Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութիւնը ատրպէյճանցիներու կողմէն առեւանգուած արցախցի Վագիֆ Խաչատրեանի առեւանգումի փաստին առիթով նամակներ յղած է Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին, ինչպես նաեւ ՀՀ Ազգային Ժողովի միջխորհրդարանական յանձնաժողովներուն եւ միջազգային խորհրդարանական կազմակերպութիւններուն։

Խմբակցութեան անունով ուղղուած նամակին մէջ, դատապարտելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումը եւ մարդկութեան հիմնարար սկզբունքներու բացայայտ անտեսումը, նշուած է, որ նման արարքը ոչ միայն կ’ոտնահարէ անմեղ մարդու իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը, այլեւ կը խաթարէ Միջազգային Կարմիր Խաչի կողմէն մարդասիրական գործողութիւններուն օժանդակելու ջանքերը։ Ակնյայտ է, որ այս արարքը ուղղուած է ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան շրջանի մէջ յուսահատութեան տարածման, այլեւ Կարմիր Խաչի համբաւը արատաւորելու եւ կարեւոր մարդասիրական առաքելութեան իրականացման խոչընդոտումի։

Խմբակցութիւնը կոչ կ’ուղղէ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին անյապաղ եւ վճռական քայլեր ձեռնարկել՝ ապահովելու Վագիֆ Խաչատրեանի անվտանգ եւ արագ վերադարձը իր ընտանիք եւ պատասխանատուութեան ենթարկել անոր առեւանգումի պատասխանատուները՝ համաձայն միջազգային իրաւունքի։

«Հայաստան» խմբակցութիւնը նաեւ կը յորդորէ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին բազմապատկել իր ջանքերը՝ կանխելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդկային իրավիճակի հետագայ վատթարացումը եւ տարածաշրջանի մէջ մարդասիրական իրաւունքի ոտնահարման դէպքերը։