Արցախի Հանրապետութեան ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանը հրաժարական տուած է:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդումով` այս մասին կը յայտնեն Արցախի ազգային ժողովէն:
«Ղեկավարուելով «ազգային ժողովի կ’անոնակարգ» օրէնքի 130-րդ յօդուածի 1-ին մասի 2-րդ կէտով` իմ հրաժարականը կÿու տամ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնէն», յայտարարած է Թովմասեան:
Հրաժարականի մտադրութեան մասին Թովմասեան յայտնած էր 28 Յուլիսին: Նոյն օրը Արթուր Թովմասեան Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին ներկայացուցած էր պաշտօնէն իր հրաժարականին պատճառները: