութեան ուրախ առիթը:

Վերապատուելին իր խօսքին մէջ վեր առաւ հայ դպրոցին ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը մեր հայկական իրականութեան մէջ ըսելով.«Սիրելինե՛ր, այսօր օրհնեալ եւ յատկանշական օր է, որովհետեւ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական վարժարանը իր 100-ամեակը կը տօնակատարէ։

100 երկար տարիներ, մէկ դար ամբողջութեամբ հայկական սոյն կաճառը վկայութեան փարոս մը դարձաւ հալէպահայութեան ողջ կեանքին մէջ, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն, երբ հայ ժողովուրդը ոտաբոպիկ մինչեւ սուրիական անապատներ հասաւ: Ան առաջին հերթին որոշեց հիմնել եկեղեցի, որուն կողքին վարժարան, եւ ապա՝ իր սեփական բնակարանները։

Հետեւաբար, կրթական հաստասութիւնը անհրաժեշտութիւն սեպող եւ անոր բովէն անցնող սերունդը ինք իր մէջ ունի աստուածային շնորհք եւ խոստումներ»։

Վերապատուելին անդրադարձաւ անհատներու կեանքին մէջ գիտութեան կարեւորութեան, աստուածային առաջնորդութեամբ եւ իմաստութեամբ ջամբուած ուղիին եւ անոր բերած նպաստին՝ մարդակերտումի համար:
Այնուհետեւ իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն ըսաւ.«Սիրելի՛ շրջանաւարտներ, գիտութիւնը որոնելու ուղին միահամուռ Աստուծոյ իմաստութեամբ թող զուգորդուի: Սիրեցէ՛ք խրատը, որովհետեւ եթէ խրատը սիրէք, գիտութիւնը սիրած կ’ըլլաք»։

Սոյն Նուիրման պաշտամունքին շրջանաւարտներ ելոյթ ունեցան: Իրենց վարժարանին հանդէպ երախտագիտական եւ հրաժեշտի խօսքեր արտասանեցին ԺԲ. կարգի աշակերտներէն Կարէն Գապայեան (հայերէն), Նայա Ապտ ուլ -Մասիհ (անգլերէն): Անոնք շեշտեցին ուսումնատենչ ու ջանասէր ըլլալու կարեւորութիւնը, ապա շնորհակալական խօսք ուղղեցին բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան իրենց, որպէսզի առանց խոչընդոտներու հարթեն ուսման ճանապարհը:

Վարժարանիս 100-ամեայ երթին նուիրուած աշակերտութեան ուխտը փոխանցեց ԺԲ. կարգէն Նայա ալ-Ահմար: Գեղարուեստական յայտագիրին մէջ նուագով իրենց բաժինը բերին Թ. կարգէն Արգինա Շէօհմէլեան (ջութակ), ԺԲ. կարգէն Զօհրապ Միւրէգեան (թաւ ջութակ), մեկնաբանելով Կոմիտասէն «Քելէ Քելէ» եւ «Հոյ Նազան» կտորները:
Նուիրման պաշտամունքը իր աւարտին հասաւ «Տէրունական Աղօթք»ի երգեցողութեամբ եւ համայնքապետ վերապատուելիին օրհնութեան աղօթքով:

Յետ պաշտամունքին Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ 9-րդ եւ 12-րդ կարգերու վարժարանի 100-ամեայ յոբելեանին նուիրուած շրջանաւարտից հանդիսութիւնը:
Հանդիսութինը սկսաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով:

Բացման խօսքով հանդէս եկան ԺԲ.կարգէն Նազօ Քիւփւլեան հայերէնով եւ Նատիա Թումա արաբերէնով:
Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական փարժարանի 100-ամեակին առիթով շրջանաւարտ դոկտ. Մարալ Սարգիս սերունդէ սերունդ շարունակուող վարժարանիս գիտութեան անմար ջահը փոխանցեց ներկայ սերունդի ներկայացուցիչներուն:

Հիմնադրութեան օրէն այսօր 100-ամեայ երթի պատմականը հայերէնով եւ արաբերէնով ներկայացուցին խումբ մը աշակերտներ, որուն զուգահեռ ցուցադրուեցան վաւերագրական նկարներ:

Ապա ելոյթ ունեցաւ աշակերտական երգչախումբը գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Թամար Սողոյեանի՝ ներկայացնելով «Երգ Գոհաբանութեան» (խօսք՝ Հանգուցեալ Վեր. Պարգեւ Աբարդեանի, երժշտ.՝ Շողակաթ Աբարդեան-Սելիմեանի) եւ այս առիթով յատուկ յօրինուած «Հարիւր Տարի» երգը (խօսք՝ Տիրուկ Մարգարեանի, երժշտ.՝ Շողակաթ Աբարդեան-Սելիմեանի) երգերը:

