Ատրպէյճանի պետական սահմանապահ ծառայութեան զինուորական ծառայողները, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, Երկուշաբթի, 1 Օգոստոսին, «բերման ենթարկած են Հայաստանի քաղաքացի, 1962-ի ծնունդ Արամայիս Ռաշիտի Բեգլարեանը»:
Ըստ Պաքուի, քաղաքացին «խախտած է» ատրպէյճանական-հայկական պետական սահմանը Բերձորի շրջանի Աղաւնոյ (Զապուխ) գիւղի տարածքով անցնող հատուածին մէջ:
Հայկական կողմը աւելի ուշ հաղորդագրութիւն տարածեց` յայտնելով, որ ան 2020-ի պատերազմին պատճառով տեղահանուած է Շուշի քաղաքէն, իսկ վերջին օրերուն կը գտնուէր Շուշիի շրջանի Հին շէն գիւղը:
«Ըստ նախնական տեղեկութիւններու, մոլորուելու պատճառով ան ինկած է ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ», կը յայտնէ Արցախի տեղեկատուական շտապը: