«Fermo» Անտառային հրդեհներու հսկողութեան հարթակը հաղորդեց, որ ափամերձ լեռներու արեւելեան լանջերուն վրայ հրդեհ բռնկելու վտանգը բարձր պիտի ըլլայ յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին, որովհետեւ բնութեան պայմանները, բարձր ջերմաստիճանը եւ ջորացումը կը բարձրացնեն  վտանգին տոկոսը։

Հարթակը կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն իրեն յատկացուած հետեւեալ անվճառ թիւերուն հեռաձայնել հրդեհ բռնկելու պարագային՝ 188 եւ 113։