Անգլերէնով Թ. կարգէն խումբ մը աշակերտներ վարժարանին խորհրդանիշի մասերը ներկայացուցին:
Արտասանուող խօսքերուն զուգահեռ խումբ մը աշակերտներ՝ Սթեֆանի Ալնահի (դաշնամուր), Արգինա Շէօհմէլեան (ջութակ), Զոհրապ Միւրէգեան (թաւ ջութակ), Շաֆիք Քարմօ (կիթառ) մեկնաբանեցին հայ եւ օտար երաժշտական կտորներէն: Արաբերէն բաժինով խումբ մը աշակերտներ սուրիական հայրենիքին նուիրուած խօսքեր եւ քերթուածներ արտասանեցին: Ապա ելոյթը շարունակուեցաւ աշակերտներուն ներկայացուցած հայկական եւ արաբական պարերով: Ֆրանսերէն բաժինին մէջ աշակերտները ներկայացուցին ապագայի նկատմամբ իրենց երազանքներն ու փափաքները, որմէ ետք գրի առնուած թղթիկները համայնքապետ վերապատուելիին առաջնորդութեամբ փուչիկներու մէջ զետեղելով դէպի երկինք ցրուեցին:

Տնօրէնութեան խօսքը արտասանեց Արուսեակ Տէր Արթինեան: Տիկ. Տէր Արթինեան ներկայացուց 2022-2023 տարեշրջանի ուսումնական բեղուն ընթացքը, դպրոցին ձեռքբերումներն ու մարտահրաւէրները: Ապա շնորհաւորեց շրջանաւարտներն ու իրենց ծնողները վկայականաց բաշխումի ուրախ առիթով:

Յետ գեղարուեստական բաժինին, շրջանաւարտները բեմ բարձրացան համայնքապետ վերապատուելիին եւ տնօրէնութեան ձեռամբ ստանալու իրենց վկայականները: Առաջնակարգ ու գերազանց ըլլալը Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական վարժարանի հիմնական, կարեւորագոյն եւ կորիզային պայմաններէն կը համարուին:Ապա տեղի ունեցաւ միջնակարգ եւ երկրորդական իւրաքանչիւր կարգի եւ հայերէնի գերազանց աշակերտներու պարգեւատրումը: Յայտարարուեցաւ 2022-2023 տարեշրջանի Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկին կողմէ քառամեայ կրթանպաստ ստացող աշակերտին անունը, որուն արժանացաւ ԺԲ. Կարգէն Զօհրապ Միւրէգեան:

Օրուան բեմավարներն էին հայերէն մատուցումով Նաթալի Մուտարիկեան, իսկ արաբերէնով Մարիլէն Սայէղ:
Այս ուրախալի առիթով իր շնորհաւորական գիրը յղած էր ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Խորհրդական հիւպատոս Բաբգէն Պատալեան:

Աւարտին, Համայնքապետ Սելիմեան իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն:
Ան փառք տալով Աստուծոյ վեր առաւ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական վարժարանի 100-ամեայ նուաճումները, որոնց շնորհիւ հալէպահայ գաղութին մէջ կարեւոր ներկայութիւն եղաւ ու կը շարունակէ ըլլալ: Վերապատուելին լուսարձակի տակ առաւ գիտութեան կարեւորութիւնը եւ ըսաւ.«Գիտութիւնը եւ քաղաքակրթութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրին համար մեծագոյն մարտահրաւէրն է այսօր: Աշխարհը յարափոփոխ չափանիշներով կ’ընթանայ, յատկապէս ծառացող դժուարութիւններուն ընդառաջ:

Այսօր քրիստոնէական մեր հաւատքը ամենակարեւոր իրականութիւնն է, որ մեզի կը ներշնչէ վաղուան յոյսը»։ Ապա շնորհաւորեց վարժարանի 100-ամեայ յոբելեանը, յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղեց տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ ծնողներուն.«Սիրելինե՛ր, սոյն վարժարանին համար 100 տարին ո՛չ միայն յոբելինական տարի է, ուրախութիւն եւ պարծանք ապրելու առիթ է, այլ մեր անձերը, հաստատութենականութիւնը եւ հայկական իրականութիւնը վերանայումի եւ վերարժեւորումի ենթարկելու արդար հանդիպում է։

Մենք պիտի յիշենք մեր անցեալը, եւ իրատեսօրէն պիտի դիտենք ու արժեւորենք եւ ընդունինք ներկան ու այսօրուան մարտահրաւէրները:

Այս գործընթացքը լուրջ է եւ կ’ենթադրէ հաւատք, հեռատեսութիւն, իրատեսութիւն եւ Աստուածային օրհնութիւն»։
Այնուհետեւ աւելցուց․ «Թող Աստուած բեղմնաւորէ Հայ Աւետ. Բեթէլ Երկրորդական վարժարանի ծառայութեան գործունէութիւնները, ընդարձակէ եւ առաջնորդէ անոր բոլոր քայլերը»:

Վերապատուելին այս առիթով իր երախտագիտական խօսքը ուղղեց երկրիս վսեմաշուք նախագահին դոկտ. Պաշշար Ալ Ասատին, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան: Այս պատեհ առիթով Համայնքապետ Վերապատուելին Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Կրթական Խորհուրդի յուշանուէրով գնահատեց վարժարանի տնօրէնուհի Արուսեակ Տէր Արթինեան-Հալլաճեանը եւ զայն յայտարարեց որպէս դպրոցի արտօնատէրի ներկայացուցիչ, իսկ նոր տնօրէնուհի նշանակուեցաւ Լուսին Ապաճեան- ՉիլԱբօշեան:

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ վերապատուելիին աղօթքով եւ առաքելական օրհնութեամբ:

Լուսիկ Էմիրխանեան