ԵԱՀԿ-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Արմէն Պապիկեան 27 Յուլիսին տեղի ունեցած ԵԱՀԿ մշտական խորհուրդի նիստի ընթացքին հանդէս եկած է ելոյթով՝ մասնակից պետութիւններու առաքելութիւններու ղեկավարներուն եւ ներկայացուցիչներուն ուշադրութիւնը հրաւիրելով Ատրպէյճանի կողմէն շուրջ 8 ամիս շարունակ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետևանքով Արցախի մէջ արագօր՝ն վատթարացող մարդկային ճգնաժամին եւ վերջին զարգացումներուն վրայ։
Դեսպան Պապիկեան ընդգծած է, որ 15 Յունիսէն շարունակուող Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջական շրջափակումը՝ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջոցով մարդասիրական մատակարարումներու խափանումը, յանգեցուցած են սնունդի, դեղորայքի, վառելիքի եւ շտապ օգնութեան այլ ապրանքներու սուր պակասի, որուն հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած է մարդասիրական աղէտալի իրավիճակ։

ՀՀ առաքելութեան ղեկավարը շեշտած է Արցախի 120 000 ժողովուրդի անհատական եւ խմբային հիմնարար իրաւունքներու համատարած խախտումներուն առնչուած ԵԱՀԿ եւ անոր գործադիր կառոյցներու կողմէն համապատասխան անհրաժեշտ քայլերու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան կողմէն Ատրպէյճանի եւ անոր իշխանութիւններուն նկատմամբ պատժամիջոցներու կիրառման անհրաժեշտութիւնը՝ ստիպելու կատարել Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումներով սահմանուած համաձայնութիւնները։

Դեսպանը շեշտած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայ ժողովուրդի իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պէտք է հրատապօրէն հասցեագրուին՝ միջազգային ձեւաչափով՝ միջազգային ներգրաւուածութեան եւ յստակ երաշխիքներու ապահովումով։