Միջազգային Կարմիր Խաչի Կոմիտէն (ՄԿԽԿ) հաղորդագրութիւն հրապարակած է շաբաթ օր Բերձորի միջանցքին մէջ տեղադրուած ատրպէյճանական անցակէտին մէջ Արցախի 68-ամեայ բնակիչ Վագիֆ Խաչատրեանի առեւանգման մասին:
Առանց մանրամասնութիւններ յայտնելու` միջազգային կազմակերպութիւնը միայն կը տեղեկացնէ, որ Բերձորի միջանցքով 15 հիւանդ տեղափոխելու ընթացքին անոնցմէ մէկը «ձերբակալուած է»:
Միջազգային Կարմիր Խաչի Կոմիտէն չի բացատրեր, թէ որո՛նք, ի՛նչ հիմնաւորումով եւ ինչպէ՛ս «ձերբակալած» են բժշկական դարմանումի կարօտ Խաչատրեանը:
Յայտնելով, որ Դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր միջազգայնօրէն ճանչցուած մարդասիրական լիազօրութեան շրջագիծին մէջ Բերձորի միջանցքով շուրջ 680 հիւանդներ տեղափոխուած են, կազմակերպութիւնը կը յայտարարէ. «Մենք կ՛աշխատինք թափանցիկ, կը համակարգենք կողմերուն հետ եւ կը գործենք միայն անոնց համաձայնութեամբ: Այսօր այդպէս էր»:
Միջազգային Կարմիր Խաչի Կոմիտէն կը հաւաստէ, որ իր ներկայացուցիչները «կարելի եղածին չափ շուտ պիտի այցելեն կալանաւորուած հիւանդին եւ կապի մէջ են անոր ընտանիքին հետ»:
Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, ներկայացնելով Բերձորի միջանցքին մէջ տեղի ունեցած միջադէպին մանրամասնութիւնները, հետեւեալը պատմած է. «ՎագիՖ Խաչատրեանին եւ Կարմիր խաչի Միջազգային Կազմակերպութեան Ստեփանակերտի գրասենեակի օտարազգի ներկայացուցիչին նստեցուցած են «Նիվա» մակնիշի ինքնաշարժին մէջ, որ ուղեւորուած է դէպի Հակարիի կամուրջի ներքեւի հատուած: Շուրջ 10 վայրկեան ետք «Շեւրոլէ» մակնիշի ինքնաշարժով Միջազգային Կարմիր Խաչի Կազմակերպութեան ներկայացուցիչը վերադարձած է «անցակէտ», իսկ Վագիֆ Խաչատրեանը տարուած է անյայտ ուղղութեամբ: Ըստ վկայութեան, ատրպէյճանցիները Միջազգային Կարմիր Խաչի Կոմիտէի ներկայացուցիչին հրելով դուրս հանած են ինքնաշարժէն»:
Ստեփանեան յայտնած է, որ ՄԿԽԿ-ն կը կրէ Բերձորի միջանցքով հիւանդներու անվտանգ տեղափոխման պատասխանատուութիւնը, եւ կառոյցէն պահանջած է «իրաւական գնահատական տալ ատրպէյճանական այս յանցագործութեան, ձեռնարկել ԿԽՄԿ-ի լիազօրութենէն բխող բոլոր գործողութիւնները` ՎագիՖ Խաչատրեանը Արցախ վերադարձնելու համար»:
68-ամեայ տղամարդու առեւանգման մասին ահազանգեցին Արցախի պետական նախարարն ու Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը: Այդ յայտարարութիւններէն ժամեր ետք Պաքուն հաղորդեց, որ ատրպէյճանցի իրաւապահները ձերբակալած եւ Պաքու տեղափոխած են Հայաստան բուժման համար գացող տղամարդը: Ատրպէյճանի ընդհանուր դատախազութիւնը յայտարարած է, որ «անոր մեղադրանք առաջադրուած է» 2013-ին, զայն կալանաւորելու որոշումը տրուած է, իսկ նոյն թուականին «միջազգային հետախուզում յայտարարուած է»:
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Անահիտ Մանասեան յայտարարած է, թէ ՎագիՖ Խաչատրեանի նկատմամբ միջազգային հետախուզում գոյութիւն չունի: Ըստ անոր, քաղաքացիի իրաւունքներուն ոչ իրաւաչափ միջամտութիւնը տեղի կ՛ունենայ միջազգային-իրաւական երաշխիքներու եւ չափանիշներու խախտումով:
Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան կը յայտնէ, որ Խաչատրեանի իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ դիմում ներկայացուած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան:
Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ հայկական կողմի «պնդումները անհիմն են», եւ Հայաստանը մեղադրեց «շահագործումներ» կատարելու յանցանքով: