Սուրիոյ վարչապետ Հուսէյն Արնուս կառավարութեան նիստին ընթացքին կոչ ուղղեց նախարարութիւններուն՝ 2023-ի պետութեան հաշուեկշիռի ներդրումային ծրագիրներու առաջնահերթութիւնները վերադասաւորել եւ նախընտրութիւնը տալ այն ծրագիրներուն, որոնք ուղղակի եւ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան ծառայողական իրավիճակի բարելաւման վրայ։ Վարչապետը կարգ մը նախարարներուն յանձնարարեց Հասիչէ այցելել եւ մօտէն քննել նահանգին ծառայողական իրավիճակը, յատկապէս թրքական եւ ամերիկեան ուժերուն իրագործած անմարդկային արարքներուն լոյսին տակ, յայտնելով, որ պետութիւնը նախանձախնդիր է նահանգին կարիքները հոգալու։